İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ին, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքաղաքական եւ բարոյա-հոգեբանական վիճակին առնչուող հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ յետպատերազմական շրջանին Արցախի Հանրապետութեան մէջ համազգային ճիգերով վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ համահայկական ծրագիրներու ընթացքին ու արդիւնքներուն:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.