Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, 8 Հոկտեմբեր 2021, Ուրբաթ առաւօտ աւարտեց իր Հռոմ ուղեւորութեան ծրագիրը եւ նախ քան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին վերադառնալը քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։ Այս առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանն ու Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւս մասնակցեցան հանդիպման։
Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, ողջունելով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարք Հայրը, Վեհափառ Հայրապետի եւ Սրբազան Քահանայապետի միջեւ եղած հանդիպման կարեւորութիւնը շեշտեց։ Այս առթիւ ընդգծեց, որ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումները առաւել եւս կը զօրացնէ երկու եկեղեցիներու եղբայրական բարւոք յարաբերութիւնները։
Վեհափառ Հայրապետը, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հիւրասիրութեան համար։ Այս այցելութիւնը առիթ եղած էր, որ ինք արձագանգ հանդիսանայ Հայաստանի ժողովուրդի ձայնին։ Ինք առիթն ունեցած էր յետ պատերազմեան շրջանին յառաջ եկած մարտահրաւէրը հանրութեան ուշադրութեան յանձնել։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին։
Այս այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ Պատրիարքական Աթոռոյս վերջին հրատարակութիւններէն «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ KİTAB-I MUKADDES’TEN // FROM THE HOLY BIBLE» գիրքէն օրինակ մը նուիրուի Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով առաջին տպագրուած Աստուածաշունչէն քաղուած նկարներու մասին արտայայտուելով, գիրքի մասին ծանօթութիւններ փոխանցեց։ Այս պահը առիթ դարձաւ, որ գնահատուի Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը, հանդերձ իր պատուիրակութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռ։ Իսկ, Պատրիարք Հայրը կը շարունակէ իր կեցութեան եւ Շաբաթ երեկոյեան պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun