Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 30 Սեպտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, վերանորոգութեանաշխատանքները տեղւոյն վրայ քննարկելու համար այցելեց Պիւյիւքտէրէի Ս. ՀռիփսիմեանցԵկեղեցին։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանար Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը նախ առաջնորդուեցաւ Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցին, ուր վերանորոգութեան աշխատանքները կը շարունակուին։ Այս առիթով Պատրիարք Հօր ցուցադրուեցաւ կառոյցիվերանորոգուած բաժինները, որոնց մէջ կ՚առանձնանար հանրածանօթ գծագրիչ ԷրօլՍարաֆեանին աշխատութիւնները։ Էրօլ Սարաֆեան, երկար եւ բծախնդիր աշխատութենէն մըյետոյ, Ս. Գրային դրուագները ներկայացնող սրբապատկերներ պատրաստած էր, որոնցմովծածկուած էին եկեղեցւոյ առաստաղը։ Պատրիարք Հայրը տեսնելով արդի ոճով պատրաստուածայս աշխատութիւնը, գնահատեց Էրօլ Սարաֆեանը եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց իրարուեստասիրական գործունէութեան մէջ։
Պատրիարք Հայրը, կատարած ըլլալով իր քննարկումները, աշխատութիւններուն հետ առընչուած իրգաղափարները յայտնեց ու հայրական թելադրութիւնները ըրաւ ներկաներուն։
Մեր Հոգեւոր Պետը, տեսնելով կատարուած բարեզարդման աշխատութիւնները եւ եկեղեցւոյստացած պայծառ տեսքը, իր գնահատանքը յայտնեց Մուրատ Սիւմէի գլխաւորած թաղայինխորհուրդի անդամներուն ու մաղթեց որ աշխատութիւնները յաջողութեամբ ի կատար ածուինմերձաւոր ժամանակին։
Եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութիւնները տակաւին կը շարունակուին։ Յետ աշխատութեանցկը նախատեսուի Դեկտեմբեր ամսուան մէջ եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացմանարարողութիւնները կատարել։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun