İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌ ԱԶՆԻՒ ԱՆԴԱՄՈՑՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ, ՈՐՔ ԲՆԱԿԻՆ Ի ՄԱԼԱԹԻԱ

Մեզի համար հոգեւոր մեծ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն է ողջունել Աստուծոյ փառքին ընծայուածտաճարի մը վերականգնումը, յետ իրականացած հիմնական վերանորոգչական աշխատանքներու։ 

Ամենասուրբ Երրորդութեան անուան ընծայուած պատմական տաճարը աւելի քան դարէ մը ի վերկը գտնուէր անմխիթար վիճակի մը մէջ։ Այդ վիճակին ի տես շատ հոգիներ այսօր ի Քրիստոս կըննջեն առանց վայելելու այն ուրախութիւնը զոր մենք կ՚ապրինք այսօր։ Այս ուրախալի ու յոյժերջանկացուցիչ պահը մենք կը պարտինք նախ եւ առաջ աղօթքի զօրութեան։ Վստահ ենք թէ շատերաղօթք առաքեցին առ Աստուած այս աղօթքի տան վերականգնումին համար։ Շատեր իրենցպապենական հաւատքին զօրութեամբ աղօթեցին, որ Աստուած արժանացնէ զիրենք աղօթքբարձրացնելու այս տաճարի սրբազան երդիքին տակ։ Շատեր սրտի խորերէն հաւատքով, յոյսով եւսիրով արտասանուած խնդրանքներով ու մաղթանքներով շարժեցին երկինքը։ Եւ այսօրհաւատացեալ սրտերէն բղխած աղօթքներուն իբր պատասխան կը հրաւիրուինք ուրախանալուՍուրբ Գրքի բառերով. §Այսօր է զոր արար Տէր, եկա՛յք ցնծասցուք և ուրա՛խ եղիցուք ՚ի սմա¦ (Սաղմոսք, 117.24)։ Այսօր երբ այս պատմական տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի, կըհաւատանք որ ի Քրիստոս ննջած քաղաքացիներու հոգիները ներկայ են Սուրբ Սեղանին շուրջ։

Այսօր հաւատացեալներ զիրար կ՚ողջունեն ըսելով. §Ուրախ եղէ ես ոյք ասէին ցիս. ի տուն Տեառներթիցուք մեք¦ (Սաղմոսք, 121.1)։

Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին, որ մեր բարեխնամ պետութիւնը դրական մերձեցումով, ըրաւ ամէն ինչ, որպէսզի այս աղօթքի տունը ներկայանալի վիճակ մը ստանայ, որ պարծանքն էնաեւ պատմական Մալաթիա քաղաքին։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններ եւսաջակցեցան ու այսօր աղօթք կ՚առաքենք առ Աստուած վասն բարօրութեան մեր երկրին՝ Թուրքիոյ։Յանուն մեր համայնքին կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնները բոլորին, մաղթելով յաջողութիւնիրենց հայրենանուէր գործունէութեանց մէջ։

Այս ուրախ առիթով մեր հայրական օրհնութիւնները կու տանք յատկապէս Մալաթիոյ մեր համայնքիանդամներուն, որոնք կ՚ապրին ու կ՚ապրեցնեն Քրիստոնէական հաւատքը, հաւատարիմ մնալովՔրիստոսի խօսքին, §կայսեր պատկանածը կայսեր, Աստուծոյ պատկանածը Աստուծոյ¦ տալով(Ղուկաս, 20.25)։ Որպէս պատուաւոր ու հաւատարիմ քաղաքացիներ կը գործեն ու կ՚ապրինՄալաթիոյ մէջ իրենց հարեւաններու հետ, ունենալով առօրեայ երկխօսութիւն եւ կու տանվկայութիւնը մեր ժողովուրդի շինարար ոգիին։ Մենք գնահատանքով կ՚արձանագրենք իրենցհոգածու կեցուածքը հանդէպ քաղաքի Հայոց Գերեզմանատան ու Ս. Յարութիւն Մատրան։Յատկապէս կը գնահատենք, որ այս գողտրիկ աղօթատեղիին մէջ կ՚ապրի Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորերգը եւ աղօթքը։

Մենք կ՚օրհնենք նաեւ մեր համայնքի բնիկ Մալաթիացի անդամները, որոնք հեռու մնալով հանդերձկը փորձեն պահել իրենց ծննդավայրի աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապպահելով իրենց քաղաքին հետ։ Այս գծով կը գնահատենք Պոլսոյ մէջ գործող ՄալաթիացիներուՀայրենակցական Միութեան վարչութիւնը եւ անդամները, որոնք եւս ունեցան իրենց ներդրումըտաճարի վերանորոգութեան աշխատանքներու յաջողութեան։ 

Հուսկ՝ մեր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք առողջերկխօսութեամբ իրենց ներդրումը ունեցան այս գեղեցիկ գործին յաջողութեանը համար։ Աստուածվարձահատոյց ըլլայ բոլորին։

Շնորհք, սէր եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւն եղիցի ընդ Ձեզ եւ ընդ մեզ ամենեսին. Ամէն։

+ ՍԱՀԱԿ Բ.

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

23 Օգոստոս 2021

Ա.11/12810

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın