İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆ

Կը տեղեկանանք, որ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնին համար տնօրէն նշանակուած է Ռուշան Տիւզկիւն։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի աղբիւրները առայժմ պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդած են նոր տնօրէնի մը գործի գլուխ բերուելուն կապակցութեամբ։ Յամենայնդէպս, այս կարգադրութիւնը արդէն արձագանգ գտած է ընկերային ցանցերու վրայ։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին աղմկայարոյց կարգադրութիւնով մը Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը որոշած էր կասեցնել բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի պաշտօնավարութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, շարք մը ուսուցիչներու հետ պայմանագրի ժամկէտը չէր երկարաձգուած։ Միջոց մը առաջ արդէն յայտնի դարձած էր, որ այդ կրթական մշակներու հատուցումն ալ չէր վճարուած թաղային խորհուրդին կողմէ եւ խնդրի ընթացքը հասած է դատարան։

Սաթենիկ Նշանի պաշտօնէ հեռացումէն վերջ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնի պաշտօնին կապակցութեամբ կայունութիւն ապահովել հնարաւոր չէ դարձած։ Արդարեւ, թաղային խորհուրդը փափաքած էր պաշտօնի կոչել երաժշտութեան ուսուցիչ Մուրատ Իչլինալչան, սակայն պատկան մարմինները անոր նշանակումը չէին վաւերացուցած՝ պաշտօնապէս անհրաժեշտ չափանիշներու անհամապատասխանութեան պատճառով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ տնօրէնի պաշտօնը վստահուած էր Ազնիւ Կիւրկէնի, որ, ըստ երեւոյթին, կարճ շրջան մը այդ առաքելութիւնը կատարելէ վերջ որոշած է հեռանալ։

Այժմ պաշտօնի կոչուած Ռուշան Տիւզկիւն մինչ այդ ուսուցիչի պաշտօն կը վարէր Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս։ Թէեւ պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդուած է, սակայն, ըստ անպաշտօն լսումներու, իր նշանակումը արդէն վաւերացուած է պատկան մարմիններուն կողմէ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/28-09-2021-նոր-տնօրէն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın