Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին հետ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի մէջ։ Պաշտօնական հիւրերու յատուկ «Տոմուս Սանթա Մարթա» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ երկու եկեղեցիներու հայրապետներուն հանդիպումը։ Վեհափառ Հայրապետը այս օրերուն Հռոմի մէջ կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ միջեկեղեցական հարթութեան վրայ։ Երէկ առաւօտ Նորին Սրբութիւնը հանդիպած էր Սրբազան Պապին հետ, որմէ վերջ մէկտեղուած էր նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։ Ան ընթացքին Վատիկանէն այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ ալ մէկտեղուած է. օրինակ՝ Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Քուրտ Քոխ, Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի եւ այլք։
Երէկ, օրուան տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը Հռոմի Անկլիքան կեդրոնին մէջ տեսակցեցաւ Քենթըրպրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի հետ։ Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը այցելեց նաեւ Սուրբ Էճիտիօ համայնքի կեդրոնը, ուր եկեղեցւոյ մէջ աղօթք մը կատարելէ վերջ հիւրընկալուեցաւ կէսօրուան ճաշասեղանի շուրջ։ Ներկայ էին Սուրբ Էճիտիոյի հիմնադիր փրոֆ. Անտրէա Ռիքարտի եւ այժմու նախագահը՝ Մարքօ Իմփակլիացցօ։ Ճաշի ընթացքին տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։ Վեհափառ Հայրապետին հետ էր նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Հռոմի բազմակողմանի շփումներուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը միշտ հանդէս կու գայ մարդասիրական շեշտադրումներով՝ յետպատերազմեան պայմաններով Հայաստանի կողմէ դիմագրաւուած ծանր մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։ Ան միշտ կ՚ընդգծէ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարին տեսակէտէ այժմու փուլին մարդասիրական զգայնութիւնները հաշուի առնելու անհրաժեշտութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ կ՚արտայայտէ գերիներու ազատ արձակման արդար սպասումը եւ կը մերժէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կրօնական բնոյթ վերագրելու ուղղեալ դիտումնաւոր փորձերը։ Վեհափառ Հայրապետը իր զրուցակիցներու նկատառման կը յանձնէ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի աղէտալի հետեւանքները եւ այս փուլին Հայաստանին ու Արցախին առջեւ ծառացած դժուարութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ ան առանձնապէս կը շեշտադրէ ռազմագերիներու եւ յետպատերազմեան շրջանին գերութեան մէջ յայտնուածներու վերադարձի խնդիրը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն՝ պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Զրոյցներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը օրակարգի վրայ կը բերէ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցեր։ Առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ միջազգային հանրութեան դերակատարութիւնը։
Այս բոլորէն դուրս, Վեհափառ Հայրապետի եւ Յունաց Պատրիարքի հանդիպումն ալ անցաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Նկատի ունենալով, որ թէ՛ Տիեզերական Պատրիարքը եւ թէ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էին Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած միջազգային հաւաքին եւ անոնք երկուքն ալ նոյնաժամանակ Վատիկանի մէջ կը գտնուէին՝ առիթէն օգտուելով երկու հայրապետները ունեցան ջերմ զրոյց մը, որու ընթացքին թարմացուցին իրենց հաղորդակցութիւնը եւ իրարու նկատմամբ եղբայրական ջերմ զգացումները։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F7-10-2021-մարդասիրական-շեշտադրումներ
İlk yorum yapan siz olun