Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը 16 ապրիլ թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը հաստատէ, որ Քանատայի Ալպերթա Նահանգի օրէնսդիր ժողովը վաւերացուցած է օրինագիծ մը, որով նահանգին խորհրդարանը միաձայնութեամբ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այլ ցեղասպանութիւններ, միաժամանակ, նահանգային կառավարութիւնը ապրիլ ամիսը յայտարարած է իբրեւ ցեղասպանութեանց յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս:
Թիւ 205-րդ օրինագիծը, զոր հովանաւորած էր Ալպերթայի Միացեալ պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխան Փիթըր Սինքհը, ընդունուեցաւ 22 մարտ 2021-ին կայացած նահանգային խորհրդարանի նիստին երրորդ ընթերցումէն ետք եւ 26 մարտին ստացաւ վերջնական վաւերացում` ըստ օրէնսդրութեան:
Օրէնքի նախագիծը, որ կը կոչուի «Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամսուան մասին օրինագիծ», կը խրախուսէ Ալպերթայի կառավարութիւնը ցեղասպանութեան պատճառները կանխելու եւ անոնց դէմ պայքարի ռազմավարութիւններ մշակելու:
Օրինագիծը յատուկ կ՛ընդգծէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ուքրանական սովասպանութիւնը, հրէական ողջակիզումը, Ռուանտայի թութսի փոքրամասնութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը, Սրեպրենիցայի սպանդը, ինչպէս նաեւ եզիտիներու եւ ռոհինգիաներու ցեղասպանութիւնները:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ գոհ է թիւ 205 օրինագիծին ընդունումով եւ իր խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ալպերթա նահանգի վարչապետ Ճէյսըն Քենիին, երեսփոխան Փիթըր Սինքհին եւ Ալպերթայի խորհրդարանի բոլոր երեսփոխաններուն` իրենց սկզբունքային դիրքորոշման եւ ճշմարտութեան ու արդարութեան հանդէպ իրենց անսասան նուիրուածութեան համար:
Yorumlar kapatıldı.