Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Հոկտեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը, Հռոմի իր կեցութեան շրջանին, նաեւ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ Դեսպան Լիւթֆուլլահ Կէօքթաշին։
Սոյն այցելութեան ընթացքին Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանային Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժամանակ Օրաթերթի Աւագ Խմբագիր Արա Գօչունեան, որ միջազգային համաժողովին իրադարձութեանց հետեւելու համար կը գտնուի Հռոմ։ Շուրջ կէս ժամուան սիրալիր զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկաւ միջկրօնական երկխօսութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր եւ տեղի ունեցաւ գաղափարի փոխանակում համաժողովի շուրջ։
Photo: Ժամանակ Jamanak Օրաթերթ
İlk yorum yapan siz olun