Հոկտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը երբ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնը կը հասնի, Հայոց Այբուբէնի սպասարկուներու մօտ կը սկսի խանդավառութիւն մը։
Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու Տօնին, 9 Հոկտեմբեր 2021, Շաբաթ առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ., Գէորգ Աւ., Զաւէն, Զօհրապ, Զաքար, Յուսիկ եւ Պետրոս Քահանայ հայրերը։
Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Իսքէնտէր Շահինկէօզի գլխաւորած թաղային խորհուրդէ անդամները, Ս. Թարգմանչաց Վարժարանի Տնօրէն՝ Արաս Տէլիճէ, ուսուցիչներ, աշակերտներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Բրշ. Արէտ Սրկ. Փէհլիվանեան եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ դպրաց կողմէ առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրկ. Ռոպէր Ուր. Դպ. Տօղանայի։
Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, հանդիսապետ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ հայոց այբուբէնի գիւտի եւ Ս. Գրքի թարգմանութեան գործունէութեան մէջ Ս. Սահակ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի դերին։ Շեշտեց Հայոց Այբուբէնի Գիւտին յաջորդող թարգմանչական աշխատութեան կարեւորութիւնը եւ յիշեցուց, թէ՝ սերունդներ պէտք է երախտապարտ մնան Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներուն, որովհետեւ անոնք ազգի ապագան փրկելու համար զօրաւոր ու հիմնական աշխատութեան մը ձեռնարկեցին եւ յաջողեցան։ Յայտնեց, թէ՝ համավարակի պայմաններուն ներքեւ դժուար կ՚ըլլար մեծ բազմութեամբ տօնել նման յիշատակութիւնները, սակայն Ս. Թարգմանիչ Վարդապետաց ոգին պէտք է ապրի մեր առօրեային մէջ, որպէսզի որպէս ժողովուրդ կարողանանք ճամբորդել դէպի ապագայ։
Հայր Սուրբը, իր խօսքերու աւարտին յիշեցուց, թէ՝ Ս. Թարգմանչաց Տօնը Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր եւս անուան տօնն էր, այս առթիւ յանուն ներկայ հոգեւորականներուն բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան։ Բաց աստի, յիշեց նաեւ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը եւս ու ներկաները հրաւիրեց հանգստեան աղօթքով յիշատակելու զինքը։
Ս. Պատարագի աւարտին Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ հոգւոցն՝ վախճանեալ եպիսկոպոս եւ վարդապետներու։ Յիշատակուեցան նաեւ կրթական մշակները, տեսուչները, Հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորները։ Օրուան յիշատակութեան առիթով, յիշատակուեցան նաեւ Թարգմանչաց Վարժարանի հանգուցեալ հիմնադիրները, սպասաւորներն ու սաները։
Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան եւ ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun