İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Սեպտեմբեր 2021, Չորեքշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանիմէջ ընդունեց, Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ ԱտենապետԳարեգին Պարսամեանի։

Այցելուներ առաջին հերթին Պատրիարք Հօր արագ ապաքինման մաղթանքներ փոխանցեցին։Իրենց այցելութիւնը նաեւ հրաժեշտի այցելութեան բնոյթը ունէր, նկատի ունենալով որ վարչութիւնըմօտակայ շրջանին կը պատրաստուէր հերթափոխութեան։ Անոնք յայտնեցին, թէ՝ համավարակիպատճառաւ ակամայ յետաձգուած վարչութեան ընտրութեան նախասեմին, փափաքն ունեցած էինՊատրիարք Հօր ներկայացնելու իրենց գործունէութիւնը եւ Իր օրհնութիւնը ստանալ։ Բաց աստի, կրթական եւ դպրոցական կեանքէ ներս առկայ նիւթերու մասին զրուցեցին եւ տեղի ունեցաւգաղափարի փոխանակութիւն։ 

Զրոյցի ընթացքին, Պատրիարք Հայրը հետաքրքրուեցաւ Ուսուցչաց Միութեան գործունէութեամբ եւայս ուղղութեամբ հարցումներ ուղղեց այցելուներուն։ Այցելուներ յայտնեցին, թէ՝ յատկապէսՀայերէնի ուսուցիչ հասցնելու մէջ որոշ պակասներ զգալի կը դառնային։ Մեր Հոգեւոր Պետը, կրթական առաքելութեան կարեւորութիւնը շեշտադրեց եւ յայտնեց, թէ՝ կրթական համակարգիամէնէն էական տարրերն են ուսուցիչները եւ իրենց ծառայութեամբ մեր զաւակները կը ստանանգիտութիւն։ Այս շրջագիծով, Ուսուցչաց Միութեան ներկայութիւնը եւ ծրագիրները կարեւոր տեղ կըգրաւեն կրթական համակարգէն ներս։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ մերձաւոր շրջանին առողջհերթափոխութիւն մը տեղի ունենայ եւ նորընտիր վարչութիւնը նոր ծրագիրներով շարունակէնպաստել կրթական համակարգին։ Այս առթիւ, Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեցփափկավարական այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın