İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Միլիոնաւոր տոլարի աջակցութիւն Լիբանանի հայութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը կը հաղորդէ, որ երէկ Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, որ մատուցած է Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Արամ Ա. լիբանանահայութեան ուղղած է հայրապետական պատգամ մը։

Իր պատգամին մէջ, կաթողիկոսը յայտարարած է, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, Լիբանանի հայութիւնը պէտք է մնայ կառչած Լիբանանին։

Վեհափառը աւելցուցած է. «Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Անթիլիասը հոն չէ՛, Անթիլիասը հո՛ս է, ձեզի՛ հետ է. դո՛ւք էք Անթիլիասը։ Անթիլիասը մեր ժողովուրդին կեանքէն հեռու, դուրս՝ նոյնիսկ վեր իրականութիւն մը չէ՛։ Անթիլիասը մեր համայնական կեանքն է։ Անթիլիասը հոն է, եւ պիտի ըլլայ, ուր կարիք կայ մեր ժողովուրդի կեանքի կենսագործման, ուր մարդակերտումի եւ հայակերտումի պահանջք կայ, ուր ազգային պահանջատիրական պայքար կայ, ուր մեր ժողովուրդի կարիքներուն օգտակար ըլլալու պահանջքը կայ»։

Իսկ վերջապէս, առ այդ, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աջակցութեան եւ զօրակցութեան գործնական քայլ ան յայտարարած, որ.-

ա) Յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին Կաթողիկոսարանի ճամբով մէկ միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի, առանց խտրութեան, լիբանանահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն՝ բոլոր շրջաններէն ներս։

բ) Լիբանանահայութեան զաւակներուն բնակարանային դժուարութիւններուն համար եւ նորապսակ զոյգերուն ընտանեկան բոյն կազմելուն առ ի քաջալերանք, Կաթողիկոսարանին կողմէ պիտի յատկացուի չորս միլիոն տոլար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած բնակարանային ծրագրին, որուն առաջին միաւորը պիտի ամբողջանայ յառաջիկայ ամիսներուն։

գ) Հայրապետը չեղեալ համարած է Կաթողիկոսարանին կողմէ կառուցուած Ֆանարի ժողովրդային տուներուն Կաթողիկոսարանին նկատմամբ նիւթական պարտաւորութիւնը (չորս միլիոն տոլար), որ կը վերաբերի սեփականատիրութեան իրաւունքի։

դ) Հայրապետին թելադրանքով, պիտի շարունակուին Լիբանանի Թեմին համար կատարուելիք հանգանակութիւնները, յատկապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն մէջ։

ե) Նկատի ունենալով, որ գաղութի մը ինքնութեան պահպանման եւ հզօրութեան աղբիւրը հայ դպրոցն է, ազգային վարժարաններուն նկատմամբ եւս յատուկ ծրագիր մը մշակուած է։


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.