İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայրենի Հինգ Մարմնամարզիկներ Կը Մասնակցին Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Զուիցերիական Պալ քաղաքին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլին սկսաւ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:

Այս ախոյեանութեան Հայաստանի հինգ ներկայացուցիչներն են Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Գագիկ Խաչիկեան եւ Արմէն Պետրոսեան:

Նշուեցաւ, որ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան, Էլֆիկ Նազարեանի հետ պիտի ըլլայ իրաւարարներու կազմին մէջ:

Խումբը Պալի մէջ պիտի գլխաւորէ մարզիչ Հայկ Նազարեան:

Նշենք, որ Հայաստանէն ցարդ ողիմպիական խաղերու իր տոմսը ապահոված է միայն Արթուր Դաւթեան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.