Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Սեպտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի եւ Ատենապետ՝ Եսայի Տէմիրի։
Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 26 Սեպտեմբեր 2021, Կիրակի պիտիկատարուի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեանաղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները, սոյնհանդիսութեանց նախասեմին օրհնութիւնը խնդրեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր եւարարողութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։ Անոնքտեղեկութիւն տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի գործունէութեանց մասին։ Հիւրերը յայտնեցիննաեւ թէ՝ նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները, այս տարուանտօնակատարութիւնները եւս պիտի կատարուիէին առանց սիրոյ սեղանի։
Մեր Հոգեւոր Պետը, հիւրերը ողջունեց եւ յայտնեց թէ Ս. Գէորգի տօնակատարութեանցնախօրեակին կը լսէր Սամաթիոյ Ընտանիքի անդամներուն փոխանցած պաշտօնականտեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը, Քորոնա Համավարակի յաջորդող շրջանին ստեղծուածնիւթական դժուարութիւններուն անդրադարձաւ եւ յիշեցուց, թէ՝ միասնական ոգիով ուխոհեմութեամբ պէտք է քալել այս նեղ օրերուն։ Ի միջի այլոց Պատրիարք Հայրը, միշտ գնահատողն էՍամաթիոյ ազգային – եկեղեցական կեանքին եւ միշտ յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի թաղիշուրջ ստեղծուած աւանդական ու ողջ տեսարանին, բան մը որ յոյս կը ներշնչէ շատերուն։ Այսառումով, Պատրիարք Հայրը, օրհնեց ներկաները եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենցգործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun