İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ –

Անցեալէն մինչեւ այսօր, Հայոց մօտ դարձած է գեղեցիկ սովորութիւն մը, որով երբհաւաքականութիւն մը կազմուի անոնք առաջին հերթին կը հիմնեն իրենց եկեղեցին եւ ապաեկեղեցին որպէս կեդրոն ունենալով կը կազմակերպեն համայնքային կեանքը։ 

Երբեմնի հայաշատ Մալաթիոյ եւ կամ այլ անունով՝ Մէլիտինէի մէջ տեսարանը տարբեր չէ եղած եւքաղաքի մէջ նախնական ժամանակներուն բարձրացած են վանական համալիրներ եւ եկեղեցիներ։Աւա՜ղ անցեալի, հայաշատ գաւառի տեսքը ներկայիս գոյութիւն չունի հանդերձ իրենցհամալիրներով, սակայն մեծ մխիթարութիւն է տակաւին քաղաքին մէջ տեսնել հայկականընտանիքներու գոյութիւնը, որոնք տասնամեակներ շարունակ քաղաքի մէջ կ՚ապրին ու շարունակենվառ պահել իրենց պապենական կեանքը եւ յատկապէս Քրիստոնէական հաւատքը։

Քաղաքի ժողովուրդի եւ Մալաթիացի մեր բարեկամներուն համար պատմական մեծ մխիթարութիւնկը դառնայ այս շաբաթավերջը, քանի քաղաքի պատկան մարմիններուն յատուկ հոգածութեանառարկայ դարձած ու երկար տարիներ յետոյ ի հիմանէ վերանորոգուած այս պատմական աղօթքիտունը, իր թարմ տեսքով պիտի հիւրընկալէ Հայ հաւատացեալը։ Որքան պատմական ուպատուական օր մը կը սպասէ Մալաթիան, քանի մօտաւորապէս հարիւր տարի յետոյ քաղաքի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ սուրբ կամարներուն ներքեւ պիտի հնչէ «Խորհուրդ Խորին» շարականը եւհաւատացեալներ պաշտօնապէս վերաբացուած եկեղեցւոյ մէջ իրենց գոհութեան աղօթքը պիտիվերառաքեն առ բարձրեալն Աստուած։ Իսկ, եկեղեցին իր նաւակատիքէն մինչեւ այսօր, առաջինանգամ պաշտօնապէս պիտի դիմաւորէ Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ իրբարձր նախագահութեամբ պիտի գլխաւորէ պատմական օրուան։ Հետեւաբար ո՛չ միայն Մալաթիաքաղաքին, այլ՝ Թրքահայոց Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան մէջ եզակի եւ յատկանշականյիշողութիւնը պիտի ունենայ այս արարողութիւնը։

Այս ուրախացուցիչ տօնակատարութիւնը առիթ օգտագործելով, մեծ պատմաբան ԱրշակԱլպոյաճեանի հեղինակութիւնը հանդիսացող «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՀԱՅՈՑ» հաստափորյուշամատեանէն քաղել փորձեցինք Մալաթիոյ քաղաքի եկեղեցիներէն Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյմասին գրի առնուած պատմական յիշատակութիւններ փունջ մը։ 1961ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսածգրքի մէջ հեղինակը, ի ձեռին ունենալով պատմական բազմաթիւ տուեալները, անմահացուցած էերբեմնի Մալաթիոյ կրթական եւ հաւատքի կեանքը, կառոյցները եւ քաղաքի մասին գրեթէ ամէնինչ։ 

Մամուլի մէջ լոյս տեսած գրութիւնները անշուշտ, թէ՝ բաւականին օգտակար կը դառնանԱլպոյաճեանին, իսկ Տիրան Արքեպս. Ներսոյեանի (ապա՝ Ընտրեալ Պատրիարք Ս. Երուսաղէմի) ջանքերու շնորհիւ Կարապետ Քահանայ Պէննէեանի «Մալաթիոյ Պատմութիւն» ձեռագիրը երբ կըհասնի Ալպոյաճեանին եւ ան մեծապէս կ՚օգտուի աշխատութեան ընթացքին։

Սոյն յուշամատեանի հրատարակութենէն, մօտաւորապէս 60 տարիներ յետոյ երբ Ս. ԵրրորդութիւնԵկեղեցին, 2021ին որպէս աղօթքի տուն եւ մշակութային կեդրոն իր դռները պիտի բանայ, կըհաւատանք թէ՝ ներկայ սերունդը պարտքն ունի շարունակելու Ալպոյաճեանի ուղին եւյիշատակներով, գիտութիւններով տող առ տող, նախադասութիւն առ նախադասութիւն գրիառնելով պէտք է կատարելագործէ աշխատութիւնը։ 

2013ին Մալաթիոյ Հայոց Գերեզմանատան մէջ բացումը կատարուած Ս. Յարութիւն Մատուրը, առիթդարձած էր որ Մալաթիոյ քաղաքի հոգեւոր կեանքը նոր թափ մը ստանայ եւ այդ հանգրուանըդառնայ՝ Մալաթիոյ յիշատակելի թուականներէն մին։ Իսկ, այս անգամ օծումը կը կատարուիեկեղեցւոյ մը, որ աւելի քան 150 տարուայ պատմութիւն ունի։ 

Մալաթիոյ նոր քաղաքը 19րդ դարուն մէջտեղը հաստատուած ըլլալուն, բաղդատմամբ հին քաղաքիեկեղեցական կեանքին, աւելի նոր երեւոյթի մը տէր է։ Նոր քաղաքը ունէր երեք եկեղեցիներ՝ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի եւ Ս. Յարութիւն Եկեղեցի։Ուստի, Ալպոյաճեանի տողերով եկէ՛ք նախ հետեւինք, թէ՝ Ս. Երրդորութիւն Եկեղեցին ինչպէսհիմնուած էր եւ ինչպիսի յիշատակներ առընչուած էին այս եկեղեցւոյ հետ։

«Ս. Երրդորութիւն Եկեղեցին՝ շինուած է Հայոց կեդրոնն եղող ԹԷՔ ՉԷՇՄԷ կամ վարի թաղին մէջ։Աջակողմեան մէկ մատուռով ունի խորան (երկու կողմինները երկյարկ) եւ է գմբեթաւոր եւբարձրադիր։ 1893ի երկրաշարժէն գմբէթը ծանրապէս վնասուելով՝ քակուեցաւ ու պարզ ձեղունով մըծածկուեցաւ մինչեւ 6-7 տարի։ Յետոյ 1905-7ին, Գէորգ Վարդապետ Ասլանեան վերաշինել տուաւգմբէթը ցրդիի փայտէ։ Բայց եկեղեցւոյ մէջը դեռ ծեփուած եւ յատակը չէ տախտակամածուած։ Աւագխորանն ու քովի խորաններու տակինները օժտուած են գեղակերտ եւ ոսկեզօծ խաչկալներով եւսքանչելի բեմով մը»։

Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան մասին, կան քանի մը ենթադրութիւններ. Ըստ Ալպոյաճեանի 1878ինսկսած եւ 1893ին լրացած է շինութիւնը։ Ըստ Փրոֆ. Մկրտիչ Որբերեանի հիմնուած է 1870-ին (*) եւ1900-ին տակաւին կիսատ տեսքով կը ներկայանայ։ Ըստ Խաչատուր Վրդ. Տէր Ղազարեանի (**), եկեղեցին հիմնուած է 1897ին։ Եկեղեցւոյ շինութեան ճարտարապետը յոյն էր։

Եկեղեցւոյ մասին կը կարդանք հետեւեալ յիշատակարանը, ըստ որում յայտնի կը դառնայ, թէ՝շրջանի մերազն ժողովուրդը իր քսակէն կը խնայէ, որպէսզի Ամենասուրբ Երրորդութեան անուանընծայուած քարաշէն տաճարը բարձրանայ թաղին մէջ։

«Տաճար տէրունի եւ յարկ սրբութեան,

Եւ տուն աղօթից փառաբանութեան,

Կառուցեալ յանուն Ս. Երրորդութեան,

Արդեամբ Մելիտինոյ ազգիս Արամեան,

Օն եկայք սիրով որդիք Հայկազնեան,

Երգել աստ զփառս երրեակ Միութեան»։ 

1880ին – ՌՅԻԸին։

Ալպոյաճեան նաեւ կը պատկերացնէ եկեղեցւոյ հիմնարկութեան առաջին հանգրուանները, որոնքՏոքթ. Մ. Քէշիշեանի գրիչով հետաքրքրական մանրամասնութիւններով կը ներկայանան եւ յայտնիկը դառնայ, թէ՝ մերազն ժողովուրդը որքան գերիվեր ջանք թափած է, որպէսզի ծանրակշիռքարերով բարձրանայ այս գեղակերտ տաճարը։ 

«Սոյն եկեղեցւոյ հիմնարկութենէն մինչ գմբէթի բարձրացումը մեր ընդհանուր երկսեռ ժողովուրդըինչ Ֆիզիքական յոգնութեան եւ նիւթական զոհողութեան ենթակայ եղաւ, հիմունքը լեցնելու եւապահով ընդելու համար պէտք եղած 3-4 մեթր երկայն եւ առնուազն 1-1,5 մեթր խոր թանձր քարերքաղաքէն երեք քառորդ ժամ հեռու Չամազանկ կոչուած քարահանքէն, սայլերու վրայ դրած 25-50 հոգի չուաններով քաշելով կը բերէին, եւ ամբողջ հսկայ եկեղեցւոյ սոսկ տաշուած քարերը, կառուցումը մեր քարակոփ եւ բանուոր դասակարգի թափած հերոսական եւ անձնազոհ ջանքերուարդեամբ գլուխ ելաւ»։

Կարապետ Քհնյ. Պէննէեան տակաւին 1912ին կը գրէ հետեւեալը, որով յայտնի կը դառնայ, թէ՝եկեղեցին կարօտն ունէր նորոգութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ նիւթականապէս անհնարին էրնման ձեռնարկ մը կատարելապէս կեանքի կոչել. «Ս. Երրդորութիւն եկեղեցւոյն շինութեան լրացումը, սակայն, դեռ տարիներու կը կարօտի, որեւէ կալուածք ու եկամուտ չունենալուն համար։ Իրշրջափակին մէջ ունի շատ անշուք յարկ մը, ուր կը պառկին քահանան ու ժամկոչը։ Այսու ամենայնիւՄալաթիոյ արդի Հայը իր կեանքը սոյն եկեղեցւոյն կը պարտի»։

Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիին գմբէթին մէկ մասին միայն շինութիւնը կը կատարուէր 1912ին, վասնզիկործանած էր 1893ի երկրաշարժէն եւ յաջորդող տարիներուն դէպքերուն պատճառաւ մնացած էրկիսաւարտ։ Տասը տարի ետք, 1905ին, ժողովուրդը դարձեալ ձեռնարկած է շինութեան եւ աւարտած՝գմբէթ մը։

Ըստ Կարապետ Քահանայի,1895ի դէպքերուն 5000-6000 հոգիներ հոս ապաստանած են եւ այս ամուրսրբավայրը այս պատճառաւ կ՚անուանէին «Նոյեան Տապան», իսկ տեղացի ժողովուրդը«ԹԱՇՔԻԼԻՍԷ» եւ կամ «ԹԱՇՀՈՐԱՆ»։ Իսկ, 1900-ին եկեղեցին ունէր երկու քահանաներ, որոնցգործունէութիւնը Մկրտիչ Ս. Որբերեանի կողմէ կը բաղդատուի քաղաքի միւս եկեղեցիներուքահանաներուն հետ եւ խստիւ կը քննադատուի։

Մօտապէս հարիւր տարի անգործածելի մնացած տաճարը, ակամայ լռելէ յետոյ, ահա այսշաբաթավերջ վերստին պիտի խօսի պատմութեան, նոր դիմագիծով եւ նոր պատգամներով։ 2013ինսկսած վերանորոգման աշխատութիւնները աւարտած ըլլալով, որպէս մշակութային հնութիւն պիտիներկայանայ շրջանէ ներս, յատկապէս նշանաւոր դառնալով՝ իր նորակերտ գմբէթով։ Ինչպէս, երբառաջին շինութեան ժամանակ թաղի հաւատացեալներ իրենց ներդրումը բերած էին եկեղեցւոյ, այսանգամ եւս գլխաւորութեամբ Մալաթիա ՀԱՅՏԷՐ-ի, ուխտաւորներ եւս իրենց նիւթական եւբարոյական աջակցութիւնը կը բերեն եկեղեցւոյ։ Բայց, հարկաւ, թէ՝ անուրանալի է պատկանմարմիններուն եւս բարեացակամ կեցուածքը եւ նիւթական աջակցութիւնը, որով յաջողապէս իրաւարտին հասաւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին – Թաշհորան Մշակութային Կեդրոնը։ 

Այժմ հասած է վերաբացման ժամանակը, իսկ տաճարի կառուցուածքին մասինմանրամասնութիւնները, յիշատակարանները, արարողակարգը, Պատրիարքական Պատգամը, Ս. Պատարագը, Մալաթիացի մերազն ժողովուրդի եւ տեղացի մեր դրացիներուն առօրեան եւբազմաթիւ պատմական տուեալները կը թողունք յաջորդ օրերուն։

Մալաթիոյ Քաղաքի, Եշիլեուրթ Թաղի Չավուշօղլու թաղամասին մէջ բարձրանալի այս հոգեւորմշակութային արժէքը թո՛ղ օրհնաբեր ըլլայ, թէ՛ շրջանին եւ թէ՛ բոլոր բարերարներուն համար։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Վարիչ՝ Տեղեկատուական Բաժանմունքի

27 Օգոստոս 2021

—————–

(*) «Բիւրակն», 1900, թ.6, ԺԸ Տարի, 15 Փետրուար, էջ՝ 87։

(**) 1900-1903ի միջեւ եղած է Մալաթիոյ Առաջնորդական Տեղապահը եւ Պոլսոյ ՄաղաքիաՊատրիարք Օրմանեանի հրամանաւ կը պատրաստէ Մալաթիոյ Վիճակին մասին տեղեկագիր մը։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın