İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վաստակաշատ Դաշնակցականի Յուշերը

ԱՂԱՍԻ ԱԶԻԶԵԱՆ

Հայաստանի վերանկախացումից յետոյ մեր կարեւորագոյն ձեռքբերումներից է յատկապէս մեր ազգային գործիչների թոռների կամ թոռնուհիների նախաձեռնութիւնները, ովքեր մէկը միւսի ետեւից հանրութեան սեփականութիւնն են դարձնում իրենց նախնիների յուշագրութիւնները` այսպիսով լոյս սփռելով հայ ժողովրդի եւ ի մասնաւորի ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան կարեւոր դրուագներ բացայայտելով:

Վերջերս, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչութիւնը լոյս է ընծայել Գուրգէն Սարգսեանի «Իմ յուշերը (1914-1921)» հատորը հայերէն բնագրով եւ անգլերէն թարգմանութեամբ, մեկենասութեամբ հեղինակի թոռան` տէր եւ տիկին Վիկտոր եւ Ստեֆանի Սարգսեանների:

Մամուլն արդէն անդրադարձել է գրքի ներկայացմանը, որը տեղի է ունեցել 2021 թ. յունիսի 13-ին, Ֆիլատելֆիայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցու սրահում` թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ:

Ներկայացումը կատարել է առաջնորդարանի դիւանապետ` դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը, որ հատորի խմբագիրն ու թարգմանիչն է:

Գիրքը մեզ ծանօթ չէ, բայց մեզ ծանօթ է Գուրգէն Սարգսեանի մասին Սարգիս Սարունու գրած յիշողութիւնները յատկապէս նրա աքսորական կեանքի  մասին: Հատորը, ինչպէս վերը նշուեց, ներառում է 1914-1921 թուականների ժամանակաշրջանը, առ այդ օգտակար համարեցինք ընթերցողի ուշադրութեանը ներկայացնել Սարգիս Սարունու յօդուածը, որը լոյս է տեսել Պոսթընում հրատարակուող «Հայրենիք» օրաթերթի 10 եւ 11 մայիսի 1972 թ. համարներում:

Գրութեանս կցուած նկարը նոյնպէս լոյս է տեսել  «Հայրենիք»-ի 10 մայիսի համարում:

Գուրգէն Սարգիսեան

(Կենսագրական Համառօտ Ծանօթութիւններ Եւ Յիշողութիւններ)

Ծ. Խ.- Ապրիլի 23-ին [1972 թ.], Ֆիլատելֆիոյ մէջ խաղաղօրէն շիջեցաւ հայ եւ դաշնակցական մարդու դասական տիպարներէն ԸՆԿ. ԳՈՒՐԳԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- փոթորկոտ ու տառապալից օրերու մէջ պողպատացած, սակաւախօս այլ հաւատակուռ ու գործօն, անբիծ նկարագիրով եւ բարի, բարի՜ հոգիով վաստակաշատ ընկեր մը, որ կ՛աշխատակցէր նաեւ «Հայրենիք»-ին` ռուսերէնէ թարգմանութիւններով եւ Վէմ ստորագրութեամբ:

Իր կեանքին մասին ստորեւ հրատարակուող կենսագրական գիծերը` իր մտերիմ ու ճակատագրակից ընկերներէն Սարգիս Սարունիի կողմէ, ընդհանուր գաղափար մը կու տան Մարդուն մասին, զոր կորսնցուցինք:

Սիպիրեան աքսորականներ (1955-ին)
Ա. շարք` նստած, ձախէն աջ.- Զաւէն Սարունի (ծանօթ` «Զաւէն Քաջ» կոչումով: Մեռած` աքսորէ դարձին): Գուրգէն Սարգիսեան, մեր ողբացեալ ընկերը, որուն մասին կու տանք Ս. Սարունիի յօդուածը:
Միւսները, երեքն ալ հայաստանաբնակ (Ն. Յ., Զ. Ն., Ե. Ս.):

Ողբացեալ Գուրգէն Սարգիսեան ծնած էր Կարս, 1898-ին:

Ծննդավայրին մէջ ստանալէ յետոյ նախնական ուսումը, աշակերտած էր Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին, որուն շրջանը աւարտելէ ետք պաշտօնավարած էր Կարսի Մազրա գիւղի ազգային վարժարանին մէջ, երբ հազիւ 20 տարեկան էր:

Հայ-թրքական պատերազմի օրերուն (1920) կռուած էր հանգուցեալ Յովհ. քհնյ. Հաճեանի կողքին եւ ի վերջոյ նահանջած` բանակին հետ, հարկադրաբար: 1921 փետրուար 18-ի համաժողովրդական պոռթկումին, այլ ուսանողներու հետ, գործօն մասնակցութիւն բերած էր զանազան ճակատներու վրայ մղուող կռիւներուն, յաճախ ղեկավար դիրքերու վրայ:

Ռուսական համայնավար մեծազանգուած բանակին ճնշումին հետեւանքով, երբ բազմահազար հայեր եւ ժողովրդական բանակը կը լքեն Հայաստանի գլխաւոր շրջանները ու կը գաղթեն Զանգեզուր (ուր շնորհիւ Գարեգին Նժդեհի, թէեւ փոքրաթիւ, բայց քաջարի բանակին համայնավարները չէին յաջողած ոտք դնել եւ զայն յանձնել ազրպէյճանցիներուն), Գուրգէն եւս կը միանայ նահանջող կռուողներուն եւ Զանգեզուրի վրայով կը յաջողի անցնիլ պարսկական սահման:

Հոդ, Պարսկաստանի մէջ, կը կազմուի թատերախումբ մը, հետագային ծանօթ դերասան ընկեր Մանուէլ Մարութեանի ղեկավարութեամբ: ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ ուսանողներէ կազմուած այս թատերախումբին անդամներէն մէկն ալ ողբացեալ Գուրգէն Սարգիսեանը կ՛ըլլայ: Այս թատերախումբը, իրերայաջորդ թատերական ներկայացումներ տալով Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ յետոյ Պալքաններուն մէջ, կը հասնի Փրակա, ուր բացուած էր ռուսական համալսարան մը, չեխ համալսարանին իբրեւ մէկ թեւը: ՀՅ  Դաշնակցութեան միջամտութեամբ, կարելի կ՛ըլլայ քանի մը տասնեակ դաշնակցական ուսանողներ եւս արձանագրել այս համալսարանը` չեխ կառավարութեան կրթաթոշակով: Գուրգէն մէկն էր այդ ուսանողներէն:

Փրակայի համալսարանին մէջ 1923-1928 շրջանին կատարելագործելով ուսուցչական իր մասնագիտութիւնը, իբրեւ տնօրէն Քիշնեւի հայկական նախակրթարանին, քանի մը տարիներ պաշտօնավարելէ ետք կը հրաւիրուի Պուքրէշ եւ մինչեւ 1944 օգոստոսի 23 բազմահարիւր աշակերտներ կը դաստիարակէ, իբրեւ պատասխանատու ուսուցիչ, տեղւոյն Միսաքեան վարժարանի համընթաց հայ երկրորդ նախակրթարանին:

1944 օգոստոսի 23-ին Կարմիր բանակը կը գրաւէ Պուքրէշը, տեղւոյն հնչակեան-ռամկավար եւ համայնավար ափ մը թափթփուքները, որոնք տարինե՜ր շարունակ երազած էին տիրանալ Ազգային իշխանութեանց` ազատ ընտրական պայքարներու միջոցով եւ միշտ պարտութեան ենթարկուած` հակառակ իրենց կազմած եռակողմանի համաձայնութեան («Ազգային ճակատ» անունին տակ), կը բռնագրաւեն թաղականութիւնն ու վարժարանի հոգաբարձութիւնը, ինչպէս նաեւ «Րաֆֆի» մշակութային միութեան ակումբն ու գոյքերը:

Կարմիր բանակի քաղաքական բաժնին ապաւինած սմսեղուկ այս թափթփուքներուն առաջին գործը կ՛ըլլայ ազգային վարժարաններէն հեռացնել բոլոր վաստակաւոր ուսուցիչները, ինչպէս ընկեր Գէորգ Ղազարեան` Գէորգեան ճեմարանի նախկին ուսուցիչը, Ս. Սրենց` համալսարանաւարտ եւ տասնեակ տարիներու ուսուցչական անցեալով հմուտ դաստիարակ, Սկիւտարի ճեմարանի բազմամեայ տնօրէն Յովհ. Պապիկեան, Գէորգեան ճեմարանէն ու Փրակայի համալսարանի մանկավարժական դասընթացքէն շրջանաւարտ եւ երկու տասնեակ տարիներու ուսուցչական փորձառութիւն ունեցող Գուրգէն Սարգիսեան եւ ուրիշներ: Վաստակաւոր այս ուսուցիչներուն տեղ` պաշտօնի կը կոչեն անձեր, որոնք մէկ կամ միւս առիթով յանդգնած էին հայհոյանք մը արձակել Դաշնակցութեան հասցէին, հոգ չէ՜ թէ հեռաւոր կապ անգամ ունեցած չըլլային ուսուցչութեան հետ:

Չբաւականանալով «հերոսական» այս արարքով, կը ցուցակագրեն եւ գրաւման Կարմիր բանակի քաղաքական բաժնին կը յանձնեն անունները Ռումանիոյ դաշնակցական ղեկավար ընկերներու, առանց իրենցմէ պահանջուած ըլլալուն, անուանարկելով զանոնք իբրեւ «գործակիցներ» գերմաններուն` քաջ գիտնալով հանդերձ, որ իրենց մատնանշած դաշնակցական ընկերները բացարձակապէս կապ չէին ունեցած գերմանացիներուն հետ: Մարտնչական այս ստապատիր ցուցմունքին իբրեւ հետեւանք, 1944 դեկտեմբեր 28-ի գիշերը կատարուեցան առաջին ձերբակալութիւնները` Պուքրէշէն եւ Գոնսթանցայէն: Կարմիր բանակի զինեալ գործակալները ձերբակալուած դաշնակցական ընկերները փոխադրեցին իրենց գրասենեակի գետնայարկի մառանախուցերը, որոնք ժամանակաւորապէս վերածուած էին բանտի: Այս առաջին ձերբակալուածներէն մէկն ալ Գուրգէն Սարգիսեանն էր:

1944 դեկտեմբեր 28-ի գիշերուան առաջին եւ 1945 ապրիլին ձերբակալուածներս` փոխադրեցին Մոսկուա, որպէսզի ի՜բր թէ կարենան խոստովանութիւններ կորզել մեզմէ, «գերմաններուն հետ գործակցած ըլլալու» մեր անգոյ արարքներուն շուրջ:

Գուրգէն Սարգիսեան, Մոսկուայի Չեկայի բանտերուն մէջ ցմրուր քամելէ ետք բոլոր տեսակի տանջանքները, քաղաքական բանտարկեալներուն վերապահուած, առանց դատ-դատաստանի, Ասօ կոչուած վարչական  մարմնին որոշումով եւ տասը տարուան տեւողութեամբ տարապարհակ աշխատանքի եւ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Յետոյ իր անգոյ մեղքերը քաւելու համար կը ղրկուի Թրանսսիպիրեան երկաթուղային կայաններէն Մարինսկ կեդրոնացման ճամբարը, որ կը գտնուէր մօտ 300 քիլոմեթր դէպի արեւելք` Նովօ-Սիպիրսկ կեդրոնական քաղաքէն:

1946 նոյեմբեր 16-ին, անակնկալօրէն, ողբացեալ մեր ընկերը` Գուրգէնը կը փոխադրեն Երեւան, ընկերակցութեամբ Յ. Ճ. Սիրունիի, որ այդ օրերուն նոյնպէս կը գտնուէր Մարինսկ:

Կարճ ժամանակ մը միայն զինք կը պահեն Երեւանի բանտին մէջ, ապա կը վերադարձնեն դարձեալ Սիպերիոյ Մարինսկ կեդրոնացման ճամբարը, այս անգամ առանձին, առանց Յ. Ճ. Սիրունիի:

Կը ցաւիմ, որ Երեւանի բանտին մէջ անցուցած իր շատ շահեկան օրերուն մասին չփորձեց գրել, հակառակ իմ խնդրանքներուս, քանի որ կարճ կամ երկար ժամանակով Սիպերիայէն Երեւան տարուած եւ արդէն իսկ իրենց պատժի ժամկէտը ստացած վերապրողներէն ո՛չ մէկուն յուշագրութենէն կարելի է յստակ գաղափար կազմել, թէ ինչո՛ւ զիրենք Երեւան տարին եւ յետոյ դարձեալ Սիպերիա վերադարձուցին: Իր նամակներէն միոյն մէջ միայն կը գրէր ինծի` թէ այդ մասին պիտի գրէ, կարդալէ յետոյ ընկերներ Սօսեաց Տղուն եւ Արմէն Սեւանի յուշագրութիւնները: Գուրգէն, թէեւ ստացաւ ինձմէ այդ երկու գիրքերը, սակայն յաջորդաբար զինք զգետնող սրտի տագնապները պատճառ եղան, որ գրիչ ձեռք չառնէ, իր յուշերուն գէթ Երեւանի հետ կապ ունեցող բաժինը գրելու: 1971 օգոստոս 23 թուակիր նամակով` ուղղուած ինծի, կը գրէր.

– «Քո ենթադրած իմ «ֆենոմենալ» յիշողութենէն բան չի մնացել կայուն:

Ես շատ ուրախ պիտի լինէի, եթէ քո յուշերը լոյս տեսնէին: Ինչպէս երեւում է «Ակոբ Օվանէսովիչը» իր մի քանի տարիները անց է կացրել «հանգստեան տանը»: (Իր ակնարկը յուշագիր ընկերներէն մէկու մասին էր):

Տաճատ Թերլէմէզեան – Գուրգէն Սարգիսեան

Ողբացեալ Գուրգէն Սարգիսեան Մարինսկ մնաց մինչեւ 1951 յունուար ամիսը, երբ Փերիայի հրամանով, Քեմերովսկա շրջանի համեմատաբար նուազ տանջալի «ուղղիչ լակըրներու» (Ի. Թէ. Էլ. լակըրներ) բոլոր քաղաքական բանտարկեալներս համախմբեցին Մարինսկ լակըր կայանը ուր կը գտնուէր Գուրգէն Սարգիսեան, որպէսզի բոլոր քաղաքական բանտարկեալները փոխադրեն «խստագոյն լակըրներ» (րեժիմի լակըր): Այդ առթիւ էր, որ հինգ տարի յետոյ, վերստին կը հանդիպէին իրարու, Պուքրէշի ընկերներէն Գուրգէն Սարգիսեան, Վարդան Առաքելեան, Գէորգ Քէստանեան եւ ես, իսկ Նժդեհի Պուլկարիոյ ցեղակրօններէն` Թագւոր Թագւորեանը:

Քանի մը օր միայն մեզ պահեցին Մարինսկ Լակըրի մէջ. ի վերջոյ, հազարաւոր քաղաքական բանտարկեալներս լեցուցին կամ լաւ է ըսել թխմեցին բեռնատար կամ արջառային փոխադրութեան յատուկ կառաշարի մը մէջ եւ քանի մը օրուան ճամբորդութենէ ետք արդէն հասած էինք Մարինսկէն մօտ 1000 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւելք գտնուող Թաղէթ կայարանի կից  լակըր կայանը: Սարունի եւ Սարգիսեան մականուններուն սկզբնատառերը ըլլալով «Ս» գիրը, ես ու Գուրգէնը ճամբորդեցինք միեւնոյն վակոնով, ուր թխմած էին 50 բանտարկեալներ:

Բարեբախտաբար, վերոյիշեալ բոլոր ընկերները միատեղ ղրկեցին Թաղէթ-Թրաթսկ երկաթգծի երկայնքին գտնուող լակըրները, կատուի ձագի պէս, փետրուար ամսուան եւ Սիպերիոյ սառնամանիքին մէջ, մեզ տանելով-բերելով Կրասնաեարսկի քրայի թիւ 28, 29, 20 եւ 07 լակըրները:

Քանի մը ամիս չանցած, 1951 ապրիլին, 020 լակըրին մէջ կորսնցուցինք մեր ընկերներէն Վարդան Առաքելեանը, որ արդէն հալ ու մաշ եղած էր լակըրային կեանքի անցնող հինգ տարիներու ընթացքին եւ կաշի ու ոսկոր միայն մնացած էր:

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս նոր լակըրին (020) մէջ եւս, բժշկական ձեւական քննութեան ենթարկեցին բոլոր եկողները: Թատերական բնոյթով մակերեսային քննութիւն մըն էր եղածը, քանի որ հազար անձ կը քննուէր… երկու ժամուան մէջ: Քննող բժիշկները մեծ մասով իրենք ալ բանտարկեալներ էին, բայց, քննութեան ընթացքին, միշտ ներկայ կ՛ըլլար համապատասխան լակըրի երրորդ բաժանմունքի պետը, որ Չեկային հաշուետու ներկայացուցիչն էր: Ձեւական այս քննութեամբ, այդ նոր լակըրը բերուած բանտարկեալներու աշխատանքի քանակական չափը կը ճշդուէր: Բանտարկեալներ շահագործելու դիտումով կատարուած այս քննութենէն ետք, գործի կը ղրկէին, հաւասար պարտադրանքով, բոլոր բանտարկեալները, թէեւ սննդաբախշման ժամանակ, անկար (էնվալիտ) կամ «չափաւոր աշխատանքի ատակ» (րապոչի էնվալիտ) բանուորին աւելի… քիչ սնունդ կու տային` քան լրիւ չափով աշխատանք կատարելու հարկադրուած, առաջին դասակարգի բանտարկեալներուն:

Իբրեւ հետեւանք բժշկական այս քննութեան, զիս եւ ողբացեալ ընկ. Վարդան Առաքելեանը դրին լրիւ էնվալիտներուն մէջ, ընկերներ Գուրգէն Սարգիսեանը եւ Գէորգ Քեստանեանը` «չափաւոր աշխատանքի» (րապոչի էնվալիտ) շարքին, իսկ ցեղակրօն Թագւոր Թագւորեանը` առաջին դասակարգին մէջ:

Զիս լրիւ էնվալիտ նշանակած էին` սիրտս տկար գտնելով: Այս նշանակումը, սակայն, արգելք չեղաւ, որ զիս ալ տասը տարի աշխատանքի լծէին, առաջին եւ երկրորդ կարգի աշխատաւորներուն համար միայն պարտադիր ծանր աշխատանքներուն, տեւաբար:

Բնութիւնը, սակայն, իր զաւեշտախաղերն ունի:

Ես որ էնվալիտ դասուած էի, եւ սակայն պարտադիր աշխատանքներու լծուած, տեւաբար եւ սկսած լակըրէն (1953) մինչեւ այսօր` եօթն անգամ սրտի տագնապներ ունեցայ եւ հիւանդանոցներ փոխադրուեցայ, սակայն Նախախնամութիւնը կարծես թէ ուզեց պատժել զիս, որպէսզի… դեռ ապրիմ եւ ինծի վիճակուի սգալ մահը սիպերիական տանջանքներու բախտակից դաշնակցական ընկերներուս, որոնցմէ ահա վերջինը` ողբացեալ Գուրգէն Սարգիսեան, որուն մահուան կսկծալի լուրը կը հաղորդուէր ինծի 1972 ապրիլի 23-ին:

Անագորոյն, անգութ պարտականութիւն…:

* * *

1951-ի վերջերը, 020 լակըրէն ողբացեալ Գուրգէնը փոխադրեցին 07 լակըրը. Գէորգ Քեստանեանը` 08, ցեղակրօն Թագւոր Թագւորեանը` 09 ծանր աշխատանքի լակըրները, որով` ես մնացի 020 լակըրը, որ ի՜բր թէ «ինվալիտ»-ներու յատկացուած էր եւ ուր, սակայն, երկաթուղային գիծերու երկաթները զետեղելու ծանր աշխատանքը կը կատարուէր: Հոս, այս լակըրին մէջ էր նաեւ այդ շրջանին (1951-1952) «Լենինեան ուղի» անունով հայաստանեան տեսաբանական ամսագիրին այժմու պատասխանատու խմբագիր Ատոյ Ատոյեանը:

1952-ի վերջերը զիս եւս կը փոխադրէին 07 լակըրը, ուր կը գտնուէր ողբացեալ Գուրգէն Սարգիսեան: Ինծի համար բարեդէպ այդ տեղափոխութեամբ, մենք միասին մնացինք Գուրգէնին հետ, մինչեւ իր ազատումը, 1954 սեպտ. 21, երբ Գուրգէն պէտք է ղրկուէր «ազատ աքսորի» (Վոլնիէ Վիսիլքա):

Համաձայն պարտադրուած հրամանագիրին, իր ժամկէտը լրացնող բանտարկեալը իրաւունք չունէր տուն վերադառնալու. մինչեւ իր կեանքին վերջը պարտական էր ապրիլ Սիպերիոյ մէջ` իբրեւ «ազատ աքսորական»: Գուրգէնը խնդրած էր, որ զինք ղրկեն եղբօրս` Զաւէն Սարունիի մօտ, որ 1950 մայիսին լրացուցած ըլլալով իր ժամկէտը, պարտադրաբար կը բնակէր նոյն շրջանէն ո՛չ շատ հեռու` Ապան աւանը եւ պարտաւոր էր իր ապրուստը հոգալ փայտահատութեամբ: Գուրգէնի խնդրանքին ընթացք կը տրուի եւ զինք կը ղրկեն Ապան` եղբօրս մօտ: Ո՞վ պիտի չուզէր ըլլալ եղբօրս Զաւէնին մօտ, որ իր անվախութեամբ (անհրաժեշտ պայման` կարենալ պաշտպանուելու համար լակըրներէն ներս թէ համայնավար բռնաշխարհին մէջ) եւ անչափելի ընկերասիրութեամբ ու դառնութիւնները մոռցնել տուող զուարթախօսութիւններով, ամէնէն յուսահատ մարդուն անգամ կեանքը տանելի կը դարձնէր:

Գուրգէն Ապան մնաց մինչեւ 1956-ի ապրիլ ամիսը, երբ թոյլատրուեցաւ վերադառնալ տուն, իր սիրելիներուն մօտ, քանի որ, Փերիայի սատկելէն ետք համայնավար երկրի նոր իշխանաւորները, նոր վերահաստատած էին քաղաքական բանտարկեալներուն տուն կարենալ վերադառնալու իրաւունքը:

Գուրգէն Պուքրէշ մնաց իր զաւակներուն հետ, մինչեւ 1965 մարտ ամիսը, երբ արտօնուեցաւ իրեն ազատ աշխարհ մեկնիլ ընտանիքով: Պէյրութի գծով հասաւ հիւրընկալ այս ափերը եւ իր ընտանիքով հաստատուեցաւ Ֆիլատելֆիա: Իր առողջութիւնը քայքայուած էր արդէն` Սիպերիոյ մէջ անցուցած 11 տարիներու տաժանագին եւ տաժանակիր կեանքին պատճառով: Իրերայաջորդ սրտի տագնապներ բոլորովին քայքայած էին իր առողջութիւնը եւ 1972 ապրիլ 23-ի առաւօտեան, սրտի վերջին տագնապ մը մեզմէ առյաւէտ կը խլէր սիրելի Գուրգէնը, որ համակ բարութիւն էր եւ հաւատաւոր դաշնակցական:

Հողը թեթե՜ւ գայ վրադ, սիրելի՛ Գուրգէն: Դուն բախտը ունեցար գէթ գերեզման մը ունենալու, ուր հարազատներդ եւ դաշնակցական ընկերներդ պիտի կարենան գալ եւ յարգանքով խոնարհեցնել իրենց գլուխները շիրմիդ առջեւ, մինչդեռ Սիպերիոյ մէջ մահացած իմ եւ քու բախտակիցները, անգերեզման նետուեցան անյայտ լեռնալանջերուն վրայ եւ կեր եղան ագռաւներուն ու վայրի գազաններուն…

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ, սիրելի՛ Գուրգէն:

24 ապրիլ 1972
Լոս Անճելըս

https://www.aztagdaily.com/archives/516539

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın