İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Պատմական»
Կիրօ Գարավարդանեան Եւ Սերժ Մանուկեան
– Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը:

Ուրեմն մեր ծրագիրը կը կոչուի «Պատմական» եւ, ինչպէս որ անունը կը յուշէ, պատմութեան մասին նախագիծ մըն է, աւելի ճիշդհայոց պատմութեան մասին եօթը գծանկարային ժապաւէններու (animation film) շարք մը: Այս եօթը ժապաւէններուն ընդմէջէն հայոց պատմութեան մասին պիտի խօսինք ո՛չ թէ հիմնուելով ժամանակագրական տրամաբանութեան մը կամ դէպքերու շարունակականութեան վրայ, այլ աւելի լայն բնաբաններու շուրջ պիտի քննարկենք տարբեր նիւթեր, որոնք մեր պատմութեան մէջ որոշիչ դեր խաղացած են եւ տակաւին կը խաղան: Մենք բոլորս դպրոցներու մէջ կը սորվինք հայոց պատմութիւն մը, որ աւելի շատ կը յիշեցնէ դէպքերու իրար յաջորդող շարք մը, որ ընդհանրապէս զուրկ կը մնայ քննական մօտեցումներէն եւ անցեալի դէպքերը մեր ներկային կապելու փորձէն: Նաեւ պէտք է նշեմ, որ մեր նպատակը այս բոլորը հանրութեան հասանելի դարձնելն է եւ պատմութեան իւրացումը դուրս բերել դպրոցական դասագրքային ըմբռնումներէն զայն դարձնելով մատչելի եւ հաճելի: Կ՛ուզենք, որ այս ժապաւէնները դիտողները սորվին, ոգեւորուին եւ նաեւ քննական ձեւով մօտենան մեր պատմութեան եւ զարգացնեն իրենց վերլուծելու հմտութիւնը: Մեր հիմնական թիրախը երիտասարդութիւնն է, բայց այդ չի նշանակեր, որ աւելի մեծ տարիքով մարդիկը պիտի չհետաքրքրէ ծրագիրը: Կը կարծենք, թէ իւրաքանչիւր դիտող պիտի կարենայ իրեն յարմար տարր մը գտնել: Կը մտածենք նոյնիսկ աւելի ուշ մանուկներու եւ դպրոցական տարիքի աշակերտներու յարմար նիւթեր պատրաստել:

– Ինչի՞ հիման վրայ ընտրեցիք ձեր ներկայացնելիք եօթը նիւթերը:

Ինչպէս որ ըսինք, ծրագիրին անունը «Պատմական» է, որ կրնայ շատ ծաւալուն ըլլալ բնականաբար, եւ եթէ հայերէնով կը ներկայացնենք նիւթը, խօսքը հայկական պատմութեան մասին է, բայց եւ այնպէս անհնար է մեր պատկերացուցած ձեւաչափով եւ ունեցած հնարաւորութիւններով անդրադառնալ բազմադարեան մեր պատմութեան, ուրեմն պէտք էր սեղմէինք զայն եւ ընտրէինք մեծ վերնագիրներ, որոնց տակ կարելի էր ամփոփել մեր պատմութիւնը եւ կապել զայն մեր արդի վիճակին: Մեր ծրագիրի այս փուլին պիտի ներկայացնենք «Ծագումնաբանութիւն», «Դիւանագիտութիւն եւ յարաբերութիւններ», «Մշակոյթ», «Յայտնի անհատներ», «Սփիւռք», «Ընտանիք եւ լեզու» անունով եօթը հաղորդում` յուսալով, որ ապագային կարելիութիւնը ունենանք այս յղացքներէն իւրաքանչիւրը աւելի զարգացնելու եւ ծաւալելու եւ նոյնիսկ անդրադառնալու աւելի ժամանակակից խնդիրներու:

– Քիչ մը կը խօսի՞ս աշխատանքին ընթացքին մասին:

Աշխատանքը քանի մը տարբեր երեսներ ունի: Սերժը հաղորդումներուն բեմադրիչն է, բայց մինչեւ հոն հասնիլը կայ հսկայական նախապատրաստական աշխատանք մը, որուն համար կը դիմեմ տարբեր մասնագէտներու: Նիւթերու ընտրութենէն ետք սկսայ իւրաքանչիւր նիւթի համար փնտռել մարդիկ, որոնք արդէն ուսումնասիրած են տուեալ յղացքը եւ անոր պատկանող պատմական դէպքերը, կամ ալ տրամադիր են այս նիւթերուն շուրջ նոր հետազօտութիւններ ընելու: Կարեւոր է, որ բոլոր ուսումնասիրութիւնները ըլլան մասնագէտներու կողմէ, որպէսզի հաղորդումները վստահելիութիւն ներշնչեն: Ըսեմ, որ այս հաղորդումներուն համար ուսումնասիրութիւնները կ՛ըլլան պատմագիտութեան, քաղաքագիտութեան, մարդաբանութեան եւ ազգագրագիտութեան ոլորտներուն մէջ: Երբ իւրաքանչիւր հաղորդումին համար պէտք եղած ուսումնասիրութիւնները հաւաքուին, պիտի գրուի հաղորդումին բեմագիրը, խմբագրուի ընթերցուելիք գրութիւնը եւ պատրաստուին տեսողական բաժինի նիւթերը: Այս բոլորը ունենալէն ետք, պիտի անցնինք գծանկարներու պատրաստութեան:

– Քու կարծիքովդ, այս ծրագիրը մեր իրականութեան մէջ ի՞նչ բաց կը լրացնէ:

Առաջին հերթին` տեղեկատուականը: Դիւրին չէ, մանաւանդ արեւմտահայերէնով հայոց պատմութեան մասին լսատեսողական նիւթեր գտնել համացանցի վրայ: Միշտ այդ տպաւորութիւնը ունիմ, որ հայ ըլլալու եւ մնալու համար շատ ջանք պէտք է թափել, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, ուրեմն կը հաւատամ, որ արդի միջոցները կրնան օգնել ժամանակի սղութիւնը յաղթահարելու եւ աւելի անմիջական ձեւերով լուրջ նիւթերը հասանելի դարձնելու հանրութեան: Լեզուն տեսնելով, դիտելով, լսելով կարծես զայն մշակելու առիթ մը կը գոյանայ: Այս ծրագիրին կարեւոր նպատակներէն մէկն ալ մեր վերլուծելու հմտութիւնը զարգացնելն է: Ինչպէս որ արդէն ըսի, դպրոցներուն մէջ մենք պատմութեան կը մօտենանք որպէս դէպքերու շարան, առանց խորանալու անոնց պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մէջ, անոր համար ալ յաճախ կը յայտնուինք փակուղիներու եւ դիւանագիտական ձախողութիւններու առջեւ: Ծրագիրը նաեւ ունի իր գեղարուեստական երեսը, որ թարմութիւն պիտի հաղորդէ նման նիւթերու քննարկումին եւ նոր ձեւաչափ մը առաջարկէ:

– Որպէս երիտասարդ ստեղծագործողներ, ձեզի ի՞նչ կու տայ այս ծրագիրը:

Աշխարհի տարբեր պետութիւններ կամ ուժեր կը դիմեն տարբեր ձեւերու յառաջ մղելու համար իրենց ծրագիրները, եւ այսօր այդ բոլորը կ՛ըլլան արհեստագիտական միջոցներով: Մալթիմետիա կոչուածը այսօր հասանելի է բոլորին եւ ամէնէն ազդեցիկ միջոցն է պատգամներ փոխանցելու: Ուրեմն, երբ մեզի տրուած են այս հնարաւորութիւնները, անգիտութիւն կ՛ըլլայ անտեսել զանոնք եւ անընդհատ փորձել հին ու քարացած ձեւերով թարմութիւն փնտռել: Հայապահպանումի կամ գոյատեւումի խնդիրները կը հետապնդեն մեզ, այսօր աւելի քան երբեք եւ մենք որպէս երիտասարդ ստեղծագործողներ, չէինք կրնար ձեռնպահ մնալ եւ մեր կարելին չընել իրավիճակը բարելաւելու: Ուրեմն «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը մեզի հնարաւորութիւնը կու տայ մեր մասնագիտութիւններուն եւ հետաքրքրութիւններուն ընդմէջէն ազգային պարտականութեան մեր բաժինը բերելու:

«Պատմական»-ի առաջին դրուագը պիտի հրապարակուի ապրիլ 2021-ին:

————–

Ես Կիրօ Գարավարդանեանն եմՀամակարգչային գիտութեան մասնագէտ: Աւարտած եմ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը: Արհեստագիտական մարզին մէջ հետաքրքրութիւններս կ՛ընդգրկեն բջիջային եւ ցանցային արհեստագիտութիւն, արհեստական բանականութիւն (Artificial Intelligence), ենթադրեալ իրականութիւն (Virtual Reality), ռոպոթիքս (ինքնագործ մարդասարքութիւն), համակարգչային խաղեր եւ իրերացանց (Internet OF Things (IoT): Տարբեր մարզերու ենթահողով հարուստ գործակիցներով շրջապատուած ըլլալով հետաքրքրութիւններս կը շրջանցեն արհեստագիտութիւնը եւ կ՛ընդգրկեն այլազան ուղղութիւններ, ինչպէս` լսողատեսողական արուեստի, երաժշտութեան, գծապատկերային ձեւաւորումի (graphic design), տնտեսութեան, քաղաքականութեան, պատմութեան, հայկական ուսումնասիրութեանց եւ փիլիսոփայութեան մարզերը:

Ես Սերժ Մանուկեանն եմ` լսատեսողական մարզին մէջ ստեղծագործող: Ծնած եմ Լիբանան, 31 տարեկան եմ: Մեծցած եմ արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ եւ կանուխ տարիքէս սնուած եմ այդ մթնոլորտով: Կերպարուեստի ճիւղին մէջ Պսակաւոր արուեստից վկայականս ստացած եմ Լիբանանի պետական համալսարանէն: Աշխատանքս ներշնչուած է կեանքի տարբեր երեւոյթներէն:

2008-ին, «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի ծիրին մէջ մասնակցեցայ Ուիմ Ուենտըրզին հետ վարպետաց դասի մը, որ մեծապէս ազդեց ստեղծագործական մտքիս վրայ եւ պատանեկան տարիքէս երկհարթ գծանկարչութեան (animation) մասնագէտ դառնալու երազանքս կրկին արթնցաւ: Այս հանդիպումէն ետք ես առանձին, իմ ջանքերով, կը սորվիմ, կը փորձեմ եւ կը փորձարկեմ արուեստի այս մարզին մէջ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.