İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՒՆԱՑ ԲԱՐԹՈՂՈՄԷՈՍ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի առաւօտ, պաշտօնական հիւրերու յատուկ «Տոմուս Սանթա Մարթա» հիւրանոցին մէջ տեսակցութիւն ունեցան Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին հետ։ Նորին Սրբութեան եւ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանը։ Իսկ,  Բարթողիմէոս Պատրիարքի կողքին էր Գատըգիւղի Էմմանուէլ Սրբազան Մետրոպոլիտը։

Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետն ու Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ ողջագուրուեցան։ Թէ՛ Բարթողոմէոս Պատրիարքը եւ թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը Սէնթ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած համաժողովին հրաւիրուած էին, որպէս ատենախօսներ։ Հանդիպման ընթացքին հոգեւոր առաջնորդներ զրուցեցին համաժողովի օրակարգին եւ ընդգրկած կարեւոր նշանակութեան մասին։ Բաց աստի, անոնք եղբայրաբար զրուցելու, իրենց յիշատակները վերաթարմացնելու առիթն ունեցան։ Շեշտուեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Յոյն Եկեղեցւոյ բարւոք յարաբերութիւնները։

Այս հանդիպումը նաեւ գեղեցիկ առիթ դարձաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր մօտ։ Բարթողիմէոս Պատրիարքի Աթոռը հաստատուած է Պոլսոյ մէջ եւ տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով Յունաց Պատրիարքն ու Նորին Ամենապատուութիւնը առիթ կ՚ունենան իրարու հետ հանդիպելու, միջեկեղեցական նիւթերու մասին զրուցելու եւ բարեմաղթութիւններ կատարելու։ Իսկ, այս անգամ անոնք Վատիկանի մէջ Հոգեւոր Պետերու իսկ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համաժողովին կը մեկտեղուէին։ Բաց աստի, առիթը աւելը կ՚իմաստաւորուէր քանի Վեհափառ Հայրապետը, հանդերձ իր պատուիրակութեամբ իր բարձր ներկայութեամբ զրուցակից կը դառնար։  

Photo: Ժամանակ Jamanak Օրաթերթ

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın