«ՀԱՅՃԱՐ»ի նախաձեռնութեամբ ամէն տարի, 5 Հոկտեմբերի մերձաւոր Շաբաթ օրը, կըյիշատակուին յայտնի ճարտարապետներու գերդաստան՝ Պալեան ընտանիքի անդամները։ Այստարուան յիշատակութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Հոկտեմբեր 2021, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ Գերեզմանատան մէջ, հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
Ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, ՍտանպուլիՄայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն, Պալեաններու յուշադամբանի շինութեան բարերարներէնՀրաչ Գըրմըզեան, Կիւլիզար Արթուչի Ատենապետած ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան անդամներն ուհրաւիրեալներ։
Պալեաններու յուշադամբանի մօտ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի հանդիսապետութեամբկատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան, մասնակցեցան նաեւ՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան ու դպիրներ։
Կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ յանուն միութեան ողջոյնի խօսքարտասանեց Կիւլիզար Արթուչ եւ երախտիքով յիշատակեց Ստանպուլի նախորդ քաղաքապետլուսահոգի Քատիր Թոփպաշը, որ Պալեաններու յուշադամբանին պատրաստութեան փուլին իրկարեւոր ներդրումը բերած էր։ Այս առիթով ներկայացուց ՀԱՅՃԱՐ-ի ներդրումովհրատարակութեան պատրաստուած «BALYANLAR» գիրքը եւ գլխաւորութեամբ հեղինակ ՊիւքէՈւրասին, գրքի պատրաստութեան ներդրում բերած բոլոր անձանց շնորհակալութիւն յայտնեց։ ԸստԱրթուչի, գիրքը ակադեմական եւ ճարտարապետական շրջանակներէ ներս ընդունելութիւն գտածէր։ Իր խօսքի աւարտին, բարեմաղթանք մը կատարեց եւ ըսաւ, որ Պալեան Ընտանիքիանդամներուն աշխատութիւններէն միոյն գտնուած յարմար հրապարակ մը, Մայր ՔաղաքապետԷքրէմ Իմամօղլուի եւ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետարանի Խորհուրդի անդամներուննախաձեռնութեամբ վերակոչուի Պալեան Ընտանիքի անունով։
Յաջորդաբար խօսք առաւ, Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին եւ դրուատալից արտայայտութիւններունեցաւ Պալեան Ընտանիքի գործունէութեան մասին, որուն որպէս արդիւնքը պատմականՍտանպուլ քաղաքը հարստացած էր բազմաթիւ կոթողային ճարտարաշինութիւններով։ Այս առթիւ, յայտնեց թէ՝ ներկայացուած վերանուանումի փափաքը շատ տեղին էր եւ այս միոյն չգոյութիւնըպակասութիւն որակեց։ Այս առթիւ, խօստացաւ որ կարելին ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի ընտանիքըարժանավայել ձեւով յիշատակուի Ստանպուլի մէջ։
Հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յայտնեց, թէ՝ Պալեան Ընտանիքի աշխատութիւնները Հայկական զուտ ճարտարապետութենէ աւելի, նախ եւառաջ կը ներկայացնէին այս երկրի հողերուն հսկայ պատմութենէն բխած մշակութայինհամադրութիւնը։ Աւաղ որ, շատեր տեսնելով եւ զմայլելով հանդերձ այս ճարտարաշինութիւններուն, չեն գիտեր, թէ՝ աշխատութեանց հեղինակներն են Պալեան Ընտանիքի անդամները։
Պատրիարք Հայրը, ուրախութեամբ ողջունեց նաեւ Էքրէմ Իմամօղլուի դրական մերձեցումը, հրապարակի մը Պալեան անունով կոչուելու կապակցութեամբ եւ ըսաւ. «Դժբախտաբարականատեսը կը դառնանք, որ որոշ շրջանակներէ ներս «Հայ» բառը ատելութիւնը կը խորհրդանշէ։Սակայն ես կը փափաքիմ եւ կ՚աղօթեմ, որ «Հայ» բառը անցեալի նման ընկալուի այս երկրինպտղատուութեան խորհրդանիշներէն մին։ Որովհետեւ Պալեան Ընտանիքի նման բազում Հայեր, յօգուտ այս երկրին իրենց ծառայութիւնը բերած են»։ Պատրիարք Հայրը, յոյս յայտնեց, որ իրբարեմաղթութիւնը իրականանայ եւ թարմ միտքեր իրենց որակաւոր ծառայութեամբ դառնաներկրին շինիչ տարերը ինչպէս եղած էին անցեալին։
Հանդիսութեան աւարտին, Պալեաններու յուշադամբանի ճարտարապետ Դաւիթ Այնալըի, Ստանպուլի Մշակութային Հիմնարկի Ատենապետ Փէրիհան Եիւճէլի, Մայր Քաղաքապետ ԷքրէմԻմամօղլուի եւ Պատրիարք Սրբազան Հօր յանձնուեցան, «BALYANLAR Osmanlı Mimarlığı ve Balyan Arşivi» գրքին երկրորդ եւ առաւել եւս ընդլայնուած հրատարակութենէն օրինակներ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun