Այս տարուայ համալսարանի մտից քննութիւններու արդիւնքը եզակի յաջողութիւն մը կը ցոլացնէ պոլսահայ կրթական համակարգին տեսակէտէ։ Արդարեւ, մեր վարժարանները ոչ միայն ուսուցման, այլ նաեւ մարդակերտումի եւ հայապահպանման կարեւոր օճախներ են։ Այս իրողութիւնը վերահաստատուած է մեր արժէքաւոր երիտասարդներէն Կապրիէլլա Պաքըրճըօղլուի կողմէ համալսարանի մտից քննութիւններուն մէջ արձանագրուած փայլուն ու գնահատելի արդիւնքով։ Ան Ատըեամանի Քեահթա գաւառակէն քաղաքս հաստատուած հինգ եղբայրներու վերջինն է։ Չորս քոյր, մէկ եղբայր՝ Պաքըրճըօղլուները Իսթանպուլ հաստատուելէ վերջ ուսում ստացած են մեր վարժարաններուն մէջ, նաեւ վայելած՝ Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանի հովանաւորութիւնը, անմիջական խնամքը։ Պաքըրճըօղլու բոլոր եղբայրները յաջող ուսումնառութենէ մը վերջ դարձած են համալսարանական։ Կապրիէլլա Պաքըրճըօղլու այժմ անոնց շարքին վերջինն է, որ դարձած է համալսարանական։ Յառաջիկայ տարի ան պիտի յաճախէ Պողազիչի համալսարանը, ուր պիտի ուսանի փիլիսոփայութիւն։ Նկատի ունենալով, որ միւս քոյրերն ու եղբայրը համալսարանը աւարտելով արդէն սկսած են աշխատիլ եւ Իսթանպուլի մէջ ունին նաեւ բնակարան՝ Կապրիէլլա Պաքըրճըօղլուի պարագային կացարան մը փնտռելու անհրաժեշտութիւնը պիտի չըլլայ։
Քեահթայէն Իսթանպուլ գալէ վերջ ան նախ յաճախած է Գալֆաեան, ապա լիսէի տարիներուն ալ՝ Սուրբ Խաչ դպրեվանք։ Լիսէի շրջանին ալ Գալֆաեան տան ննջարանը եղած է իր երդիքը, ուր միշտ ընտանեկան ջերմ վերաբերմունքի արժանացած է։ Համալսարանական դարձած ըլլալու բարձր տրամադրութիւնով Կապրիէլլա Պաքըրճըօղլու իր երախտագիտութիւնը յայտնած է այս երկու կրթօճախներուն նկատմամբ՝ յիշեցնելով, որ տարիներու տեւողութեամբ իր մօտ կուտակուած են բազում քաղցր յիշատակներ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են իր կազմաւորման վրայ։
Այս փայլուն յաջողութիւններու համայնապատկերին վրայ աչքի կը զարնէ նաեւ շատ հետաքրքրական ուրիշ հանգամանք մը։ Արդարեւ, Պաքըրճըօղլու ընտանիքի հինգ զաւակները այժմ Իսթանպուլ հաստատուած են՝ համալսարանական ուսում ստացած ըլլալով կեանքի պայքարի նետուած։ Հինգ եղբայրներու ընտանիքը մէկ կողմէ ուրախ եւ հպարտ է զաւակներու յաջողութիւնով, իսկ միւս կողմէ ունի որոշ գանգատներ։ Արդարեւ, Քեահթայի մէջ իրենց արտը հերկելիք մարդ չէ մնացած։ Անոնց այս գանգատը հասկնալի է, միւս կողմէ ալ պատճառ կը դառնայ, որ այնտեղ մնացած եւս քանի մը հայ պատանիի ծնողները չկամութիւն ցուցաբերեն իրենց զաւակները Պոլիս կրթութեան ուղարկելու նկատմամբ։ Սա վիճակ մըն է, որ կ՚առընչուի ոչ միայն կրթութեան ոլորտին, այլ ամբողջ ընկերամշակութային հենք մը կը ցոլացնէ։
Բարձրագոյն ուսման համար յաջողութիւն կը մաղթենք Կապրիէլլա Պաքըրճըօղլուին, ջերմօրէն շնորհաւորելով իր արձանագրած փայլուն նուաճումը։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/17-09-2021-գնահատելի-արդիւնք
İlk yorum yapan siz olun