İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՄԻԱՍՏՈՒԱԾԵԱՆ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ՆՊԱՍՏԵԼ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆՆԵՐՍ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս G20-ի միջազգային ֆորումին

Ա՛յս էր հիմնական կէտը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, G20-ի պետական ղեկավարներուհանդիպումը կանխող միջազգային ֆորումին ուղղած իր պատգամին: Ընդհանրապէս G20 հանդիպումէն առաջ, միջազգային ֆորում կը կազմակերպուի նոյն օրակարգի հարցերուն շուրջ, մասնակցութեամբ՝ քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական, տնտեսական, կրօնական եւայլ մարզերու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն:

Իտալիոյ մէջ 10-14 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած ֆորումին, որուն մասնակցեցան աշխարհիզանազան շրջաններէն աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ, Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էրիբրեւ գլխաւոր դասախօս (Keynote speaker), «Կրօնի դերը արաբական աշխարհի մէջ տագնապներուլուծման գծով» նիւթին շուրջ: Նկատի ունենալով Լիբանանէն ներս տիրող ընկերա-տնտեսականտագնապը եւ Լիբանանի հայ համայնքին օժանդակութեան հրամայականը, ՎեհափառՀայրապետը չկարողացաւ անձնապէս մասնակցիլ յիշեալ ֆորումին: Սակայն, ընդառաջելովկազմակերպիչ յանձնախումբի փափաքին, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը առցանց փոխանցեցֆորումին:

Նորին Սրբութիւնը իր դասախօսութիւնը սկսաւ յիշեցնելով որ՝ «ներկայ աշխարհը կը դիմագրաւէահաւոր բեւեռացումներ, լարուածութիւններ եւ բազմազան տագնապներ: Հետեւաբար, ան կարիքըունի փոխադարձ հասկացողութեան, երկխօսութեան ու գործակցութեան՝ ամրագրուած բարոյականարժէքներու եւ մարդկային իրաւանց վրայ»: Այս ուղղութեամբ, շեշտելով կրօնի դերը, ՎեհափառՀայրապետը անդրադարձաւ արաբական աշխարհէն ներս միաստուածեան կրօններուհաւաքական պատասխանատուութեան: Ան ըսաւ թէ՝ «միաստուածեան երեք կրօնները՝ Հրէութիւնը, Քրիստոնէութիւնը եւ Իսլամութիւնը գործակցաբար առանցքային դեր կրնան կատարել, նկատիունենալով՝ առաջին, անոնց ունեցած հասարակաց արմատները՝ աւանդութիւններն ու արժէքները. երկրորդ, անոնց տիրական ներկայութիւնը իրենց համայնքներու կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, եւերրորդ, անոնց գոյակցութեան երկար պատմութիւնը, որ յաճախ յատկանշուած է լարուածութեամբեւ տագնապներով»: Ապա, Վեհափառը յիշեցուց թէ՝ «Միջին Արեւելքէն գալով եւ քաջածանօթ ըլլալովանոր անցեալի ու ներկայի պատմութեան, ոմանց համար, դերեւս, միաստուածեան կրօններու միջեւգործակցութիւնը կրնայ իրապաշտ առաջարկ մը չթուիլ՝ շրջանէն ներս շարունակուողտագնապներու լոյսին տակ»: Սակայն, Վեհափառը շեշտեց, թէ «երեք կրօնները կրնան հարթակդառնալ շինիչ երկխօսութեան եւ ընդհանրական հարցերու շուրջ հաւաքական մօտեցումներուձեւաւորման»: 

Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ ընդգծումները կատարեց.-

1) «Միաստուածեան երեք կրօններու ներկայացուցիչները տարբեր առիթներով ու տարբերշրջագծերէն ներս յաճախ հանդիպած են ու կը հանդիպին միջազգային մակարդակի վրայ: Հետեւաբար, ինչո՞ւ անոնք պիտի չկարենան հանդիպիլ շրջանէն ներս ապաքաղաքականօրակարգի մը շուրջ՝ դառնալով արդարութիւն սերմանող եւ փոխադարձ վստահութիւն ներշնչողկրօնական հարթակ մը:

2) Նման հանդիպումներ յիշեալ կրօններու համար կրնան մեծապէս օգտակար դառնալ՝վերահաստատելու իրենց հասարակաց արժէքները եւ զանոնք դարձնելու համահունչ ներկայժամանակներու ու իրականութիւններու: Նման քննարկումներ նաեւ կրնան օգտակար հանդիսանալծայրայեղութեան, անհանդուրժողութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ տարուող համաշխարհայինպայքարին: 

3) Ընկերութիւնները յուզող տագնապներու գծով, միաստուածեան կրօններու մօտեցումը պէտք էըլլայ ոչ-հակազդող, այլ՝ հասարակաց արժէքներու վրայ խարսխուած նոր մօտեցումներառաջարկող: Անոնք զգոյշ պէտք է ըլլան նոյնանալու քաղաքական ու գաղափարախօսականայնպիսի շարժումներու հետ, որոնք կրնան կրօնի ինքնութիւնը խաթարել ու վնասել անորիւրայատուկ դերին:

4) Անփոփոխ պահելով հանդերձ իրենց ինքնութիւնը եւ ուսուցումները, միաստուածեան կրօններըանհրաժեշտ է որ գործակցութեան կամուրջներ հաստատեն քաղաքացիական ընկերութենէն ներսգործող կառոյցներուն հետ՝ միասնաբար դիմագրաւելու ընկերութիւնը տագնապեցնող խնդիրը: 

5) Կառավարութիւններու եւ ընդհանրապէս քաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ ո՛րեւէ կրօն, ո՛րեւէ տեղ եւ ո՛րեւէ պայմաններու մէջ, պէտք է ըլլայ խստապահանջ, բարոյական արժէքներէմղուած՝ պահանջելով հաշուետուութիւն, թափանցիկութիւն եւ կառավարման արդար ձեւ»:

Եզրակացնելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ միաստուածեան կրօնները կրնանմեծապէս նպաստել Միջին Արեւելքէն ներս՝ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան, ինչպէսնաեւ ազգերու, կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ խաղաղ եւ ներդաշնակ գոյակցութեանհաստատման այնքան հրամայական անհրաժեշտութեան: 

Նորին Սրբութեան խօսքին յաջորդեց վեց հոգիներէ բաղկացած քննարկումի նիստը:

Աղբիւր։ https://www.facebook.com/holyseeofcilicia

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın