Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Սեպտեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի եւ Ատենապետ՝ Արուշ Թաշի։
Հիւրերը, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ փափաքած էին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր անձամբ արագ ապաքինման բարեմաղթութիւններ փոխանցել։ Տէր Հայրը, յայտնեց, թէ՝ միշտ աղօթող կը մնան Պատրիարք Սրբազան Հօր արեւշատութեան համար եւ տեսնելով Նորին Ամենապատուութեան ապաքինումը, որպէս Ս. Յարութիւն Եկեղեցի գոհութեամբ փառք կը մատուցանեն առ Աստուած։ Ներկաներ, հանդիպման ընթացքին, նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարչութեան գործունէութեան մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պատրիարք Հօր։ Այս առիթով իրենց ծրագիրներուն մասին եւս զեկուցեցին։
Մեր Հոգեւոր Պետը, փափկավարական այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Հօր եւ վարչական կազմի անդամներուն։ Փոխանցուած տեղեկութիւնները եւս լսելով իր հայրական թելադրութիւնները ըրաւ անոնց։ Այս առիթով, հիւրերուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun