Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Սեպտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի եւ Ատենապետ՝ ՀրանդՄոսկոֆեանի։
Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 10 Հոկտեմբեր 2021, Կիրակի պիտիկատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներովպիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները, սոյն հանդիսութեանցնախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւեկեղեցւոյ եւ վարժարանի գործունէութեանց մասին։
Մեր Հոգեւոր Պետը, հիւրերը ողջունեց եւ զրոյցի ընթացքին հարցումներ ուղղեց վարժարանիկացութեան մասին։ Իր խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ համավարակի պատճառ եղած նիւթական եւընկերային դժուարութիւններուն եւ յոյս յայտնեց, որ Պէզճեան Մայր Վարժարանը եւս յաղթահարէնեղութիւնները։ Այս շրջանին գնահատելի էին նաեւ եկեղեցւոյ վարչութեան ջանասիրութիւնը, բանմը որ գնահատանքի արժանի դարձած էր։ Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը, իրօրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun