İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ՝ ՎԻՐԱԲՈՒԺԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ Հայկական Վագըֆներու Միութեան ¤ԷՐՎԱՊ_ Ատենապետ, ազգային բարերար Պետրոս Շիրինօղլու անցեալ շաբաթ ենթարկուեցաւ բաւական լուրջ վիրաբուժական գործողութեան մը։ Ատենապետը դարմանումի տակ առնուեցաւ »Ֆլորանս Նայնթինկէլ« հիւանդանոցի մէջ, ուր կատարուեցաւ վիրահատութիւնը։ Պետրոս Շիրինօղլուի բերնին մէջ, լեզուի ետին կար գոյացութիւն մը, որ առնուեցաւ փորձառու վիրաբոյժներու կողմէ։ Բժիշկները անհրաժեշտ բոլոր նախազգուշութիւնները առնելու եւ ապագայի համար բոլոր վտանգները կանխելու նպատակով, գործածեցին բոլոր կարելիութիւնները եւ իրականացուցին վիրահատութիւնը, որ տեւեց մօտաւորապէս եօթը ժամ։ 

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու քանի մը օր »Ֆլորանս Նայթինկէլ« հիւանդանոցի մէջ անցընելէ ետք Երկուշաբթի տեղափոխուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց։

Հիւանդանոցի Ընդհանուր Քարտուղարուհի Մարգրիտ Արսլանի հետ խօսեցանք Ատենապետի առողջական վիճակի մասին։ Ան ըսաւ որ Պր. Շիրինօղլու կը գտնուի ապաքինման շրջանի մէջ, լաւ տրամադրութիւն ունի, բերնի մէջէն խողովակները հանուած են ու ան սկսած է բերնով ուտել։ 

Անցեալ ըլլայ կþըսենք յարգելի Ատենապետին ու արագ ապաքինում կը մաղթենք իրեն այն յոյսով որ ամենակարճ ժամանակի մէջ պիտի վերադառնայ պաշտօնի գլուխ ու պիտի շարունակէ ծառայել մեր համայնքին։

https://www.normarmara.com/arsiv2021-2/150921lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın