Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ երեկոյեան Պոլոնիայի մէջ, Իտալիա, հիւրընկալուեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը եւ Նորին Սրբազնութիւնը Պոլոնիայի մէջ կը գտնուէին Մեծն քսանեակի (G20) շրջանակներէն ներս կազմակերպուած միջազգային կարեւոր ֆորումի մը առթիւ։ «G20»ի իտալական նախագահութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած այդ ֆորումի ատենախօսներու շարքին էին երկուքն ալ։ Բացի ֆորումի ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներէն, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք երէկ երեկոյեան առանձին տեսակցութիւն մը ունեցաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, սիրալիր հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան իջեւանած պանդոկին մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Քաղկեդոնի Էմմանուէլ Մետրապոլիտը։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները, որոնց փոխադարձեց տիեզերական պատրիարքը։ Զրուցակիցները կանգ առին նաեւ Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ հաստատուած աստուածաբանական երկխօսութեան ընթացքին վերաբերեալ նիւթերու վրայ, նաեւ տպաւորութիւններ փոխանակեցին Պոլոնիայի մէջ կազմակերպուած ֆորումի ծիրէն ներս ծաւալուած աշխատանքին շուրջ։
«Առողջացման ժամանակը. մշակոյթներու միջեւ խաղաղութիւն, փոխհասկացութիւն կրօններու միջեւ» խորագրեալ այս միջհաւատքային ֆորումի ծիրէն ներս երէկ յետմիջօրէին ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Կեդրոնացեալ քննարկումներու բաժնին մէջ նախատեսուած էր այն նիստը, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը զեկուցեց։ Սա իսկապէս եղաւ կեդրոնացեալ մտավարժանք մը, որու ընթացքին որոնուեցաւ պատասխանը այն հարցումին, թէ «արդեօք քրիստոնէական էքիւմենիզմը մոտե՞լ մըն է»։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի զեկուցած նիստի միւս ատենախօսներու շարքին էին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Եոհան Սոքա եւ Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ Քրիստիան Քրիէկէ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկուան զեկոյցին մէջ արտայայտեց այն համոզումը, թէ միջեկեղեցական շարժումը կրնայ երկխօսութեան լաւ օրինակ մը հանդիսանալ աշխարհի այսօրուայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։ Արդարեւ, պատմութեան մէջ եկեղեցիներու կամ քրիստոնէական զանազան յարանուանութիւններու միջեւ ստեղծուած են պատեր, յառաջացած է անհանդուրժողութիւն ու տեղի ունեցած է պայքար։ Այդ բոլորէն վերջ միջեկեղեցական շարժումը ճանապարհ հարթած է, որպէսզի այդ պատը քանդուի։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բացատրեց, որ այսպէսով եկեղեցիները կամ յարանուանութիւնները զիրար ճանչցած են, իրարու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքը վերականգնուած է եւ փոխհասկացութեան ամրապնդման զուգահեռ ստեղծուած է համագործակցութեան միջավայր՝ մանաւանդ ընկերային բնոյթով հարցերու կապակցութեամբ։
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկուան զեկուցման մէջ մասնաւորապէս ընդգծեց նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմական փորձառութիւնը։ Արդարեւ, ան Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ այս ֆորումին բերուած մասնակցութիւնն ալ դրական նշան մը համարած է՝ նիստի ընթացքին քննարկուած հարցի պատասխանին տեսակէտէ։ Նորին Սրբազնութիւնը դիտել տուաւ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ ան երբեք չէ մեկուսացած իր կապերով եւ Արեւելք-Արեւմուտք բաժանման գիծերու մէջ չէ սահմանափակուած, չէ պարփակուած։ Երուսաղէմի, Անտիոքի, Եդեսիոյ, Աղեքսանդրիոյ, Կ. Պոլսոյ եւ այլ եկեղեցական կեդրոններու հետ միշտ ունեցած է կապեր։ Նորին Սրբազնութիւնը իր զեկուցման մէջ առանձնացուց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի օրինակը՝ որպէս միջեկեղեցական ոգիի վառ ներկայացուցիչ։ Այդ ոգին ալ ցոյց կու տայ, որ միջեկեղեցական շարժումը կրնայ երկխօսութեան մոտել մը ըլլալ, որովհետեւ այդ մէկը միայն հայկական չէ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Պոլոնիայի զեկուցման ընթացքին Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի աստուածաբանական ու դաւանաբանական գրութիւններէն դիպուկ օրինակներ մէջբերեց ու յայտնեց, որ այդ օրինակելի ոգին այսօրուան համար ալ ընդօրինակելի է։ Բաց աստի, մեր օրերու, արդի պատմութեան վերաբերեալ իրողութիւններու լոյսին տակ՝ ան բացատրեց, որ հայ ժողովուրդի կեանքն ու սփիւռքի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը եւս կը հաստատեն այս բոլորը՝ մասնաւորապէս, զանազանութիւններու միջավայրերու մէջ գոյատեւելու առումով, բազմամշակոյթ, բազմակրօն ու բազմազգ միջավայրերու մէջ գտնուելու պայմաններուն բերումով։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մղումը միշտ եղած է՝ միութեան, ներդաշնակութեան առաջնահերթութիւն ընծայելու ուղղութեամբ։ Հայ Եկեղեցին եկեղեցւոյ միութիւնը ընկալած է ու կ՚ընկալէ՝ մարմնի մը կազմած ամբողջութեան նմանութեամբ։
Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաւատքի հիմքը սէրն է։ Ուստի, եթէ հաւատքի հիմնական կէտերու պարագային միութիւն ըլլայ, ապա մնացեալ տարբերութիւնները բաժանման պատճառ մը չեն կրնար դառնալ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան համոզուած է, թէ այս բոլոր մօտեցումները կրնան վերագրուիլ նաեւ միջկրօնական յարաբերութիւններու հարթութեան։
Նախապէս յայտարարուած էր, որ Պոլոնիայի մէջ կազմակերպուած այս ֆորումի ընթացքին ելոյթներով հանդէս պիտի գայ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Այս վերջինը անակնկալ հանգամանքներու բերումով չէ կարողացած Պոլոնիա մեկնիլ եւ արաբական աշխարհի վերաբերեալ քննարկման ժամանակ հեռավար դրութեամբ ներկայացուած է իր խօսքը։
Հակառակ ծրագրին վրայ նախատեսուած ըլլալուն, նոյնպէս Պոլոնիա չէ կարողացած մեկնիլ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, որ եւս ելոյթ մը պէտք է ունենար այնտեղ։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Պոլոնիայի մէջ կեցութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան տեսակցած է նաեւ տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F14-09-2021-կեդրոնացեալ-մտավարժանք
İlk yorum yapan siz olun