Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Առաջին կաթողիկոսը ուղերձ է հղել Հայաստանի Անկախության տոնի առթիվ: Արամ Առաջին կաթողիկոսը, Հայաստանի ու Արցախի համար ստեղծված դժվարին իրավիճակում, կարևորել է հավաքական պատասխանատվությամբ հայրենիքի շուրջ համախմբումը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Հայաստանի անկախութիւնը։ 44-օրեայ պատերազմին մեծ թիւով զոհեր տուինք, բազմաթիւ գերիներ եւ վիրաւորներ ունեցանք ու հսկայ տարածքներ կորսնցուցինք։ Մեր ժողովուրդը յուսախաբութեան ու յուսահատութեան մէջ կը տուայտի, անորոշ կը տեսնէ իր հայրենիքի ներկան եւ մութ՝ ապագան։ Արդարեւ, 30 տարիներ առաջ յաղթական էինք. այսօր պարտուած ենք։ Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս…։ Ժողովուրդը այս եւ բազմաթիւ այլ յարակից հարցումներուն պատասխանը կը սպասէ, հաշուեքննութիւն ու հաշուետուութիւն կը պահանջէ՝ համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով։ Կարելի չէ անցեալը անցած նկատել։ Ինքնաքննութիւնը ու ինքնասրբագրումը առաջին քայլն են Հայաստանը ներկայ անորոշ ու անկայուն վիճակէն դուրս բերելու։
Արտաքին ճակատի վրայ, վտանգալից ալիքներ կը մօտենան Հայաստանի ափերուն. մութ ամպեր կը կուտակուին Հայաստանի երկինքին վրայ։ Պէտք է ըլլալ արթուն ու իրատես՝ յստակօրէն տեսնելով ու ճի՛շդ արժեւորելով մեր շուրջը տեղի ունեցող երեւելի ու աներեւոյթ զարգացումները։
Հակառակ միջազգային համայնքի զգուշացումներուն, Ազրպէյճանը յոխորտանքով կը յայտարարէ, թէ ինք Հայաստանի հետ իր հարցը լուծած է, Արցախը իր հողային ամբողջականութեան մաս կը նկատէ եւ աւելին՝ շարունակ Հայաստանի ամբողջականութիւնը հարցականի տակ դնող ու անվտանգութիւնը խախտող պահանջներ կը ներկայացնէ, եւ նոյնիսկ այս ուղղութեամբ որոշ քայլերու կը դիմէ։
Միւս կողմէն, Կովկասէն ներս ստեղծուած նոր իրավիճակէն օգտուելով, Թուրքիան «բարի դրացնութեան» ձեռք կ’երկարէ Հայաստանին, յայտարարելով, թէ դրական ուղերձներ կը յղէ Հայաստան եւ դրական ուղերձներ կը ստանայ Հայաստանէն։ Թուրքիան եւս, իր կարգին, պահանջներ ունի Հայաստանէն՝ փոխ-ճանաչում շրջանի հողային տարածքներու ամբողջականութեան եւ դադարեցում Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումին։
Եւ փաստօրէն, մեր բարեկամ երկիրները շրջանի իրենց շահերէն թելադրուած, երբեմն լուռ եւ երբեմն բարձրաձայն, կը բաժնեն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այսպէս կոչուած «խաղաղարար» մօտեցումները։ Այսպէս, երէկուան դատեալը այսօր դարձած է դատաւոր, ամբաստանեալը՝ պահանջատէր, ցեղասպանը՝ իրաւատէր. եւ հին ու նոր օրերու ցեղասպաններուն դիմաց Հայաստանը մնացած է առանձին եւ դժբախտաբար, միշտ զիջողի դերին մէջ…։
Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ ռազմաքաղաքական շահերու վրայ հաստատուած ու ծաւալապաշտական հեռանկարներէ առաջնորդուած համա-թուրանական եւ համաթրքական նոր դաշնակցութիւն մը կը կազմաւորուի Կովկասէն ներս։ Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Ազրպէյճանի պահանջներուն ընթացք տալով Հայաստանը պիտի կտրատուի՝ կորսնցնելով իր հողային ամբողջականութիւնը եւ վտանգելով իր գերիշխանութիւնը։ Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Թուրքիոյ երկարած ձեռքը սեղմելով մոռացութեան պիտի դատապարտուի մեր ժողովուրդի հողային պահանջն ու ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ թուրք-ազերական օղակի մէջ մնալով պիտի վտանգուի Հայաստանի անկախութիւնը։
Եւ այս բոլոր զարգացումները Հայաստանը պիտի դնեն անորոշ ապագայի դիմաց։
Փոքր երկիր ենք, շրջապատուած ոչ-բարեկամ երկիրներով։ Շրջանի աշխարհագրութիւնը կարելի չէ փոխել։ Սակայն, կարելի է եւ՝ հրամայակա՛ն, աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններուն համահունչ այնպիսի մօտեցումներ որդեգրել ու դիրքորոշումներ ճշդել, որոնք չեն վտանգեր Հայաստանի գերագոյն շահերը ու անոր ապագան։ Հայաստանի անկախութեան ու գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան ամուր պահպանումը մեր ժողովուրդին համար ազգային անտեղիտալի սրբութիւն է։
Այո՛, դիւանագիտութեան մէջ հարկ է ըլլալ ճկուն, բայց ո՛չ պարտուողական։ Շրջանի աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու լոյսին տակ հարկ է ըլլալ իրատես, բայց ո՛չ զիջող։ Ռազմաքաղաքական մեր բարեկամներու տեսակէտները հարկ է յարգել, ի պահանջել հարկին նաեւ նկատի ունենալ անոնց շահերը։ Սակայն, հեռատեսութիւնը ու քաջութիւնը պէտք է ունենալ Ո՛Չ ըսելու բոլո՛ր պայմաններուն մէջ եւ բոլորի՛ն, մի՛շտ մեկնելով Հայաստանի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն։
Հայաստանը շրջապատող տագնապներն ու մարտահրաւէրները իրենց էութեամբ համահայկական բնոյթ եւ հետեւանք ունին։ Հետեւաբար, կարելի՛ չէ, ճի՛շդ չէ, կառավարական ընթացիկ քննարկումներով որոշումներ կայացնել։ Պատմութեան դիմաց հաւաքական պատախանատուութիւն ունինք։
44-օրեայ պատերազմին առաջին շաբաթը Վարչապետին առաջարկեցինք համազգային խորհրդակցութիւն մը կազմակերպել՝ մի՛ասնաբար դիմագրաւելու Արցախին դիմաց կանգնող ահաւոր սպառնալիքը։ Նո՛յնը կը կրկնենք այսօր։ Հայրենիքին ներկան մթագնող ու ապագան վտանգող ճակատագրական խնդիրները ու տագնապալից կացութիւնները անհրաժեշտ է համազգային ճիգով, կամքով ու տեսլականով դիմագրաւել։ Ա՛յս կը թելադրէ մեր դարաւոր պատմութիւնը։ Ա՛յս կը պարտադրէ նաեւ ներկայ ճգնաժամային կացութիւնը։
Անկախութիւնը աստուածատուր պարգեւ է եւ անոր պաշտպանութիւնը՝ սրբազան առաքելութիւն։ Հայրենիքի անկախութիւնը առանցքն է ազգի հզօրութեան եւ երաշխիքը՝ յաւերժութեան։ Արդ, Հայաստանի անկախութեան նշումը մեզի համար պէտք է դառնայ արթնութեան կոչ ու ազգային համախմբումի մարտահրաւէր։ Բոլորուի՛նք հայրենիքին շուրջ եւ հաւաքական պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ կերտենք հայրենիքի պայծառ ապագան։ Թող Աստուած անսասան պահէ ու պահպանէ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը, մեր ազգին այս երեք անբաժանելի բեւեռները»,- ասված է Արամ Առաջին կաթողիկոսի ուղերձում։
Yorumlar kapatıldı.