ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՈՒՂԵՐՁԸ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Սէնթ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած համաժողովը, 7 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, շարունակուեցաւ խտացեալ օրակարգով։ «Լա Նուվոլա» համագումարներու կեդրոնի յարկէն ներս տեղի ունեցած աշխատանքները կեդրոնացան չորս կարեւոր նիւթերու վրայ։
Համաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, որ «Հորիզոնի ընդլայնում. միւսներու նորովի գիւտը» խորագրեալ ֆորումի նիստին որպէս ատենախօս իր ելոյթը ունեցաւ։ Բանախօսութիւններուն հետեւեցան նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մաս կազմող բարձրաստիճան հոգեւորականները։
Սէնթ Էճիտիօ համայնքէն Հայր Մարքօ Կնիանիին վարած նիստի ընթացքին բացի Վեհափառ Հայրապետէն, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ամերիկահայ գիտնական, «Moderna» պիօփորձագիտական ամերիկեան ընկերութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքերուն մէջ նախ ողջունեց համաժողովի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները, ըսելով. «Առ Աստուած գոհունակութեամբ կ՚ողջունենք Սուրբ Էճիտիօ համայնքի կազմակերպած միջկրօնական ու միջմշակութային երկխօսութեան հերթական համաժողովը։ Մեր օրհնութիւնն ու գնահատանքը կը բերենք կազմակերպիչներուն ու նախաձեռնողներուն։ Անոնց ազնիւ ջանքերով այսօր հնարաւորութիւն ունեցած ենք՝ կրկին համախմբուելու եւ կիսելու տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու փոխճանաչողութեան ու փոխըմբռնման մասին մեր մտահոգութիւններն ու ընկալումները»։
Նորին Սրբութիւնը, յաջորդաբար անդրադարձաւ հայութեան արդի մարտահրաւէրներուն եւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց ներկայ իրավիճակը։ Համամարդկային արժէքներու վրայ հիմնուելով, յետ պատերազմեան շրջանի մասին իր ելոյթը ունեցաւ եւ ներկայացուց Հայաստանէ ներս տիրող իրավիճակը եւ պատերազմի հետ առընչուած ժխտական իրավիճակները։
Այս ուղղութեամբ ունկնդիրներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ՝ համընդհանուր գործակցութեան ու ջանքերու կարիքը կը զգացուի՝ բարեկարգելու համար մեր ընդհանուր տունը՝ Երկիր մոլորակը։
Իր խօսքերը եզրափակեց հետեւեալ ձեւով.«Մենք կ՚աղօթենք, որ բացուին բոլոր մարդկանց սիրտերն ու միտքերը՝ մարդկութեան կեանքի նորոգման համար մարդը վերահաստատելով Աստուծոյ արարչակից ըլլալու իր ճշմարիտ կոչման ու նպատակի մէջ։ Թող Աստուած ունկնդիր ըլլայ մեր աղօթքին, զօրացնէ մեզ մեր առաքելութեան մէջ եւ օրհնէ բոլոր ազնիւ ջանքերը յանուն խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու համերաշխութեան»։
ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Համաժողովի նիստերէն յետոյ, ժամը 16.30-ին, Ն.Ս.Տ. Ֆրանչիսկոս Ա. Քահանայապետի, Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ պատմական «Քոլոսէում»ին շուրջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն։ Երկու փուլերէ բաղկացեալ արարողութեան առաջին բաժինը միջեկեղեցական, իսկ երկրորդը միջկրօնական բնոյթ ունէր։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եւս, որպէս պատուոյ հիւրերէն մին հետեւեցաւ այս եզակի ու խորհրդաշատ արարողութեան։ Բացի Մեր Հոգեւոր Պետէն, արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մաս կազմող բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Հրաւիրեալներու շարքին կը գտնուէին նաեւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքել, քոյր եկեղեցիներէ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, միջեկեղեցական դէմքեր, ինչպէս նաեւ հայազգի աշխարհականներ։
Սէնթ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքը, Հայ Եկեղեցւոյ տեսակէտէ եւս խորհրդանշական իմաստներ ունէր։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը, որպէս Հայ Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Հայրապետ, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդ Բարթողիմէոս Պատրիարքի հետ միատեղ մուտք գործեց հանդիսավայրը։ Երեք եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու միասնական մուտքը մեծապէս ոգեւորեց ներկայ հրաւիրեալները։
Իսկ միւս կողմէ, արարողութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ մօտ յատուկ նշանակութիւն կը զգենուր, քանի Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ իր պատգամով եւ իր խօսքը ուղղեց ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին։
«Մենք կու գանք երկրէ մը, ուր Ամենակալի նախախնամութեան ձեռքով պատմութեան ընթացքին ամէն քարի տակ ու աւազահատիկի մէջ խտացած է քրիստոնէական վկայութիւնը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ խաղաղութեան գաղաբափարին վրայ շեշտ դնելով շարունակեց իր պատգամին։
Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, որ Տէր Յիսուս խաղաղութեան իր պատգամը աշակերտներուն շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ թողած էր եւ այսօր մեզի տրուած է զայն 21-րդ դարուն մէջ ապրող քրիստոնեաներուն եւ բոլոր մարդոց բաշխելու պատասխանատուութիւնը՝ յատկապէս այս օրերուն, երբ բռնութիւններն ու պատերազմները, ազգային խտրականութիւնն ու կրօնական ծայրայեղութիւնը եւ անոնց հիմքի վրայ իրագործուող ոճրագործութիւնները տակաւին աւերներու պատճառ կը դառնան։ Աշխարհ կարիքն ունի խաղաղութեան ու ապահով կեանքի վերահաստատման։
Հռոմի «Քոլոսէում»ին դարեր առաջ քրիստոնեայ նահատակներու առ Աստուած ապաւինութեան եւ սիրոյ վկայութեան վայրը, Քրիստոսի խաղաղութեան ու մարտիրոսաց զօրաւոր հաւատքի ողջագուրման վկայարանը դարձած ըլլալու շեշտը դնելով, ըսաւ, թէ՝ այս վայրին ներքեւ հաւատքի, նուիրումի եւ խաղաղութեան մասին արտայայտուիլը առաւել եւս իմաստալից էր։
Նորին Սրբութիւնը, յաջորդաբար անդրադարձաւ Հայ իրականութենէ ներս զգալի դարձած քրիստոնէական վկայութեան, զոհողութեան եւ հաւատքի նշաններուն մասին։ Հայաստանէն օրինակներով տալով շարունակեց իր խօսքերը եւ շեշտելով հոգեւոր մշակութային արժէքներու կարեւորութիւնը, յոյս յայտնեց որ համամարդկային քրիստոնէական արժէքները պահպանուին ամէնուրէք։
Հուսկ, իր խօսքերու աւարտին, խաղաղ ու արդար աշխարհ կերտելու դժուարին ճանապարհին մէջ Աստուծոյ օգնականութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելով, ներկաները հրաւիրեց Տիրոջ օգնականութեան։
Միջեկեղեցական աղօթքէն վերջ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչները թափօրով մը անցան «Քոլոսէում»ի շրջակայ համալիրի մէկ այլ հատուածը, ուր բեմահարթակի վրայ այս անգամ տեղ առին այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Միջկրօնական ներկայացուցիչներ իրենց պատգամներով հանդէս եկան։ Բաց աստի, ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել։
Սրբազան Քահանայապետը այստեղ հանդէս եկաւ իր եզրափակիչ պատգամով։ Նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։ Ապա, միասին աղօթելու, ինչպէս նաեւ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մասին եղած մտահոգութիւններուն բաժնեկից դառնալու կարեւորութիւնը շեշտադրեց։
Այս յատկանշական համախմբման արձակման պահուն ներկաներ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին աշխարհի բոլոր պատերազմներու զոհերու յիշատակները։ Ապա, բոլոր հոգեւոր պետերը սիրոյ ողջոյն փոխանցեցին մանուկներու, որոնք իրենց ձեռքին մէջ կը կրէին խորհրդանշական խաղաղութեան պատգամներ՝ ձիթենիի ճիւղերու մէջ։
Այսպէսով եզրափակուեցաւ Սէնթ Էճիտիօ միջազգային համայնքին կողմէ կազմակերպուած տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքի ծրագիրը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun