Կրետէ Կղզիի մէջ պատահած զօրաւոր երկրաշարժի առթիւ Պատրիարքական Աթոռը Իրաքլիոնի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն հետ կապ հաստատելովհետաքրքրուեցաւ պատմական Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ նաեւ քաղաքաբնակ փոքրաթիւհամայնքի վիճակին հետ։
Այս ուղղութեամբ Պատրիաքական Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հեռախօսով տեսակցած է եկեղեցւոյ վարչայիններու հետ ու հաղորդած՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր բարեմաղթութիւններն ու հայրական օրհնութիւնները։ Ուրախացուցիչ պարագայ է, թէ՝ երկրաշարժը որեւէ վնաս չէ հասցուցած եկեղեցւոյ եւ համայնքի անդամներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun