23-25 մարտ 2021-ին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ Ընդհանուր համաժողովին ծրագրաւորման յանձնախումբը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ շարունակելու համար 31 օգոստոսէն 8 սեպտեմբեր 2022-ին Գերմանիոյ Քարլզրու քաղաքին մէջ նախատեսուած ԵՀԽ Ընդհանուր համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները: Սոյն ժողովին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան:
Ծրագրաւորման յանձնախումբը որդեգրեց «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կ՛առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն եւ միութիւն» թեման եւ 2018-ին Կեդրոնական վարչութեան կողմէ վաւերացուած հիմնական օրակարգը: Եռօրեայ ժողովի ընթացքին յանձնախումբը արծարծեց համաժողովին օրակարգի հարցերը, որոնք առաջարկուած, մանրամասնուած եւ քննուած էին ԵՀԽ-ի աշխատակազմին կողմէն: Օրակարգը կ՛ընդգրկէամէնօրեայ աղօթասացութիւն, թեմական նիստեր, խմբական աշխատանքներ, միջեկեղեցական զրոյցներ եւ «Պրիւննըն» աշխատանոցներ: Հիւրընկալ եկեղեցին
Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցին, առաջարկեց «Պրիւննըն» աշխատանոցի կերպը (պրիւննըն գերմաներէն ջրհոր կը նշանակէ)` որպէս թեմային կապուած մտածումներու արտայայտութեան ապահով եւ բաց տարածք:
Յանձնախումբը դիտել տուաւ նաեւ, որ «Քորոնա» համաճարակն ու ապագայի ազդեցութիւնները շատ հաւանաբար իրենց գերակշիռ տեղը պիտի ունենան Ընդհանուր համաժողովին:
Խօսելով միջեկեղեցական զրոյցներուն մասին փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան ընդգծեց, որ երիտասարդներու կարծիքներուն ու մտահոգութիւններուն առաջնահերթութիւն պէտք է տրուի համաժողովի յանձնարարութիւններուն մէջ. այս առաջարկին միացան ժողովականները միաձայնութեամբ:
Yorumlar kapatıldı.