ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
Մոսկուայի դաշնագրին ստորագրութեան 100-ամեակին առիթով (16 Մարտ 1921) Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ համաձայնագիրը՝ «ճշդելով մեր երիտասարդ հանրապետութեան արեւելեան սահմանները Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, ծառայած է նաեւ իբրեւ համերաշխութեան եւ համագործակցութեան հիմք Ռուսիոյ Սովետական Դաշնակցային Ընկերվարական Հանրապետութեան հետ»՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրները կը շարունակեն երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը շրջանային հարցերու եւ փոխադարձ յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ: Տեղին է նշել, որ համաձայնագրի կնքման պահուն, ո՛չ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, ոչ ալ Խորհրդային Միութիւնը (ԽՍՀՄ) ստեղծուած չէին իբրեւ քաղաքական ճանչցուած միաւորներ:
Իր կարգին, Մոսկուայի դաշնագրի հարիւրամեակին անդրադառնալով, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովանշեց, որ «Թուրքիա եւ Ռուսիա կը շարունակեն երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը փոխադարձ եւ շրջանային յարաբերութիւններու մակարդակներու վրայ»՝ աւելցնելով. «մենք կը հաւատանք, որ համագործակցութեան այս հասկացողութիւնը (դրսեւորուած դաշնագրին մէջ) կը շարունակուի այնպէս, որ մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները նպաստեն շրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճումին»:
Նոյնպէս դաշնագրին հարիւրամեակին առիթով, Մոսկուայի պետական համալսարանի ասիական եւ ափրիկեան հարցերու ուսումնասիրութեան բաժանմունքի դասախօսներէն՝ փրոֆ. Մեհմեդ Փերինչէք յայտնեց, որ «Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, ինչպէս յայտարարած է Մուստաֆա Քեմալ Աթաթուրք, արեւմտեան կայսերապաշտ պետութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծեցին «կովկասեան պատը»: Աթաթուրքին համար, կովկասեան պատին վերացումը անհրաժեշտ էր «անկախութեան պատերազմին» յաջողութեան համար: Ուստի, 26 Ապրիլ 1920-ին, ան նամակ մը ուղարկեց Լենինին՝ առաջարկելով ոչնչացնել Հարաւային Կովկասի մէջ բրիտանացիներուն հետ համագործակցող կառավարութիւնները: Այսպիսով, թրքական եւ կարմիր բանակներու համագործակցութեամբ, Հարաւային Կովկասի մէջ կարելի դարձաւ վերացնել Դաշնակցական եւ Մենշեւիկ կառավարութիւնները: Այս համագործակցութիւնը առաջնորդեց Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման: Թուրքեւռուս այս համագործակցութեամբ կարելի դարձաւ թէ՛ իր լրումին հասցնել Թուրքիոյ «Անկախութեան պատերազմը», թէ ալ ձերբազատիլ բրիտանացիներու աջակցութիւնը վայելող կառավարութիւններէն, որոնք սպառնալիք կը հանդիսանային Ռուսիոյ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան: Այս համագործակցութեան պատճառով ստորագրուեցաւ Մոսկուայի պայմանագիրը»:
Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները, իբրեւ կայսերական ու աշխարհակալ դրացի ուժեր, պատմականօրէն ունեցած են հակոտնեայ նկարագիր, որ 16-րդ դարէն մինչեւ 1921՝ Մոսկուայի դաշնագիրը, պատճառ դարձած է աւելի քան տասը պատերազմի: Ճիշդ է, որ վախնալով Խորհրդային Միութեան սպառնալիքէն, Թուրքիա 1952-ին անդամակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի, սակայն պաղ պատերազմի աւարտէն ետք, այդ սպառնալիքը մեղմացաւ՝ առիթ ստեղծելով Մոսկուայի հետ աւելի գործնապաշտ յարաբերութիւններու: 2001-ին, երկու երկիրները ստորագրեցին համագործակցութեան համաձայնագիր մը՝ մրցակցելու փոխարէն համատեղ աշխատելու մտադրութեամբ: 2004-ին, Վլատիմիր Պութին դարձաւ ռուս առաջին նախագահը, որ Թուրքիա կ’այցելէ: Երկու երկիրներու գործակցութիւնը կը զարգանայ եւ 2011-ին, Թուրքիա կը դառնայ Ռուսիոյ առեւտուրի երկրորդ մեծագոյն գործընկերը տարեկան $30 միլիառ տոլարով (արտածում՝ $6 միլիառ, ներածում՝ $24 միլիառ), իսկ երկկողմանի առեւտուրի հիմնական կէտը կը հանդիսանայ ուժանիւթը (ներածումներու 70% համեմատութիւնը, $21 միլիառ):
Համագործակցութեան այս մթնոլորտը ցնցումի կ’ենթարկուի 2015-ին, երբ սուրիական սահմանին վրայ Թուրքիա վար կ’առնէ ռուսական զինուորական օդանաւ մը: Իսկ մէկ տարի ետք, Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին սպանութիւնը կը նկատուի երկու երկիրներուն միջեւ պատերազմի բռնկումի շարժառիթ մը, սակայն զարմանալիօրէն, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները այդ վատ վիճակէն միանգամայն կը դառնան աւելի սիրալիր:
Մինչ Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները, լաւ թէ վատ, կ’ընթանան հաստատութենական միջոցներով, Ռուսիոյ հետ անոր կապերը ամբողջովին հիմնուած են անձնական կապերու վրայ: Կ’ըսուի, որ նախագահ Պութին ինք նախազգուշացուցած է Էրտողանը 2016-ի պետական հարուածի փորձին մասին, եւ առաջինը ինք շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահը՝ երբ յեղաշրջման փորձը ձախողութեան մատնուած է: Այդ օրէն ի վեր, աշխարհի առաջնորդներու շարքին, երկու նախագահները ամէնէն աւելի գլուխ գլխի հանդիպումներ ունեցած են:
Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ բոլոր ճիգերը, մանաւանդ ներկայիս, կը մնան ապարդիւն: Սակայն, օրինակի համար, փոխանակ իր աչքերը դէպի Չինաստան դարձնելու եւ աշխարհաքաղաքական իր դիրքը օգտագործելով Մետաքսի նոր ճամբու նախաձեռնութեան ընձեռած կաելիութիւններէն առաւելագոյնս օգտուելու, եւ միաժամանակ իր կապերը աշխուժացնելու Կեդրոնական Ասիոյ թրքական ժողովուրդներուն հետ, այժմ Ռուսիան է, որ առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ համար, եւ՝ փոխադարձաբար: Այս մէկը լաւագոյնս կ’արտայայտուի ռուսական S-400 հակօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելու որոշումով:Այս քայլով, Թուրքիա ոչ միայն կը զրկուի ամերիկեան F-35 պատերազմական օդանաւերէն, այլեւ, որ աւելի կարեւոր է, ան համարձակօրէն դուրս կու գայ իր արեւմտամէտ քաղաքականութենէն՝ յօգուտ Ռուսիոյ:
Զարմանալիօրէն, երկու երկիրներու փոխադարձ շահերը եւ տնտեսական կապերը չեն միակ վճռորոշ ազդակները, այլ անոնց աճող արտաքին քաղաքական յաւակնութիւնները կը նպաստեն հասարակաց լեզու գտնելու, թէեւ այն վայրերուն մէջ, ուր երկու կողմերը հակասական նպատակներ ունին, անոնք կը յանգին բախումներու, ինչպէս՝ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, բայց ոչ, օրինակ, մեր 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին: Ընդունելով այս հակասութիւնը, 2020 Հոկտեմբերին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով կը նշէ, որ «թէեւ Թուրքիա երբեք Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցը չէ եղած, սակայն ան բարեկամ է, շատ մօտ գործընկեր, եւ բազմաթիւ մարզերու մէջ, այս համագործակցութիւնը ռազմավարական բնոյթ ունի է»:
Տաք ջուրեր (Միջերկրական ծով) իջնելու Մոսկուայի քաղաքականութիւնը ծանօթ է բոլորին: Այս առաջադրանքը կարելի չէ իրագործել առանց Թուրքիոյ հետ հաշտ յարաբերութեան: Այս առումով, բարացուցական է Ղարաբաղի 44-օրեայ պատերազմը: Մինչ մէկ կողմէ, Անգարա-Մոսկուա-Պաքու առանցքը հետամուտ կ’ըլլար այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան», անդին, պատերազմէն յետոյ, իբրեւ փոխադարձ քայլ Ռուսիոյ կողմէ, Նախիջեւանի միջանցքը բանալու որոշումը ճամբայ կու տար Թուրքիոյ հասնելու Կեդրոնական Ասիա: Նախիջեւանի միջանցքին բացումը նաեւ կարելի կրնայ ըլլալ թուրք-ռուսական համագործակցութեան միջոցով: Ըստ երեւոյթին, Ռուսիա շատ ալ դէմ չէ եւ նոյնիսկ համաձայն է Թրքական միւս հանրապետութիւններուն հետ Թուրքիոյ մերձեցման: Կ’ենթադրուի նաեւ, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա նախածրագրուած ձեւով վերջ տուին Մինսքի խումբի ղարաբաղեան նախաձեռնութեան:
Բացայայտ կը դառնայ, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա, Մոսկուայի դաշնագրին ոգիով, աւելի նախապատւութիւն կու տան իրենց աշխարհաքաղաքական շահերուն, քան միջազգայնօրէն ճանչուած սկզբունքներուն, ինչպէս՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին, մարդկային իրաւունքներուն, քաղաքական բազմակարծութեան եւ խաղաղ միջոցներով տագնապներու լուծման ընտրանքին:
Yorumlar kapatıldı.