İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ.Ի ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 Սեպտեմբեր 2021, Երեքշաբթի միջօրէին Պատրիարքարանի պաշտօնարանին մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն-ու Արեւմտեան Կիլիկեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի այցը։ Նորին Սրբազնութիւնը միօրեայ այցելութեամբ ժամանած էր Պատրիարքարան։

Հանդիպումին ներկայ էին Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Դիւանապետի օգնական՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Սրբազան Հայրը Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնները։ Ապա զրոյց տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցին եւ հայ իրականութիւնը յուզող զանազան նիւթերու մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց Գերաշնորհ հիւրին եւ ուրախութիւնը յայտնեց զինք հիւրասիրելուն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ Սրբազան հիւրին միջոցաւ իր ողջոյնները յղեց Նորին Սրբութեան։ Պատրիարք Հայրը, յիշելով Լիբանանի մեր համայնքի վիճակը, ըսաւ որ իր աղօթքներուն մէջ է Լիբանանը ընդհանրապէս եւ Լիբանանահայութիւնը՝ մասնաւորապէս։

Նորին Սրբազնութիւնը այսօր կը վերադառնայ Լիբանան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın