İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Վարագայ Ս. Խաչի Տօնը, որ միայն վերապահուած է Հայ Եկեղեցւոյ, 26 Սեպտեմբեր 2021, Կիրակիառաւօտ հանդիսաւոր ձեւով տօնուեցաւ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Տօնականարարողութեանց հանդիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց՝ ԿղզեացՀոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, որ շաբաթավերջին հիւրաբար կը գտնուէրԱնտիոք։ 

Արարողութեան ներկայ եղաւ Գաւառի Հայոց Տեսուչ եւ Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Վաքըֆգիւղի ժողովուրդը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝Տէր Աւետիս Քահանայի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին բարեկրօն ուրարակիր դպիրներ՝ ՄիսաքՀէրկէլեան, Առէն Քուշ եւ Եուսուֆ Թապաշեան։ 

Ս. Պատարագի աւարտին, Պատարագիչ Հայր Սուրբը, քարոզեց եւ առաջին հերթին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցեց ժողովուրդին։ Յիշեցուց, որՊատրիարք Հայրը աղօթող է գիւղին համար եւ իր անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած էգիւղը։ Յաջորդաբար, ողջունեց Աւետիս Քահանան, որ անցեալ ամիս Նորին Ամենապատուութեանտնօրինութեամբ նշանակուած էր, որպէս Գաւառի Հայոց Տեսուչ։ Այս առիթով շնորհաւորեց Տէր Հայրըեւ ներկաները աղօթքի հրաւիրեց, որպէսզի անոնք յարատեւօրէն աղօթեն Տէր Հօր եւ իր ընտանիքինհամար։

Յաջորդաբար, հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին պատմականին։ Ապա, նշեց, թէ՝ այս տօնը միայն կը յիշատակուի Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, հետեւաբար տօնը Հայ ժողովուրդի հետանմիջական կապ ունէր։ Այս ուղղղութեամբ, Հայոց յատուկ Ս. Խաչի Տօնին, Հայաբնակ Վաքըֆգիւղիմէջ Ս. Պատարագ մատուցանելը յատուկ նշանակութիւն ունէր։ Իսկ միւս կողմէ, այս տօնը իր յատուկպատգամը ունէր նաեւ Վաքըֆգիւղի ժողովուրդին։

Հայրսուրբը, յաջորդաբար Ս. Խաչի միարար զօրութեան անդրադարձաւ եւ յիշեցուց, թէ՝ Գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին կը ներկայացնէր Ս. Խաչի միարար զօրութիւնը։ Անցեալին, ԵրանաշնորհՄեսրոպ Պատրիարքը լսելով Ս. Խաչի միարար զօրութեան կոչը, ապագայատեսիլ քայլեր առնելովձեռնարկած էր՝ Վաքըֆգիւղի Եկեղեցին վերակառուցելու աշխատանքներուն։ Եկեղեցաշինութիւնը, յաջորդաբար, թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ արտասահմանի հայութեան ուշադրութիւնը ուղղած էր, դէպի՝Վաքըֆգիւղ։ Այսպէս, խորհրդական միութիւն մը հաստատուած էր տարիներ շարունակ, որունորպէս հետեւանք գիւղը իր փառքով կը շարունակէր ընթանալ դէպի ապագայ։ Այս պատմականիրողութիւնը ներկայացնելէ յետոյ, Հայր Սուրբը գիւղացիները հրաւիրեց Ս. Խաչի առջեւ միշտաղօթելու եւ իրենց հանապազօրեայ հացը շնորհող Քրիստոսին փառք տալու։ Իր խօսքի աւարտինըսաւ. «Ս. Խաչը ձեզ միացուց, հետեւաբար լաւ գիտցէ՛ք Ս. Խաչին արժէքը եւ արժանաւոր զաւակներըդարձէ՛ք Ս. Խաչին, որպէսզի օրհնէ՛ք գիւղի եւ օրհնուիք գիւղով»։ 

Քարոզի աւարտին, Հայր Սուրբը ներկաներուն յայտնեց, թէ՝ Աւետիս Քահանայ Հօր խնդրանքինընդառաջելով Պոլիսէն Մկրտիչ Սէրթշիմէքը, ուղարկած էր երկու քառաթեւ խաչեր։ Իսկ, արարողութեան աւարտին, եկեղեցի ընծայուած երկու խաչերով, կատարուեցաւ վերջինօրհնութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın