İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԹՐԻՔ

«Մարդիկ որպէս եղբայրներ եւ երկրագունդի ապագան. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագրեալ համաժողովի երկօրեայ նիստերը իրենց աւարտին հասան 7 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի երեկոյեան։ 

Իսկ,  երեկոյեան հրաժեշտի ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ Վատիկանի մէջ կը գլխաւորէ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան։ Վատիկանի Քրիստոնէից հետ միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխի հիւրասիրութեամբ պատրաստուած ընթրիքը տեղի ունեցաւ, բարձրաստիճան հիւրերու համար յատկացուած Վատիկանի «Տոմուս Սանթա Մարթա» հիւրանոցին մէջ, ուր Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարք Հայրը կ՚իջեւանին իրենց կեցութեան օրերուն։ 

Վեհափառ Հայրապետին եւ Կարտինալ Քուրտ Քոխի սեղանակից էին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Նորին Գերերջանկութիւն Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ., Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զեքիեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան։ Հրաժեշտի ընթրիքին մասնակցեցան նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ 

Հրաժեշտի ընթրիքի սեղանին շուրջ, Վեհափառ Հայրապետի, Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ սեղանակից բարձրաստիճան եկեղեցականներու միջեւ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Այս մէկը առիթ դարձաւ նաեւ որ, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներ իրենց շնորհաւորանքը յայտնեն Հայ Կաթողիկէ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին։ 

Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ՝ Վատիկանի այցելութիւնը իր բազմակողմանի երեսակներով իմաստաւորուած էր։ Քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցականներու հետ Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետն ու բարձրաստիճան եկեղեցականները իրարու հանդիպելու, զրուցելու եւ իրենց եղբայրական արտայայտութիւնները փոխանցելու առիթն ունեցած էին։

Կարտինալ Քուրտ Քոխը, Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Վատիկանի հանրածանօթ դէմքերէն ըլլալով յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջելով հրաւէրին փութացած էր Վատիկան, նաեւ հանդէս գալու ատենախօսութեամբ։ Ուրախութեամբ անդրադարձան նաեւ, թէ՝ Պատրիարք Հօր Վատիկան այցելութիւնը եւս ուրախացուցիչ պարագայ էր, նկատի ունենալով միջեկեղեցական շրջանակներէ ներս իր ունեցած ծանօթութիւնները։ 

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան անդամներուն ցուցաբերուած եղբայրսիրութեան եւ հիւրասիրութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın