ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Սերունդներու դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ օրինակելի տիպարները միշտ ալ իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են:
Անցնող քառասուն տարիներուն մեր ազգային, եկեղեցական, միութենական, կուսակցական, քաղաքական, ընկերային եւ բարեսիրական բնագաւառներուն մէջ առանձին-առանձին եւ բոլորը միասին իր յատուկ դերակատարութիւնը ունեցած է Ցոլակ Թիւթէլեան:
Երեւութապէս մեղմ եւ լսող, սակայն խորքով սկզբունքային եւ անզիջող դաշնակցական տիպարը իր դրոշմը ձգած է աշխատանքի ամէն բնագաւառի մէջ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ, Ազգային առաջնորդարանի Երեսփոխանական ժողովի նախագահ կամ Ազգային վարչութեան քարտուղար, Ազունիէի խնամակալութեան ատենապետ թէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ… Ամէն տեղ իր ինքնուրոյն ճշդապահութեամբ, խստապահանջութեամբ, մարդկային, ընկերային եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ իր ներդրումը ունեցած է ընկեր Ցոլակ:
Դժբախտաբար, իր ամէնէն սիրած եւ պաշտած գաղութին ամէնէն դժուար օրերուն մեզմէ առյաւէտ կը հեռանայ ան:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի ընկեր Ցոլակին նման աշխատանքէ եւ մարտահրաւէրներէ չվախցող ղեկավարներու պէտք ունինք:
Շատ սպառնալիքներ ստացած էր ընկեր Ցոլակ` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին վարձկաններէ, օտար սպասարկութիւններէն, սակայն օր մը չէր թերացած իր պարտականութիւններէն: Ո՛չ գաղթած էր, ո՛չ դասալիք եղած, ո՛չ ալ պատմած էր այդ մասին, որպէսզի իր շրջապատը չմտահոգուի, ոչ ալ սարսափի մատնուած էր:
Հանդարտաբարոյ իր պահուածքով հասած է թէ՛ ընտանիքին, եւ թէ իր մեծ ընտանիքին` Դաշնակցութեան բոլոր կարիքներուն:
Ընկեր Ցոլակ մեր գաղութի պատմութիւն կերտողներու երկար ցանկին վերջին մոհիկան էր:
Շարքին` Հրաչ Տասնապետեաններու, Սարգիս Զէյթլեաններու, Բաբգէն Փափազեաններու, Ոսկեբերան Արզումանեաններու, Գէորգ Գանտահարեաններու, Աբրահամ Աշճեաններու, Զաքարիա Մկրեաններու, Յակոբ Աշճեաններու, Անտրէ Թապուրեաններու եւ բոլոր այն ղեկավարներուն, որոնք, հակառակ Լիբանանի եւ հայութեան ճակատագրական օրերուն, կրցան նաւը խաղաղ ափ հասցնել:
Թող Ցոլակ Թիւթէլեանի անձնական եւ անանձնական նուիրումը օրինակ ըլլայ, որպէսզի կարենանք` այսօրուան մարտահրաւէրներն ալ շրջանցելով, այս ալեկոծ ծովէն լիբանանահայութեան նաւը խաղաղ ափ հասցնել:
Yorumlar kapatıldı.