Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը կը շարունակէ հրատապ կարեւորութիւն ներկայացնել։ Թէեւ երկար տարիներէ ի վեր այս հարցը օրակարգի առաջնահերթութիւն դարձած է, սակայն, ոչ միայն շօշափելի լուծում մը արձանագրել հնարաւոր չ՚ըլլար, այլ համապատասխան գործընթացը յարատեւ հարցականներով կ՚ուղղորդուի։ Երկարամեայ այս հարցին կապակցութեամբ, դժբախտաբար, ընդհանրապէս փոքրամասնական համայնքներէն ու մասնաւորապէս՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ալ համախոհութիւն մը չէ ստեղծուած։ Թէեւ սկզբունքօրէն բոլորը համամիտ են, որ ընտրութիւններ պէտք է կատարուին, սակայն, գործնական արդիւնքի հասնելու ճանապարհին մօտեցումները բոլորովին տարբեր են։ Այդ տարբերութիւնները շատ յաճախ հակասական կացութիւններ կը յառաջացնեն, իրերամերժ գործելաոճի պատճառ կը դառնան, ինչ որ հարցերը ա՛լ աւելի կը բարդացնէ։ Կարճ խօսքով, բառին բուն իմաստով, դարձ ի շրջանս իւր կացութիւն մը ստեղծուած է։
Անգարայէ հասած վերջին լուրերէն կարելի է հետեւցնել, որ տեսանելի ապագային դժուար թէ լուծում մը գտնուի ընտրութեան հարցին։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին, մեր համայնքէն կարգ մը իրաւաբաններ այս վաղեմի հարցին շուրջ դիմած էին դատական իշխանութիւններուն։ Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանը անցեալ տարեվերջին նպաստաւոր դատավճիռ մը արձակած էր, սակայն, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը անմիջապէս բողոքարկած էր։ Վերաքննիչ ատեանը ընդհանուր տնօրէնութեան այդ բողոքը ուսումնասիրելէ առաջ միջանկեալ վճիռ մը արձակած էր, որպէսզի մինչեւ իր կողմէ վերջնական որոշման տրուիլը հին ձեւով ընտրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ արգելք մը չըլլայ։ Այդ միջանկեալ դատավճիռով ջնջուած էին նաեւ վերջին տարիներուն փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու պարագային կատարուած վարչային նշանակումները, որոնց իրաւական հիմք ծառայած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած շրջաբերական մը։ Մինչեւ փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրութիւններուն համար նոր կանոնադրութեան մը պատրաստութիւնը՝ ընդհանուր տնօրէնութիւնը միջանկեալ լուծում մը համարած էր վարչական խորհուրդներու մէջ նշանակովի անդամներու ընդգրկումը, անշուշտ, իր վաւերացումով։
Այս իրադարձութիւնը համայնքէն ներս կարգ մը շրջանակներու մօտ լաւատես տրամադրութիւններ յառաջացուցած էր՝ այն աստիճան, որ Ղալաթիոյ, Գարակէօզեան Տան, Գալֆաեան Տան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնները պատկան մարմիններու մօտ դիմում մը կատարած էին յառաջիկայ հոկտեմբերի 3-ին ընտրութեան ձեռնարկելու թոյլտուութիւն պահանջելով։ Այդ նախաձեռնութիւնը միանշանակ չէր ընկալուած համայնքային շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, կարգ մը վարչայիններ կը դիտարկէին, որ բաւարար ազդանշաններ, ամուր ենթագետինի մը տուեալներ չկային՝ ընտրութեան հարցի լուծման շուրջ լաւատեսութեամբ տոգորուելու համար։ Նոյնիսկ, մեղադրանքներու եւ տարակարծութիւններու բարձրաձայնման ականատես դարձած էին համայնքային շրջանակները, ինչ որ, դժբախտաբար, վերջին շրջանին անպակաս է թրքահայ իրականութեան մօտ։ Դատական իշխանութիւններուն մօտ կատարուած դիմումներու հարցը նոյնիսկ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ոգեւորութեամբ ընկալուած էր, սակայն, այժմ՝ յաջորդ իսկ քայլափոխին արդէն դարձեալ Վերաքննիչ ատեանի վերջին վճիռը եկած է յոռետես մթնոլորտ մը ստեղծել։
Անգարայի Շրջանային վարչական ատեանի 10-րդ վարչական դատերու բաժանմունքը վերջին օրերուն տուած է իր որոշումը։ Այսպէս, նախապէս Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռը բեկանուած է։ Վերաքննիչ դատարանի որոշումով, ըստ որոշ մեկնաբանութիւններու, վերստին ի զօրու կը դառնայ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան այն շրջաբերականը, որու հիման վրայ նշանակովի անդամներ կրնան ընդգրկուիլ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու մատակարար մարմիններու կազմերուն։ Վերաքննիչ ատեանի վճռին մէջ կայ նաեւ ուրիշ ուշագրաւ հանգամանք մը։ Այսպէս, յարմար նկատուած է, որ գործի բնոյթին բերումով՝ այս հարցին վերաբերեալ դատավարութիւնները ընթանան Պետական խորհուրդին մօտ։ Այսինքն, դատական իշխանութիւնները ներկայիս սոյն հարցի վիճարկման, բողոքարկման համար այլ հասցէ մը ցոյց տուած են, ինչ որ կ՚ենթադրէ խնդրին եւս որոշ ժամանակով ձգուիլը։
Այս վերջին դատավճիռը լայն արձագանգ ստեղծած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Կը տեղեկանանք, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) առցանց աշխատանքային փակ հարթակէն ներս ալ բուռն քննարկումներու մթնոլորտ մը ստեղծուած է։ Շարք մը համայնքային վարիչներ քննադատած են վերոյիշեալ չորս խնամակալութիւններուն կողմէ աճապարանքով կատարուած նախաձեռնութիւնը եւ յայտնած են, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կանխատեսումները արդարացած են եւ այս հարցին շուրջ առանցքային պէտք է համարուին անոր մօտեցումները։
Համայնքային շրջանակները այս դատավճռի արձակման ժամկէտն ալ ուշագրաւ կը համարեն։ Արդարեւ, սա գործնականօրէն անուղղակի պատասխան մը կը համարուի 3 հոկտեմբեր 2021 թուականին ընտրութեան ձեռնարկելու նպատակով կատարուած դիմումին։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/25-06-2021-դարձ-ի-շրջանս-իւր
İlk yorum yapan siz olun