Ազրպէյճանը, խախտելով միջազգային իրաւունքի չափանիշները, կը շարունակէ Պաքուի բանտերուն մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձեր: Նշեալ հարցին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի գրասենեակներուն մօտ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են աշխարհի տարբեր քաղաքներու հայերն ու անոնց սատարող օտարերկրացիները:
Բողոքի լուռ նստացոյց կազմակերպուած է Երեւանի մէջ եւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին դիմաց. նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ ծրագրուած են նաեւ Թորոնթոյի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Հիուսթընի, Հռոմի, Համպուրկի եւ Մոսկուայի մէջ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեց զուիցերիաբնակ գործիչ, երաժշտութիւն արտադրող Անի Գասպարեանը, Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կազմակերպած բողոքի լուռ նստացոյցին մասնակից քանի մը տասնեակ մարդիկ բարձրացուցած են ցուցապաստառներ` կոչ ուղղելով ազատ արձակելու հայ գերիները:
Համայնքի քանի մը անդամներ ելոյթ ունեցած են` կոչ ուղղելով ՄԱԿ-ին եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններուն անտարբեր չմնալու եւ զբաղելու հայ գերիներու հարցով:
Yorumlar kapatıldı.