Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Ս. Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած համաժողովին եւ աղօթքին մասնակցելու համար, 5 Հոկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, երեկոյեան ուղղուեցած էր Հռոմ։ Նոյն ժողովին մասնակցելու եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան գլխաւորելու համար Հռոմ մեկնած էր նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը։
Երեքշաբթի երեկոյեան, նախ քան Պատրիարք Հօր ժամանումը, Նորին Սրբութիւնը հասաւ «Լէոնարտօ տա Վինչի» օդակայանը եւ պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Իտալահայոց հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեանի եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեանի կողմէ։ Յաջորդաբար, Պատրիարք Հայրը, իրեն որպէս գաւազանակիր ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, ժամանեց Հռոմ, առաջնորդուեցաւ պատուոյ սրահ եւ առաջին հերթին ողջագուրուեցաւ Հայոց Հայրապետին հետ։ Հռոմի մէջ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժամանակ Օրաթերթի Աւագ Խմբագիր Արա Գօչունեան, որ եւս հետեւելու համար համաժողովի իրադարձութեանց փութացած էր Հռոմ։
Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարք Հայրը, ապա առաջնորդուեցան բարձրաստիճան հիւրերու համար յատկացուած Վատիկանի «Տոմուս Սանթա Մարթա» հիւրանոցը։
Նորին Սրբութեան եւ Նորին Ամենապատուութեան Հռոմ այցելութեան շրջանին, նաեւ պաշտօնական այցելութեամբ Իտալիոյ մէջ կը գտնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգիսեան։ Այս զուգադիպութիւնը առիթ դարձաւ որ, խումբ մը գործաւորներ, Հայոց Հայրապետը, Պոլսոյ Պատրիարքը եւ Մեծյարգոյ Նախագահը հիւրասիրեն պատուոյ ընդունելութեամբ։ «Օթել տը Ռիւսի» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած բացօթեայ ընդունելութեան ներկայ եղան նաեւ հոգեւորականներ, Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ազգային գործիչներ։
Ընդունելութեան ընթացքին, արտասանուեցան բաժակաճառեր, որով Պատրիարք Հայրը մեծ ոգեւորութեամբ արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ ուրախութիւն յայտնեց, քանի Քրիստոնէական կարեւոր կեդրոններէն միոյն մէջ կը գտնուէր եւ այս մէկը որպէս Պատրիարք իր առաջին այցելութիւնն էր։ Սակայն իր ուրախութիւնը առաւել եւս կը կրկնապատկուէր, քանի սոյն այցելութեան իր բարձր ներկայութիւնը կը բերէր Ազգիս Վեհափառ Հայրապետը, Հայ Եկեղեցին ամենէն բարձր մակարդակով ներկայացնելու տրամադրութեամբ։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ յատկապէս անդարդարձաւ Վեհափառ Հայրապետի տեսլականին եւ յայտնեց, թէ՝ այն ինչ որ ծրագրած էր յօգուտ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Էջմիածնի, անպայման յաջողած էր զայն կեանքի կոչելու։
Վեհափառ Հայրապետը եւս իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ Վատիկան ժամանած էր, որպէսզի դառնայ Հայ ժողովուրդի մօտ յոյս վերադարմացնելու միջոց։ Այս ուղեւորութեան ընթացքին ուրախութիւն էր նաեւ ներկայութիւնը վայելել Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Վեհափառ Հայրապետը, յաջորդաբար «Հաւատը նորովի պիտի ճառագայթէ» ըսաւ եւ շեշտեց որ առանց կամքի եւ վճռակամութեան կարելի չէ դուրս գալ մեր կեանքի մէջ յայտնուած դժուարութիւններէն։ Նորին Սրբութիւնը, այս առիթով ըսաւ որ, «Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ գիտենք մահուան յաղթել, խաչի ճանապարհով քալել ու յարութիւնը տօնախմբել։ Ցաւի թմբիրէն պիտի զարթնինք մեր հաւատքով ու պիտի կերտենք վաղուայ լուսաւոր օրը»։
Իր խօսքերու աւարտին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն եւ շեշտեց որ Ս. Էջմիածինը մեր հաւատքին ակունքն է եւ իրմէ ճառագայթող լոյսին պէտք է հետեւիլ ամենայն ջանասիրութեամբ եւ յուսադրանքով։ Այս առթիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյեան կազմակերպիչներուն եւ իր հայրապետական գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն։ddx
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun