Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Սեպտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի պատուիրակութիւնը, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի եւ Ատենապետ՝Հապիպ Էօզֆուրունճուի։ Այցելութեան ներկայ էին նաեւ Եշիլգիւղի Վարժարանի Տնօրէն՝ ՄելիքճանԶաման եւ Հիմնադրի Ներկայացուցիչ՝ Էրօլ Չնար։
Հիւրերը, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօրքաջառողջութիւն մաղթեցին։ Ներկաներ, հանդիպման ընթացքին, եկեղեցւոյ եւ վարժարանիգործունէութեան մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Այս բոլորէն բացի նաեւտեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ սեպհական հողամասի հետ առընչուած զարգացումներու մասին։
Մեր Հոգեւոր Պետը, փափկավարական այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Հօր եւվարչական կազմի անդամներուն։ Նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ Թաղային Խորհուրդըօրինական գետնի վրայ բծախնդրութեամբ կը հետապնդէր կալուածական հարցերույաջողութեամբ լուծման գործընթացը։ Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնելով իրենց տարածեկեղեցաշէն ու կրթանուէր գործունէութիւնները, յաջողութիւն մաղթեց իրենց։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun