ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Յանկարծական էին քառասունվեց տարի առաջ քաղաքացիական (դուրսէն դրդուած) պատերազմն ու անոր առթած սարսափը: Անմիջապէս յաջորդեցինաւերուածութիւն, պանդխտութիւն, չքաւորութիւն: Իսկ հիմա
ամենապարզ կեանք մը իսկ ապրելու անկարելիութիւն: Արաբին կողքին, հայ ժողովուրդն ալ, որ ապրած է տասնամեակներու վրայ երկարող այս հիւծումը, թէ՛ յուսալքուած է, երբ լուծուած հարցերը դարձեալ ու դարձեալ կը խրին անորոշին մէջ, եւ թէ՛ անուժ. առօրեան հազիւ հազ կը քաշքշէ:
Անել թուացող կացութիւն մը, ստեղծուածայն իշխանութեան կողմէ, որ կոչուած է ղեկավարելու, կարգի դնելու երկիրը: Դրամէն սկսած
ամէն բանի պակասի՛ն ներկայութիւնը կայ միայն: Յեղափոխութիւնը խորտակել ու սլանալ կը պահանջէ. պայքա՛ր է մինչեւ յաղթանակ: Ապրուստի կարելիութիւն մնա՞ց, երբ մարդոց անձնական խնայողութիւնն իսկ կը զլացուի իրենց, իսկ շուկայի գիները բազմապատկուած են: Ուժ մնա՞ց: Իտէալ մնա՞ց: Երիտասարդութիւն մնա՞ց: Առօրեան ապրելու հնհնո՛ւքը մնաց:
Տեւական օգնութիւն ստանալը կը տկարացնէ ինքնավստահութեան մկանները, վերականգնումի երազը. ձգտում բառը չեմ գործածեր, ա՛յդ ալ հոգեկան ուժ կ՛ուզէ: «Փա՛ռք Աստուծոյ, այսօր առանց յաւելեալ փորձանքի արթնցանք» կ՛ըսեն ծնողները, եւ կը պատրաստուին դիմակալելու օրուան թաւալքը` երէկուան, առջի օրուան զրկանքներուն առընթեր: Հոգածութեան յարատեւ կարիք ունեցող երեխաներ կան, ծերեր կան, անկարողներ, հիւանդներ կան, գործազուրկեր կան:
Շփոթահար ու անդադար հարուածուող ժողովուրդին վրայ ձգելու չէ ըմբոստութեան արարքի անկարելիութիւնը: Ինչի՞ դէմ. քարը ճահիճի մէջ է, բայց տեղէն չի շարժիր: Ժողովուրդին հոգին յօժար է, բայց մարմինը` տկար: Բարեգործական կազմակերպութիւնները անկարելին իսկ կ՛ընեն, բայց մե՜ծ է փոսը: Երանի միահամուռ ջանքերով կարենայ զօրանալ ու արժանապատիւ կեանք մը ունենալ Լիբանանի մէջ տառապող մեր համայնքը:
Արժանապատիւ կեանք` ծայրագոյն մղձաւանջի մէջ թակարդուած հայ ժողովուրդին, ամէնուրե՛ք:
Yorumlar kapatıldı.