İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍԷՆԹ ԷՃԻՏԻՕ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ

Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարք Հայրը, երէկ Ն.Ս.Տ. Ֆրանչիսկոս Ա. Քահանայապետի հետ տեսակցելէ յետոյ Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատու դէմքերուն հետ հանդիպումներ ունեցած էին։ Այլապէս անոնք Կարտինալ Փիէթրո Փարոլինի, Կարտինալ Քուրթ Քոխի, Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիին եւ Քենթըրպրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի  քաղաքավարական այցելութիւն տուած էին։

Առ այդ, Նորին Սրբութիւնը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը, հանդերձ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մաս կազմող բարձրաստիճան եկեղեցականներ՝ Խաժակ Սրբազանի, Մուշեղ Սրբազանի եւ Տաթեւ Սրբազանի այցելութիւն տուին նաեւ Սուրբ Էճիտիօ համայնքի կեդրոնը, ուր եկեղեցուոյ մէջ կատարուած ուխտի աղօթքէն յետոյ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ ճաշասեղանով։ Ներկայ էին ՍԷնթ Էճիտիոյի հիմնադիր Փրոֆ. Անտրէա Ռիքարտին, այժմու նախագահ՝ Մարքօ Իմփակլիացցօ եւ ՍԷնթ Էճիտիոյէն Հայր Մարքօ Կնավին։

Ճաշի ընթացքին տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։ Ներկաներ թէ՛ արտայայտուեցան համաշխարհային հարցերու ու տագնապներու եւ թէ՛ Հայ ինքնութեան հետ աղերսուած դրական եւ ժխտական երեւոյթներու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը, մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Վատիկանի հիւրընկալներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք հետաքրքրուած էին նաեւ Հայաստանի հետ։ Նորին Սրբութիւնը, արտայայտուեցաւ նաեւ տեղւոյն ժողովուրդին պատերազմի յաջորդող շրջանին ունեցած կեանքի մասին։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ՝ քրիստոնէական համամարդկային արժէքները պէտք է պահպանուին յատկապէս քրիստոնեաներու կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ միջազգային հանրութեան դերակատարութիւնը։  

Բաց աստի, յայտնենք, թէ՝ Հայր Մարքօ Կնավին անդրադարձաւ նաեւ ՍԷնթ Էճիտիոյի գործունէութեան։ Ինք յիշատակեց Պոլսոյ մէջ ունեցած օրերը եւ յայտնեց, թէ՝ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ ունեցած բարեկամութիւնը տասնեակ տարիներ առաջ տակաւին Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր Կղզեաց հովուութեան եւ տեսչութեան տարիներուն հաստատուած էր։ Ինք զանազան առիթներով գտնուած էր Պոլսոյ մէջ։ 

Ուրախութիւն էր Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալել Վատիկանի մէջ։ Ինք այս առումով, հարազատ կը զգար Հայ Եկեղեցին ու պատիւ էր նաեւ Վեհափառ Հայրապետն ու բարձրաստիճան եկեղեցականները հիւրընկալել Սուրբ Էճիտիօ համայնքի կեդրոնին մէջ։  

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Photo: Ժամանակ Jamanak Օրաթերթ

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın