İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՃԵՄ ԷՕԶԷՐԻ ԵՒ ԼԵՏԱ ՊՈՅԱՃԸԻ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Գրող Լետա Պոյաճըի գիրքերը կը շարունակեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ան ցայսօր հեղինակած երկու գործերով արդէն ունի համակիրներու անանտեսելի շրջանակ մը։ Լետա Պոյաճը շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ հեռուստածրագրերու յայտնի հեղինակ Ճեմ Էօզէրի հետ։ Ընկերային ցանցերու վրայ անոնք շուրջ չորս տարիէ ի վեր կապ ունէին իրարու հետ ու որոշած են այդ յարաբերութիւնը ուղղակի ծանօթութեան մը վերածել։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցած հանդիպման ընթացքին Լետա Պոյաճը Ճեմ Էօզէրին նուիրած է մակագրուած գիրքերը։ Ճեմ Էօզէրն ալ պատմած է իր մօր՝ Արշալոյս Իչլիթոփի եւ Գնալը կղզիի մէջ անցած վաղ երիտասարդութեան տարիներուն մասին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/11-10-2021-ճեմ-էօզէրի-եւ-լետա-պոյաճըի-ջերմ-հանդիպումը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın