İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՈՒՆԻ 75 ԱՇԱԿԵՐՏ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը, որ մասնաւոր առաքելութիւն եւ առանձնայատուկ դիրք մը ունի պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս, 2021-2022 կրթական շրջանին եւս վերաբացած է իր դռները։ Ներկայ վերամուտին խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէ դպրոցէն ներս։ Հայաստանէն արտագաղթելով Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքներու դպրոցահասակ երեխաներուն համար ջերմ երդիք մը կը հանդիսանայ այս դպրոցը, որ թէեւ պաշտօնական կարգավիճակ չունի, սակայն կը գործէ «հանդուրժուած» ձեւով։ Հետեւելով Հայաստանի դրութեան՝ վարժարանին մէջ նոր կրթական շրջանը սկսած է սեպտեմբերի 1-ին։ Այս տարի դպրոցը ունի ընդհանուր թիւով 75 աշակերտ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, 22 փոքրիկ արձանագրուած է մանկապարտէզ, իսկ նախակրթարանի ու միջնակարգի միւս դասարանները կը յաճախէ 53 աշակերտ։

«Հրանդ Տինք» դպրոցէն ներս 16 հոգիէ բաղկացեալ ուսուցչական կազմ մը ուսում կը ջամբէ աշակերտներուն՝ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Դպրոցը ունի նաեւ 2 աշխատող։

Տարիներէ ի վեր այս եզակի կրթօճախի առաքելութիւնը յառաջ կը տարուի՝ շնորհիւ կամաւորներէ բաղկացեալ անպաշտօն հոգաբարձութեան մը գերմարդկային ջանքերուն։ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը մեծ նուիրումով կը գլխաւորէ այդ ջանքերը։

«Հրանդ Տինք» դպրոցի շրջանաւարտները հնարաւորութիւն կ՚ունենան Հայաստան վերադառնալով ստանալ իրենց պաշտօնական վկայականը եւ շարունակել ուսման գործընթացը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/7-09-2021-կէտիկփաշայի-«հրանդ-տինք»-դպրոցը-այս-տարի-ունի-75-աշակերտ?fbclid=IwAR3qTni89a8ZvY1YRuqJXoFL1Pe7lRXsH9wU5Wf7RNgptESnpZDsEPQLBX8

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın