Օրերս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպսական դասու անդամները կը ժամանեն Հռոմ։ Այս շաբթուան մէջ կը վերսկսի նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան ընդհատուած գործընթացը։ Այս առթիւ այսօր Հռոմ կ՚ուղեւորուի նաեւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
Անցեալ յուլիսին, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Սինոդը Զմմառի վանքին մէջ, Լիբանան, գումարուած էր՝ նոր կաթողիկոս-պատրիարքը ընտրելու օրակարգով։ Երկու շաբթուան տեւողութեամբ կատարուած էին իրերայաջորդ քուէարկութիւններ, սակայն ապարդիւն։ Հայ կաթողիկէից նոր հոգեւոր պետը ընտրել կարելի չէր եղած, որովհետեւ թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէր կարողացած ապահովել քուէներու երկու երրորդը, ինչ որ այդ պահու դրութեամբ անհրաժեշտութիւն մըն էր ընտրութեան գործընթացը ի կատար ածելու համար։ Զմմառի շրջանակներէն կը յիշեցնեն, որ նախկին կաթողիկոս-պատրիարքը՝ վախճանեալ Գրիգոր-Պետրոս Ի.-ն ալ ընտրուած էր այդ ժամանակ գումարուած Ս. Սինոդի վերջին օրը, քուէարկութիւններու եզրափակիչ փուլին։ Իսկ այս անգամ, նկատի ունենալով, որ Ս. Սինոդը չէր կրցած ձայներու երկու երրորդը թեկնածուներէն մէկուն վրայ կեդրոնացնել՝ կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը մատնուած էր փակուղիի։ Ինչպէս արդէն ամրան ամիսներուն յայտարարուած էր, ստեղծուած իրավիճակին մէջ ելք մը գտնելու համար, վերջնական լուծման մը հասնելու համար Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները Հռոմ հրաւիրուած են Վատիկանի Ս. Աթոռին կողմէ։
Ուրեմն, այդ տնօրինութեան ի շարունակութիւն՝ այսօր կը վերսկսի՝ անցեալ ամառ ընդհատուած գործընթացը, որպէսզի ընտրուի Կաթողիկէ հայոց նոր կաթողիկոս-պատրիարքը։
Ս. Սինոդի ժողովները նախատեսուած են Լեւոնեան Քահանայապետական հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ։ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի մասնակցութեամբ սկիզբ կ՚առնեն այժմու աշխատանքները։ Գործընթացի վերսկսումէն առաջ, Վատիկանի Ս. Աթոռը փոփոխութեան ենթարկած է համապատասխան կանոնադրութիւնը։ Այս միջամտութիւնը կատարուած է, որպէսզի ենթագետին մը պատրաստուած ըլլայ անցեալ յուլիսին յառաջացած փակուղիի յաղթահարման համար։ Ըստ կանոնադրութեան նոր տրամադրութիւններուն, թէեւ քուէարկութեան առաջին փուլերուն ձայներու երկու երրորդի անհրաժեշտութեան պարագան պիտի մնայ ի զօրու, սակայն եթէ այդ մեծամասնութիւնը չգոյանայ, ապա մեղմացում մը, ճկունացում մը խնդրոյ առարկայ պիտի դառնայ։ Քուէարկութեան յաջորդող փուլերուն բացարձակ մեծամասնութիւնը (50%+1) բաւարար պիտի նկատուի, իսկ եթէ այդ ալ ապահովել հնարաւոր չըլլայ, ապա ի վերջոյ անկախ մեծամասնութենէն, ամենաշատ քուէ ապահոված թեկնածուն ընտրուած պիտի համարուի։ Անոնք, որոնք կը հետեւին այս փուլին, կը յիշեցնեն, թէ վերջին շրջանին Վատիկանի կողմէ կանոնադրութեան նման փոփոխութիւն մըն ալ կատարուած է Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պարագային։ Նոյն աղբիւրները կը նշեն, որ Վատիկան պարզապէս օրինական լուծման ճանապարհը հարթելու ուղղութեամբ քայլ մը առած է եւ այս պահու դրութեամբ նախընտրելի թեկնածու մը չունի։
Այսօր հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները կը հասնին Հռոմ եւ ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ վաղը անոնք հոգեւոր խոկումի օր կ՚անցընեն աղօթական միջավայրի մէջ։ Չորեքշաբթի, սեպտեմբերի 22-ին, կը սկսի բուն գործնական աշխատանքը։ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի օգնական վիճակաւոր Տ. Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան մեզի յայտնեց. «Ձեզի կը վստահեցնեմ, թէ սեպտեմբերի աւարտին պիտի ունենանք մեր նոր կաթողիկոս-պատրիարքը»։ Յառաջիկայ օրերուն այս սիւնակին մէջ պիտի ներկայացնենք իր խորհրդածութիւնները՝ ընտրական գործընթացին կապակցութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
http://www.jamanak.com/content/հարթակ/20-09-2021-այս-անգամ-անպայման
İlk yorum yapan siz olun