Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Հոկտեմբեր 2021, Կիրակի առաւօտ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագին նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց ներկայհաւատացեալ ժողովուրդին։ Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը, Մանուկ Էօղէրիատենապետած Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներու հետ միասինառաջնորդուեցաւ դէպի Եկեղեցւոյ Աղքատախնամ Մարմնի բարեզարդուած սենեակը։ Ներկայ էիննաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբիվարչակազմի անդամները։
Բարեզարդեալ սենեակի մուտքին Պատրիարք Հայրը աղօթեց ու բարեմաղթութիւններ ըրաւ, որմէյետոյ կտրեց բացման ժապաւէնը։ Յաջորդաբար Մեր Հոգեւոր Պետը, շրջեցաւ բարեզարդուածսենեակը, ուր վարչութեան անդամներ կատարուած աշխատութեանց մասին տեղեկութիւններփոխանցեցին Պատրիարք Հօր։
Նորին Ամենապատուութիւնը, Աղքատախնամ Մարմնի առաքելութեան կարեւորութիւնը շեշտեց եւ իմիջի այլոց ըսաւ. «Աստուած այս վայրը բարիքի աղբիւր դարձնէ եւ թաղի կարօտեալներն ուաղքատները իրենց յոյսը գտնեն։ Ֆէրիգիւղը շատ կարեւոր թաղ է եւ ամենէն շատ աղքատներն ուօգնութեան կարիք ունեցողները այստեղ են։ Կը յուսանք այս նոր շէնքով միասին, նոր եռանդով, նորտեսիլքներով, նոր ծրագիրներով աշխատանքներ կը մշակէք, յատկապէս Պատրիարքական ԱթոռիԸնկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի հետ միատեղ»։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի տնօրինութեամբ, ԱղքատախնամՄարմինը պիտի գործէ հետեւեալ վարչակազմով. Ատենապետ՝ Գէորգ Պէնլի, Բ. Ատենապետ՝ ԷրմանԱշչը, Փոխ-Ատենապետ՝ Այհան Յակոբ Չէրքէզ եւ Հաշուեքննիչ Արի Թէճիրօղլու։ Բաց աստի, Մարմինը Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի հետ միատեղսերտօրէն գործակցելով կը գործէ, իր մօտն ունենալով նաեւ կամաւորներ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun