İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ամօթալի Պատմութիւն` Վիրաւոր Հայ Զինուորի Մը Մասին, Որ Անտեսուած Է Ու Զրկուած` Բժշկական Օգնութենէ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Կարդացի սրտաճմլիկ պատմութիւնը հայ զինուորի մը, որ վիրաւորուած է արցախեան վերջին պատերազմին, սակայն, դժբախտաբար, բազմաթիւ անգամներ մերժած են զայն բուժել Հայաստանի մէջ: Ասիկա խայտառակութի՛ւն է: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ամէն միջոց տրամադրէ, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը վտանգած երիտասարդները կարենան իրենց վէրքերը բուժել` առանց դիւանակալական (bureaucratic) քաշքշուքներու եւ կոպիտ մերժումներու:

2020-ի արցախեան պատերազմին վիրաւորուած զինուորական ծառայող Սիմոն Յովհաննիսեան 3 ապրիլ 2021-ին բաց նամակ մը գրեց «Հետք» հետաքննական թերթին` նկարագրելով, թէ ինչպէ՛ս բժշկական բազմաթիւ հիմնարկներ երես թեքած են իրեն, երբ բուժում ստանալու խնդրանքով դիմած էր անոնց: Դժբախտաբար Յովհաննիսեանի մղձաւանջային պատմութիւնը եզակի օրինակ մը չէ: Կան բազմաթիւ այլ վիրաւոր զինուորներ, որոնք բուժուելու ընթացքին կը բախին նման աններելի կացութիւններու:

Յովհաննիսեան կը գրէ, որ 3 հոկտեմբեր 2020-ին գացած է Երեւանի զինուորական մատակարարութիւն եւ կամաւորագրուած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: 25 հոկտեմբերին ստանալով համապատասխան հրաման` տեղափոխուած է Արցախի Մարտակերտի զօրամաս եւ 27 հոկտեմբերէն մինչեւ 18 նոյեմբեր ծառայած է առաջին գիծի վրայ:

10 նոյեմբերին, հրադադարէն վայրկեաններ առաջ, ան վիրաւորուած է հիթիռի մը հարուածէն: Յաջորդող ութ օրերուն փորձած է կապուիլ զինուորական պաշտօնեաներու հետիր եւ միւս զինուորներուն համար բժշկական օգնութիւն ստանալու խնդրանքով: Բախելով անտարբերութեան ան փորձած է ինքնակամ երթալ գունդ: Ճամբան հանդիպած է բուժական ծառայութեան մեքենայի մը եւ համոզած է անոր վարորդը, որ զինք եւ երկու ուրիշներ փոխադրէ բժշկական հաստատութիւն, որպէսզի անհրաժեշտ օգնութիւնը ստանան: Անոնք ղրկուած են Դրմբոն գիւղի հիւանդանոցը, ուր ըսուած է իրեն, թէ ճմլուածք ստացած է: Սակայն, քանի որ իրեն համար այլեւս բան մը չէին կրնար ընել հիւանդանոցին մէջ, առաջարկած են իրեն երթալ Երեւան:

Յովհաննիսեան վերջապէս հասած է Երեւանգրպանէն վճարելով 45 հազար դրամ: Ան գտած է Երեւանի զօրամասը, ներկայացուցած է փաստաթուղթերը եւ օգնութիւն խնդրած հիւանդանոց ընդունուելու համար: Զօրամասէն իրեն ըսած են. «Դուք այլեւս մեզ մօտ արձանագրութիւն չունիք, մեր գործը չէ՛, դիմեցէք զինուորական մատակարարութիւն»: Զինուորական մատակարարութիւնը իր հերթին նշած է. «Դուք այլեւս ծառայութեան մէջ չէք, պէտք է դիմէք քաղաքացիական դարմանատուն»:

Իսկ դարմանատան մէջ ըսած են. «Մենք չունինք ձեզի պիտանի մասնագէտ: Ամիս մը ետք արձակուրդէն կը վերադառնայ ԼՈՌ բժիշկը (քիթ-կոկորդ-ականջի մասնագէտ), եկէք, թող քննէ ձեզ: Մենք չենք գիտեր, թէ ձեզ ո՛ւր պէտք է ուղարկենք բուժուելու համար»: Զինուորական կոմիտէութենէն ալ դարձեալ կը թելադրուի իրեն. «Տղա՛յ ջան, արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛ըսեմ, որ անունդ մեր ցանկերուն վրայ չկայ, դիմէ՛ քաղաքացիական հիւանդանոց»:

«Դուք պէտք ունիք քանի մը մասնագէտի: Եթէ պետական պատուէր կ՛ուզէք, ապա գիտցած եղէք, որ այդ պարագային պէտք է հիւանդանոցէն թուղթ բերէք, թէ դուք մասնակցած էք պատերազմին, ապա միայն մենք կը սպասարկենք», կ՛ըլլայ «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին պատասխանը:

«Գիտէ՛ք, չէ՞, որ ձեր զինուորական կոմիտէութեան հաստատագիրը հին է, գացէ՛ք, նորը առէ՛ք, որ ձեր ուզած թուղթը տանք», կը յայտնեն «Քանազ» հիւանդանոցէն:

Զինուորական կոմիտէութենէն կը թելադրեն. «Երկու օրէն եկէք, վերցուցէք այդ փաստաթուղթը»:

Երբ ան կը վերադառնայ հիւանդանոց, իրեն կ՛ըսեն. «Գիտէ՞ք, որ արդէն վերջացած է ձեր ծառայութիւնը: Հետեւաբար մենք թուղթ չենք կրնար տալ ձեզի, ոչ ալ մեր միջոցներով կրնանք ստուգել ձեր իրավիճակը»:

Այս քաշքշուքներէն յոգնած` վիրաւոր զինուորը կ՛որոշէ դիմել «Նայիրի» սեփական բժշկական կեդրոն: Քննութենէն կը պարզուի, որ ան ունի ճմլուածք, լսողութեան կորուստ եւ ուղեղի ցնցում: Ան կը վճարէ դեղորայքի եւ քննութեան համար, ապա միայն երեւան կու գայ, որ կան քանի մը պետական ծրագիրներ, որոնց շնորհիւ ան կրնար անվճար դեղեր եւ բժշկական օգնութիւն ստանալ: Անոր նաեւ կ՛ըսուի, որ կրնայ դիմում կատարել զինուորական հաշմանդամութեան համար:

Առ այդ, հայրենիքի պաշտպան զինուորը կը դիմէ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն, որ իր կարգին անմիջապէս կը մերժէ վիրաւոր զինուորին դիմումը: Պատասխանը կ՛ըլլայ. «Դուք չկաք պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած ցանկին մէջ»: Այնուհետեւ ան կը հեռաձայնէ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնբացատրելով իր հարցը: Կը թելադրեն հեռաձայնել այլ թիւի մը: Երկու օր հրատապ գիծով որեւէ պատասխան չստանալէ ետք, անոր կու տան երրորդ թիւ մը, որով ան ամբողջ օր մը կը փորձէ խօսիլ մէկու մը հետ: Վերջապէս, երեկոյեան մէկը կը պատասխանէ եւ կոշտ ոճով կ՛ըսէ. «Ինչո՞ւ կը հեռաձայնէք ինծի: Ես նման գործերով չեմ զբաղիր»:

Վիրաւոր զինուորը կը ստիպուի դարձեալ կապուիլ հրատապ գիծին: Կը պատասխանեն այսպէս. «Գիտէ՞ք, թերեւս պէտք է կապուիք պաշտպանութեան նախարարութիւն»: Հոն ալ ոչ ոք կը պատասխանէ: Այս անգամ ան կը հեռաձայնէ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաբժշկական վարչութիւն: Դարձեա՛լ ոչ մէկ պատասխան: Ելեկտրոնային նամակ կը յղէ. դարձեալ քար լռութիւն:

Ճարահատվիրաւոր զինուորը դարձեալ կը փորձէ զինուորական կոմիտէութեան թիւը: Կ՛ըսեն. «Եղբա՛յր, մինչեւ օրս Արցախէն թուղթերդ անգամ չեն հասած մեզի, թէ ո՞ւր էիր, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ…»: Զինուորը վերստին ծայրէն կը պատմէ իր ամբողջ պատմութիւնը: Միւս կողմէն կը պատասխանեն. «Դե՛հ, կը հարցնենք` քեզի կը հեռաձայնենք»: Անոնք, սակայն, երբեք չեն հեռաձայներ…

Ծանր դրութեան մատնուած վիրաւոր զինուորը կրկին կը կապուի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաբժշկական վարչութեան հետ, ուրկէ կը լսէ. «Տուէք մեզի հիւանդանոցին բժշկական արժեւորումը ձեր իրավիճակին մասին, որպէսզի մենք աւելցնենք ձեր անունը մեր ցանկին վրայ»: Անճրկածտղան կը պատասխանէ, որ չի կրնար տրամադրել այդ փաստաթուղթը, քանի որ հիւանդանոցը մերժած է զինք բուժել: Ապա կ՛ըսեն. «Գնա՛ զինուորական մատակարարութիւն»: Վերջին անգամ ըլլալով ան կրկին կը դիմէ նշեալ հասցէին եւ կը խնդրէ կոմիտէութեան օգնութիւնը: Պատասխանը կ՛ըլլայ. «Մեզի թուղթ չի հասնիր. բոլոր հարցումները անպատասխան կը մնան. եթէ հարցդ լուծել կ՛ուզես, գնա՛, հասի՛ր Մարտակերտ, ա՛ռ եւ բե՛ր»:

Այնուհետեւ, վիրաւոր զինուորը նամակ մը կը գրէ ՀՀ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանին` պատմելով իր ամբողջ պատմութիւնը: Հեռաձայնային երկու անհեթեթ զանգ կը ստանայ. «Բայց ինչո՞ւ դիմում գրած էք: Ի՞նչ է հարցը»: Ան ծայրէն կը պատմէ իր պատմութիւնը: Անոնք կ՛ըսեն. «Դե՛հ, գիտէք, բժշկական արժեւորում պէտք է…»: Տղան կ՛ըսէ, որ չունի, քանի որ չեն բուժած զինք հիւանդանոցին մէջ: Պատասխանը կ՛ըլլայ. «Կը հեռաձայնենք»… բայց երբե՛ք չեն հեռաձայներ:

Վիրաւոր զինուորը իր տխուր ու խճճուած պատմութիւնը կ՛աւարտէ հետեւեալ հզօր խօսքերով. «Հիմա ի՞նչ, վերջը ի՞նչ… Այդ ո՞ւր էք, պարոնա՛յք, արթնցէ՛ք, վեց ամիսէն աւելի անցած է, բայց ինծի պէս հազարներով տղաք կան տակաւին… Երբ գրասենեակ կը մտնես, ոտքը-ոտքին նետածսուրճ կը խմէք եւ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրումներ կ՛ընէք, թէ որքա՜ն հայրենասէր էք, եւ թէ«Ներեցէք մեզ, տղա՛ք, որ մեռաք մեզի համար»: Բայց այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ պատերազմի աւարտի օրէն իսկ կուրցաք եւ այլեւս մէկու մը ցաւը, ապրածը, դժուարութիւնը այլեւս «ձեր հոգը չէ»: Ինծի վիրաւորիս, կ՛առաջարկէք Մարտակերտ երթալ, որ թո՞ւղթ բերեմ… Հոգեբանական ու տարրական անվտանգութեան խնդիրներու հետ մէկտեղ, կը հարցնեմ ձեզի` արդեօք ձեր լկտիութեան մակարդակը չէ՞ք զգար… Նոյն ձեւո՞վ կը խօսիք կորսուած զինուորի ծնողքին, հարազատին, աւելի ծանր հաշմանդամութիւն ունեցող, բայց փաստաթուղթ չունեցող կամաւորին հետ… Լուծեցէ՛ք ոչ միայն իմ, այլեւ բոլորի՛ս հարցը: Անյապա՛ղ լուծեցէք… Հակառակ պարագային, մե՛նք պիտի ըլլանք ձեզ գրողին ծոցը ղրկողները. յոյս ունիմ, որ հանրութիւնն ալ համաձայն է մեզի հետ այս հարցով: Անմիջապէս լուծեցէ՛ք»:

Ասիկա խայտառակութի՛ւն է: Ես կը զարմանամ, որ ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ ներողութիւն խնդրած է վիրաւոր այս զինուորէն եւ իր նմաններէն, ո՛չ ալ փորձ ըրած է անմիջապէս կազմակերպելու այս տղոց բուժումը: Դժբախտաբար, երբ տեղի ունենայ յաջորդ պատերազմը, ոչ մէկ երիտասարդ պիտի փափաքի կամաւորագրուիլ կամ ծառայել բանակին մէջ: Անկախ կուսակցական-քաղաքական հարցերէ` այս վիրաւոր զինուորները մեր ազգին զաւակներն են եւ արժանի են առաւելագոյն հոգածութեան: Անոնք վճարեցին հայրենիքին հանդէպ իրենց պարտքը, եւ այժմ Հայաստանի կառավարութեան կարգն է առնուազն հոգատար վերաբերում ցոյց տալու այս տղոց:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.