İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբանհայրերու, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ ԱմենապատիւԻգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին՝ անոր ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներունպատմական յարաբերութեանց, զանազան գաղութներու մէջ երկու եկեղեցիները դիմագրաւողդժուարութիւեանց, ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի զարգացնելուհրամայականին առնչուած հարցեր։

Այս առիթով, յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան եւՎատիկանի մէջ ամիսներ առաջ կայացած հոգեւոր պետերու հանդիպման։

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղանՊատրիարքին։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Գերշ. Տ. ԿոմիտասԱրք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։

Աղբիւր։ https://www.facebook.com/holyseeofcilicia 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın