İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Այլընտրանք. Նոր Մտածողութեամբ Օժտուած Երիտասարդութեան Մը Հրամայականը

ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ

Կասկածէ վեր է որ ընկերութեան մը, ազգի մը կամ որեւէ խմբաւորումի մը ողնայարը կը հանդիսանայ երիտասարդ տարրը, որ կա՛մ մղիչ ուժը կը հանդիսանայ փոփոխութեան, կա՛մ պատճառ կը դառնայ ընկերային-քաղաքական անդամալուծութեան ու նաեւ՝ փտածութեան յամեցումին: Ճիշդ է նաեւ որ ընկերութեան մը բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը, առանց սեռային, տարիքային թէ դասակարգային տարբերութեան, ունին իրենց դերակատարութիւնը ընկերային շարժումներու կամ անշարժութեան մէջ, սակայն երիտասարդութիւնը կը մնայ հիմնաքարը ընկերային ամէն տեսակի փոփոխութեան:

Թէ ինչու երիտասարդութեան վերապահուած է աոանցքային այս յատկութիւնը, անիկա ունի բազմաթիւ պատճառներ սկսելով բնախօսականէն մինչեւ հոգեբանական տուեալներ, որոնց մատնանշումը կամ վերլուծումը դուրս կը մնայ այս գրութեան նպատակէն։

Եթէ ընկերութիւն մը առողջ է, անպայման ունի երիտասարդութիւն մը, որ զայն կ՝առաջնորդէ դէպի առաջ՝ յառաջդիմութեան, ընկերային դրական փոփոխութիւններու եւ քաղաքական ու տնտեսական նուաճումներու ուղղութեամբ։ Այս ճամբուն վրայ, միջոցները հաւանաբար առաջնորդեն նաեւ ծայրայեղ տարազներու, բայց ընկերային փոփոխութիւնները միշտ չէ, որ կը պայմանաւորեն բիրտ ուժը, որ կ՛առընչուի բոլոր միջոցներու սպառումին:

Երբ ընկերութիւն մը կը պարզէ հիւանդագին վիճակ մը, ինչպէս է պարագան այսօր հայ իրականութեան, էական պատճառներէն մէկը պէտք է փնտռել երիտասարդութեան դրսեւորած հոգեմտաւոր իրականութեան մէջ։ Չմոռնանք որ երիտասարդութիւնը ինքնըստինքեան գոյութիւն չէ, նոյնիսկ եթէ բնախօսական տուեալները այդ մէկը կ՛ենթադրեն։ Երիտասարդութիւնը նաեւ դաստիարակութիւն է, ժառանգութիւն է: Երիտասարդութեան ըմբոստ, առկայ պայմանները մերժելու, միշտ փոփոխութիւններու հակամէտ նկարագիրը կրնայ ճիշդ հակառակ արդիւնքը տալ եթէ չուղղուի, չդաստիարակուի։ Դաստիարակութեան բացակայութիւնը կրնայ յանգիլ նաեւ երիտասարդութեան ծերացումին։ Այս օրերուն ընթացիկ երեւոյթ է տեսնել ժողովուրդներ, որոնք ունին երիտասարդ տարրեր, բայց չունին երիտասարդութիւն:

Պահպանողական, իշխանատենչ եւ շահամէտ ղեկավարութիւնը, պետական թէ կուսակցութիւններու մակարդակին վրայ, դէմ է դաստիարակուած եւ տեսլապաշտ երիտասարդութեան, որովհետեւնման երիտասարդութեան մը գոյութիւնը ենթահողը կը պատրաստէ փոփոխութիւններու, յառաջդիմութեան, հաշուետուական համակարգի յառաջացաման եւ յեղաշրջումներու, որոնք բնականօրէն կը հակադրուին իշխանամոլական խաւարամտութեան եւ աւատապետական մաֆիականութեան:

Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ հայ երիտասարդութիւնը պահպանողականութիւն-փոփոխութիւն յարաբերութեան մէջ:

Բնականօրէն, հայ երիտասարդը եւս ենթակայ է իր միջավայրի ազդեցութեան, որ իր անմիջական դրոշմը կը դնէ անոր աոօրեային վրայ: Հայ երիտասարդութիւնը այսօր նոյնը չէ՝ ինչ որ էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Մայիսեան անկախութեան օրերուն, 20-րդ դարու 50-ական, 60-ական, 70-ական թուականներուն կամ 80-ական թուականներու վերջաւորութեան ու 90-ական թուականներուն, երկրորդ անկախութեան եւ Արցախի ազատագրութեան օրերուն, եւ հիմա…պարտութենէն ետք ստեղծուած ա՛յս օրերուն:

Քաղաքական կամ ընկերային հոլովոյթներու հետ բնականօրէն փոխուած է հայ երիտասարդութեան դիմագիծը. այդպէս է, կը փոխուի։ Անշուշտ կան սկզբունքային առաջադրանքներ, որոնք չեն կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ, ինչպէս հայապահպանումը, հողահաւաքը եւ հայահաւաքը, սակայն յիշեալ աոաջադրանքներուն հետապնդման եղանակը ունի յարափոփոխ դիմագիծ, որ յաճախ չի ներդաշնակուիր ներքին եւ արտաքին պայմաններոն հետ, այն իմաստով որ չի կանխեր կամ չի չէզոքացներ ճնշող ազդակները կամ նոյնիսկ չի ցուցաբերեր խաղին օրէնքները օգտագործելու արթնութիւն եւ ճկունութիւն:

Արցախեան զինադադարէն ետք, 1994-ին, Հայաստանի նորաստեղծ պահպանողական խաւի իշխանատենչ խաղերը եկան կլանելու նաեւ հայ երիտասարդութիւնը, որ մեծ տոկոսով սկսաւ լողալ նոյն իշխանատենչութեան եւ նիւթապաշտութեան ճահիճին մէջ ու սկսաւ բռնել այլասերման ճամբան: Սփիւռքը շատոնց մխրճուած էր այդ տիղմին մէջ: Իսկ 44օրեայ պատերազմէն ետք, շուարումը, քաղաքական անհեռատեսութիւնն ու այլանդակութիւնը՝ մանաւադ ինչ կը վերաբերի քաղաքանութիւնը հայհոյանքի հետ շփոթելու կացութեան, լուրջ հարցականներ կը ստեղծեն երիտասարդութեան պատրաստուածութեան մասին՝ քաղաքաբարոյական եւ գաղափարախօսական պատրաստուածութեան ու լրջութեան առումով: Նշմարելի է նաեւ գոյութիւնը այլ հոսանքի մը, որ կը պահուըտի գաղափարին ետեւ, իր արարքները կ՝արդարացնէ գաղափարով, բայց այս կեղծիքին ետեւ հիմնականօրէն առկայ է անձնիշխանութիւնը՝ իր աւատապետական ու մաֆիական ստորոգելիներով։ Այս հոսանքը նոյնքան այլասերող եւ ապաքաղաքականացնող իրավիճակ մը ստեղծած է, որովհետեւ կ՝արտադրէ տիպարներ, որոնք գաղափարականութիւնը աղարտելու կողքին, կը վարակեն ժխտողականութիւն եւ վանողականութիւն։

Այս բոլորին մէջ կայ սակայն գաղափարական առողջ երիտասարդութիւն մը, որ կը պայքարի պահելու համար իր առհաւական դիմագիծը։ Այս երիտասարդները, սակայն, ներկայ իրավիճակին մէջ կը ներկայացնեն փոքրամասնութիւն մը եւ իրապաշտ ըլլալու համար, առայժմ չունին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մեր կեանքը բարեփոխելու տուեալներ, որովհետեւ դէմ յանդիման կը գտնուին անպատասխան հարցադրումներսւ. ինչպէ՞ս կենսաւորել տեսլապաշտութիւնը իշխանատենչական անբարոյութեան այս մթնոլորտին մէջ. տեսլապաշտութիւնը վերածել միջոցի թէ նպատակի։ Եթէ միջոց է, ինչպէ՞ս պայքարիլ հակառակ հոսանքի ահարկու զէնքերուն դիմաց։ Եթէ նպատակ է, այլ խօսքով, վախճանական նպատակի ճամբուն վրայ արդեօք պէտք է սորվի՞լ խաղին օրէնքները եւ պահպանողական ու փտած հոսանքին զէնքերով պայքարի ՞լ նոյնինքն պահպանողականութեան ու փտածութեան դէմ:

Այս հարցումները հայ երիտասարդութիւնը, սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, դէմ յանդիման կր դնեն հրամայականի մը, զոր կ՝ուզենք բնորոշել նոր մտածողութիւն դարձուածքով. մտածողութիւն մը, որ ունի գիտական հիմք եւ լաւագոյնս կը պատշաճի ներազգային եւ միջազգային իրավիճակներուն։ Հինին կառչելու յամառութիւնը, իբրեւ հարազատութեան արտայայտութիւն, կ՛առաջնորդէ կեթոյականութեան եւ բնականօրէն՝ ձախողութեան։ իսկ նոր մտածողութիւնը պէտք չէ ունենայ երազային կամ ցնորատեսական հիմք, այլ պէտք է բխի առարկայական իրականութիւններէ։ Պէտք է փոխենք մեր մտածելու ձեւը, ոչ թէ խորքը։ Մեր մտածելաձելը պէտք է յարմարի 21-րդ դարու արհեստագիտական արագընթաց նուաճումներու հոլովոյթին, ինչու չէ տեսնելու, տուեալներ հաւաքելու, վերլուծելու եւ եզրակացնելու համակարգչային եղանակին: Վերջ ի վերջոյ, պայքարը, շարժումը գիտութիւններն են, իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բազմաթիւ երեսներով։

Ազգային-մշակութային մեր ժառանգութիւնը, մեր արմատներէն եկած աւիշը մեզի կրնայ շնորհել հաւատք, սակայն չի կրնար մեզի տրամադրել պայքարի գիտական միջոցները։ Պէտք է յամառօրէն կառչինք մեր մշակութային ժառանգութեան եւ անշեղօրէն պահենք մեր ազգային աւանդութիւնները, սակայն ասոնցմէ դուրս չենք կրնար չտեսնել հրամայականը՝ մտածելու նոր եղանակի մը, արդի մտածողութեան մը։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ արձանագրուած թերութիւնները չենք կրնար սրբագրել ինքնանպատակ քննադատութիւններով կամ ճաոեով, բայց մանաւանդ…բամբասանքներով ու հայհոյանքներով:

Չենք կրնար չփնտռել ազդու զէնքեր, չենք կրնար չտեսնել մեր հաւաքական կեանքին փտտումը, չճանչնալ մեր թերութիւնները եւ ըստ այնմ չհակազդել: Հակազդելու համար պէտք է ունենալ առողջ միտք, նոր մտածողութիւն, որ ծնունդն է միջազգային եւ ներազգային իրավիճակներու առարկայական ծանօթութեան: Մեր դատը թաղելու եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Արցախի դէմ լարուող դաւերուն դիմաց՝ չենք կրնար մեր վճռականութիւնը չստանալ մեր երիտասարդութենէն, գիտակի՛ց երիտասարդութեան այլընտրանքէն:

Պայքարը անցելապաշտութիւն չէ, գիտութիւն է։ Այս օրերուն գիտակցութիւնը սերտօրէն կ՝առընչուի գիտութեան: Հաւատքը միշտ դերակատար է, բայց առանց գիտութեան անբաւարար։ Գիտութիւնը պէտք չէ շփոթել ուսման հետ։ Այս պարագային, գիտութիւնը ծանօթութիւն է, առարկայական ծանօթութիւնն է շրջապատի պայմաններուն, խաղին օրէնքներուն։ Գիտութիւնը ապագան գնահատող տեսիլք է, ցնորատեսութիւն չէ։ Գիտութիւնը ծրագրում է։

Կ՝արժէ լրջօրէն մտածել այս մասին։ Տարակուսանքը եւ հարցադրումները կը նկատուին սկիզբը գիտական մտածողութեան։ Պայման է որ տարակուսինք մեր ներկայ իրավիճակով եւ հարցադրումներ կատարենք մեր ապագային նկատմամբ։

Ժամանակն է առողջ քննադատութիւնը նստեցնելու իր բարձր պատուանդանին վրայ եւ պահպանողական պոռոտախօսութիւնները դատապարտելու քաջութեամր եւ անզիջողութեամր։

Եւ սկսինք ապագան տեսնել նոր մտածողութեամբ սնած գիտակի՛ց երիտասարդութեան այլընտրանին մէջ:


https://www.civilnet.am/news/600748/%d5%a1%d5%b5%d5%ac%d5%a8%d5%b6%d5%bf%d6%80%d5%a1%d5%b6%d6%84-%d5%b6%d5%b8%d6%80-%d5%b4%d5%bf%d5%a1%d5%ae%d5%b8%d5%b2%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%a5%d5%a1%d5%b4%d5%a2-%d6%85%d5%aa%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%a1%d5%ae-%d5%a5%d6%80%d5%ab%d5%bf%d5%a1%d5%bd%d5%a1%d6%80%d5%a4%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%a5%d5%a1%d5%b6-%d5%b4%d5%a8-%d5%b0%d6%80%d5%a1%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6%d5%a8/

Yorumlar kapatıldı.