ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-
Հռոմի «Լա Նուվոլա» համագումարներու մեծ կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն սկսաւ «Ժողովուրդները՝ որպէս եղբայր, ապագայ երկրագունդը. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագրեալ միջազգային հաւաքը, որ կազմակերպուած է Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կողմէ։ Այս միջազգային հաւաքի բացման ներկայ գտնուեցան նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Սուրբ Էճիտիօ միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքին զուգահեռ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը։ Երկօրեայ ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի այսօր եւ երեկոյեան ժամերուն Սուրբ Էճիտիոյի տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքը տեղի կ՚ունենայ Հռոմի պատմական «Քոլոսէում»ի մէջ։ Երեկոյեան ալ «Լաթերանեսէ» պալատէն ներս նախատեսուած փակման ընթրիքով այս հաւաքը կը հասնի իր աւարտին։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այսօր ելոյթով մը հանդէս կու գայ՝ հաւաքի ծիրէն ներս նախատեսուած ֆորումներէն մէկուն ժամանակ։
Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած այս միջազգային հաւաքը ունի բառին բուն իմաստով համաշխարհային օրակարգ մը։ Արդարեւ, լուսարձակի տակ կը բերուին մարդկութեան առկայ հրատապ հարցերու զանազան դրսեւորումները եւ սա հերթական անգամ առիթ կ՚ընձեռէ լուծման հեռանկարներուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու համար։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն հոգեւոր առաջնորդներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ մասնակցութիւն կը բերեն այս հաւաքին։ Երէկ երեկոյեան հաւաքը սկսաւ Սուրբ Էճիտիօ միաբանութեան նախագահ Մարքօ Իմփակլիացցոյի ելոյթով։ Միեւնոյն ժամանակ Իմփակլիացցօ վարեց բացման լիագումար նիստը, որու ատենախօսներն էին Իտալիոյ Ներքին գործոց նախարար Լուչիանա Լամորկեսէ, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Քենթըրպրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հանդուրժողութեան ու համակեցութեան նախարար Նահիան պին Միւպարէք էլ Նահիան, Եւրոպայի Րաբունապետներու քոնֆերանսի նախագահ Փինչաս Կոլտշմիթ եւ Գահիրէէն՝ Ալ-Ազհար իսլամական համալսարանի մեծ իմամի տեղակալ Մուհամմէտ ալ Տուուաինի։
Համագումարներու մեծ կեդրոնի ընդարձակ դահլիճէն ներս, համաճարակի պայմաններուն յարիր ձեւով կազմակերպուած էր բացման լիագումար նիստը, որու ատենախօսները ընդհանրապէս կեդրոնացան համակեցութեան, բնապահպանութեան խնդիրներուն վրայ, մեկնաբանելով նաեւ յետհամաճարակային իրավիճակի վերաբերեալ հաւանականութիւնները։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F7-10-2021-համաշխարհային-օրակարգ
İlk yorum yapan siz olun