İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ՝ ԿԱՊՐԻԷԼԼԱ ՊԱՔԸՐՃԸՕՂԼՈՒԷՆ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Այս առտու Գալֆաեան վարժարանի եւ յետոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքի շրջանաւարտուհի Կապրիէլլա Պաքըրճըօղլուէն ստացանք հետեւեալ սրտախօսիկ նամակը, որով ան իր հրապարակային երախտիքն ու շնորհակալութիւննեը կը յայտնէ վերոյիշեալ երկու հաստատութիւններուն եւ ուսուցիչներուն։ Թարգմանաբար մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երախտագիտութեան այս նամակը.-

***

Ես Կապրիէլլա Պաքըրճըօղլուն եմ։ Տասը տարի առաջ Ատըեամանէն եղբօրս եւ քոյրերուս հետ միասին Իսթանպուլ եկած եմ՝ իմ լեզուն, իմ մշակոյթը ազգային վարժարանի մէջ սորվելու համար։ Երրորդ դասարանէն սկսեալ ուսանեցայ Գալֆաեան վարժարանի մէջ։ Գիշերօթիկի սան էի։ Ես, եղբայրս ու քոյրերս, տարուայ ինը ամիսներուն դպրոցի մէջ կը մնայինք, շաբաթավերջերն ալ ներառեալ։ 

Գալֆաեանի միջնակարգի բաժնէն վկայուելէ ետք, ուսումս շարունակեցի Ս. Խաչ Դպրեվանքի լիսէին մէջ։ Այդ տարիներուն կը մնայի Գալֆաեան վարժարանի գիշերօթիկի մէջ։ 

Երկու վարժարաններն ալ ուսումնառութեանս ամբողջ տեւողութեան տաքուկ բոյն մը եղան ինծի համար։ Գեղեցիկ ապրումներ ու յիշատակներ ամբարեցի այդ տարիներէն ու այս տարի վկայուեցաւ Դպրեվանքէն։ Մասնակցեցայ համալսարանի մտից քննութիւններուն ու իրաւունք շահեցայ ուսանելու Պօղազիչի համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղին մէջ։

Այս տողերով իմ երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կեանքի պատրաստեցին զիս, աւանդ ունեցան ուսմանս ու դաստիարակութեանս գործին մէջ։

https://www.normarmara.com/arsiv2021-2/140921lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın