İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Սեպտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Էրկիւն Վարդգես Այըքի։

Հիւրերը, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ փափաքն ունեցած էին, Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ հանդիպում ունենալու, իր հետ զրուցելու եւ որպէս պաշտօնական մարմինը Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ, հանգամալից տեղեկութիւններ փոխանցելու։ Անոնք զրոյցի ընթացքին յստակօրէն պատկերացուցին եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը ու վերանորոգութեան փուլերուն մասին տեղեակ պահեցին Մեր Հոգեւոր Պետը։ Անոնք, նաեւ վարչութեան գործունէութեան մասին եւս զեկուցեցին։

Պատրիարք Հայրը, ողջունեց ներկաները եւ լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը, ուրախութեամբ անդրադարձաւ զարգացումներուն եւ յայտնեց թէ՝ եկեղեցւոյ դէպի բարելաւ ընթացքը գոհունակութիւն կը պատճառէ նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յայտնեց թէ՝ մօտէն կը հետեւի եկեղեցւոյ հետ առընջուած զարգացումներուն եւ վարչական կազմէ փոխանցուած տեղեկութիւնները, այս առումով յատուկ իմաստ կ՚ունենար յաչս Աթոռոյ։ Պատրիարք Հայրը, մաղթեց որ եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութիւնները յաջողութեամբ ի կատար ածուին եւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցին մերձաւոր ամիսներուն որպէս աղօթքի տուն վերստին իր դրները բանայ այցելուներուն առջեւ։ Այցելութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը իր օրհնութիւնը փոխանցեց վարչայիններուն ու կարողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն ծառայութեանց մէջ։  

Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Կիրակոս Եկեղեցին իր ընդարձակ համալիրով, գաւառի մեծագոյն եկեղեցին է, որ կը գտնուի Պատրիարքական Աթոռոյ իրաւասութեանց սահմաններուն մէջ։ Անցեալ տարիներուն բարեզարդուած եկեղեցին ահաբեկչական դէպքերու պատճառաւ անմխիթար վիճակի մատնուած էր։ Իսկ, ներկայիս եկեղեցին վերստին վերանորգութեան ընթացքի մէջ է։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın