Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Սեպտեմբեր 2021, Երեքշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Յովհաննէս Կոպոեանի։
Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 12 Սեպտեմբեր 2021, Կիրակի, Խաչվերացի Տաղաւարին։ Այցելուները, օրուան կրօնական հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր օրհնութիւնը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին, որպէսզի նախագահէ տաղաւարի արարողութեանց։ Հիւրերը, տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։
Պատրիարք Հայրը լսեց այցելուներուն ներկայացուցած տեղեկութիւնները եւ հայրաբար թելադրութիւններ ըրաւ անոնց։ Նորին Ամենապատուութիւնը, յիշեց Քորոնա Համավարակի պատճառաւ անցեալ տարի պարզուած իրավիճակը։ Այս առթիւ, մաղթեց որ բաղդատմամբ անցեալ տարուան տօնախմբութեան, այս տարուան տօնախմբութիւնը աւելի փայլուն անցնի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս ուղղութեամբ, Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց ներկաներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun